Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
2018-ի ֆութպոլի Մոնտիալը աւարտեցաւ Ֆրանսայի յաղթանակով: Եզրափակիչ խաղին ներկայ էին` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ Խրուաթիոյ նախագահ Քոլինտա Կրապար-Կիթարովիչը: Վերջինս բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց իր շատ անմիջական եւ հաղորդական վարմունքով, լայն ժպիտով եւ բարձր մարզական ոգիով: Եկէք` աւելի մօտէն ծանօթանանք այս կին անձնաւորութեան:
Քոլինտա Կրապար-Կիթարովիչը 50 տարեկան է: Ան 2015-ին դարձաւ Խրուաթիոյ առաջին կին նախագահը: Մինչ այդ ան ՕԹԱՆ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ էր, ապա Խրուաթիոյ դեսպան` Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Խրուաթիոյ կին նախագահը կը վայելէ իր քաղաքացիներուն մեծամասնութեան վստահութիւնը: Ան չափազանց անմիջական է եւ Խրուաթիոյ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող քաղաքական գործիչը: Ան 2018-ի Մոնտիալին Սոչի ժամանեց Էքոնոմ քլասով` որպէս սովորական ուղեւոր եւ խաղերուն հետեւեցաւ ոչ թէ VIP տարածքէ, այլ` թրիպիւնէն: «Ես կ՛ուզէի մեր խումբին աջակցիլ ինչպէս սովորական համակիր մը, ժողովուրդիս հետ», յայտնած է ան:
Քոլինտա Կրապար-Կիթարովիչը կը նախընտրէ դասական ոճը: Ան սինիէ ապրանքներու մոլին չէ, չի սիրեր մեծ գումար ծախսել հագուստներու վրայ, իսկ նախասիրած գոյներն են` սեւը, ճերմակը եւ կարմիրը:
Խրուաթիոյ նախագահը ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ` մանչ մը եւ աղջիկ մը: Ան իր ամուսինին` Եակ Կիթարովիչին ծանօթացած է ուսանողական տարիներուն: Մասնագիտութեամբ ճարտարապետ Եակը քաջալերած է կինը` քաղաքականութեամբ զբաղիլ:
Նկարներուն վրայ կը տեսնենք մերթ դասական, մերթ ցանկայարոյց նախագահը, որ Սոչի մեկնեցաւ էքոնոմ քլասով եւ բարձր մարզական ոգիով ողջունեց Ֆրանսայի յաղթանակը:
Յիշողութիւնը Սնուցանող
9 Ուտելիք
Բացի մարզելէ` յիշողութիւնը նաեւ պէտք է սնուցանել: Հեւքոտ կեանքը, ընկճախտը, տարիքը մեծ դեր ունին յիշողութեան թուլացման մէջ: Եթէ ձեր կարգին յիշողութեան հետ կապուած վերիվայրումներ ունիք, վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր սննդականոնը, քանի որ կան ուտելիքներ, որոնք շատ օգտակար են յիշողութեան համար: Ստորեւ` մեր յիշողութիւնը խթանող ուտելիքներու ցանկը:
– Օմեկա 3 ճարպաթթուներով հարուստ սալմոն ձուկը: Ան կը խթանէ յիշողութիւնը եւ 60 տոկոսով կը նուազեցնէ Ալցայմըր հիւանդութեան հաւանականութիւնը: Սալմոն կերէք շաբաթական առնուազն մէկ անգամ:
– Քարի եւ քրքում հնդկական համեմները: Զանոնք օգտագործեցէք ձեր կերակուրներուն եւ թացաններուն պատրաստութեան մէջ:
– Կարմիր հատապտուղները` հապալաս, կեռաս, խաղող, թութ… Անթիօքսիտաններով եւ Սէ. կենսանիւթով հարուստ այս պտուղները կը բարելաւեն թէ՛ յիշողութիւնը եւ թէ՛ տեսողութիւնը:
– Բազուկի` ճակնդեղի տերեւները կը պարունակեն շատ օգտակար նիւթեր, որոնք կը նպաստեն ուղեղի արեան լաւ շրջագայութեան եւ յիշողութեան բարելաւման:
– Անթիօքսիտաններով եւ ֆոլաթթուներով հարուստ շոմինը, ինչպէս նաեւ կաղամբը եւ պրոքոլին կը բարելաւեն յիշողութիւնը եւ կեդրոնացումը:
– Ասեթիլքոլինով հարուստ հաւկիթը կարեւոր դեր կը խաղայ մեր ջղային դրութեան մէջ, անիկա խիստ թելադրելի է դպրոցականներուն յատկապէս քննութիւններու նախօրեակին:
– Ֆլաւոնոիտներով, մակնեզիոմով, երկաթով հարուստ սեւ տուրմը նոյնպէս կ՛օգնէ յիշողութեան բարելաւման:
– Սուրճը իր կարգին կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը: Ֆրանսացի գիտնականներ հաստատած են, որ 65 տարեկանը անց կիներ, որոնք օրական 2 գաւաթ սուրճ կը խմեն, շատ աւելի աշխուժ յիշողութիւն ունին, քան անոնք, որոնք քիչ կամ բնաւ սուրճ չեն խմեր:
– Ծամոնը, այո՛, ծամելը կ՛օգնէ կեդրոնացումին. ծամելը կ՛օգնէ աշխուժացնելու ուղեղին այն հատուածը, որ ուղղակիօրէն կապուած է յիշողութեան հետ:
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ
Լոլիկի Մասին
Լոլիկին հայրենիքը Հարաւային Ամերիկան է` Փերուն: Ազթեքները զայն կոչած են զիթոմաթ: Լոլիկը Եւրոպա հասած է 16-րդ դարու առաջին կէսին: Սպանիոյ, Փորթուգալի եւ Իտալիոյ մէջ զայն անուանած են ոսկեայ խնձոր (փոմօ տորօ): Սկիզբը լոլիկը որպէս «տեքորաթիֆ» բոյս մշակուած է բուսաբանական պարտէզներուն մէջ, իսկ 18-րդ դարու վերջաւորութեան` որպէս բանջարեղէն:
Հայաստանի մէջ լոլիկը կը մշակուի գրեթէ ամէնուրեք, բայց յատկապէս` Արարատեան դաշտի մէջ, ուր կան նաեւ պահածոյի գործարաններ:
Լոլիկը սառնարանը պէտք է պահել:
Սխալ, ցուրտ միջավայրի մէջ լոլիկին համն ու բոյրը կը տուժեն, զայն պէտք է պահել սենեակի ջերմութեամբ, արեւի ճառագայթներէն հեռու:
***
Լոլիկը լուալու ատեն պէտք չէ հանել անոր կանաչ կոթն ու տերեւները:
Ճիշդ, թելադրելի է, որ լոլիկը լուացուի գործածութենէն անմիջապէս առաջ, կոթն ու տերեւները վրան, որպէսզի մէջը ջուր չլեցուի:
***
Լոլիկը դիւրին կեղուելու համար, պէտք է զայն մխրճել եռացած ջուրի մէջ:
Ճիշդ, լոլիկը դիւրին կը կեղւուի, եթէ զայն 30 երկվայրկեան մխրճենք եռացած ջուրի մէջ:
***
Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ լոլիկը շատ դիւրամարս է:
Սխալ, լոլիկը 93-95 առ հարիւր ջուր կը պարունակէ. անիկա յանձնարարելի է նիհարցնող սննդականոնի հետեւողներուն, քանի որ շատ քիչ ջերմուժ կը պարունակէ (100 կրամի մէջ` 15 ջերմուժ): Միւս կողմէ` զգայուն աղիքներ ունեցողները պէտք է զգուշանան լոլիկէն, քանի որ անիկա կրնայ գրգռել մարսողական գործարանները:
***
Թարմ լոլիկով պատրաստուած դէմքի ծեփուկները յանձնարարելի են իւղոտ մորթ ունեցողներուն համար:
Ճիշդ, կարելի է կիսուած, հասուն լոլիկով մը 2-3 վայրկեան շփել դէմքին մորթը, կամ պատառաքաղով ճզմուած հասուն լոլիկով ծեփել դէմքը, սպասել 3-4 վայրկեան, ապա դէմքը ցօղուել գաղջ ջուրով: Այս միջոցներուն կարելի է դիմել շաբաթական 2 կամ 3 անգամ` ձերբազատելու համար իւղոտ, փայլուն մորթէն եւ պրկելու ընդլայնած ծակտիկները:
***
Լոլիկը օգտակար է տեսողութեան:
Ճիշդ, Ա. կենսանիւթով հարուստ լոլիկը, կրնայ բարելաւել տեսողութիւնը եւ, մանաւանդ, կանխարգիլել ու «մեքիւլըր տեճեներէյշըն» կոչուած ծանր եւ անբուժելի աչքի հիւանդութիւնը:
Ձեռային Աշխատանք
Լեկոյով Պատրաստուած
Իրեր
Այն տունը, ուր երեխայ կայ, անկասկած որ լեկօ խաղալիք կայ: Եկէք` միասին տեսնենք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչե՜ր յղացած են սովորական լեկոներէն:
Այո, լեկոյով կարելի է պատրաստել բանալիներու կախիչ, գրենական պիտոյքները դասաւորելու տուփ, թուղթէ թաշկինակի տուփ, նկարի շրջանակ, ինչպէս նաեւ` ձեռք լուալու հեղուկ օճառի սրուակի զարդ (անշուշտ պայման է, որ սրուակը թափանցիկ ըլլայ):
Եթէ ձեր երեխան լեկօ ունի, կ՛արժէ, որ փորձէք կառուցել այս իրերէն մէկը, նախընտրաբար` ձեր զաւկին օգնութեամբ, հաճելին օգտակարին միացնելով:
Քանի Մը Տողով…
Փորձառուներու կարծիքով, ջուրի եզրին (ծով, գետ, լիճ…) ապրող մարդիկ թէ՛ մտքով եւ թէ՛ հոգիով աւելի առողջ են ու երջանիկ: Ուսումնասիրութիւններ իրենց կարգին հաստատած են, որ ջուրի ափին ապրող մարդիկ նուազ ենթակայ են ընկճախտի, անոնց սրտանօթային եւ շնչառական գործարանները աւելի հանգիստ կը գործեն: Աւելի՛ն. հաստատուած է, որ ալիքներուն ձայնը, ինչպէս նաեւ տեղացող անձրեւին կամ հոսող ջուրին ձայնը ոչ միայն կը մեղմացնեն ընկճախտն ու անձկութիւնը, այլեւ կը նպաստեն հանգիստ եւ խաղաղ քունին:
Նոյն ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, ջուրի եզրին ապրող մարդիկ աւելի ստեղծագործ միտք ունին…
***
Անցեալ կիրակի Երեւանի մէջ կայացաւ ձմերուկի փառատօնը: Կարապի լիճին մօտ երեւանցիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն ներկայացուեցան գեղեցիկ ձեւաւորումներով ձմերուկներ: Տեղի ունեցան խաղ-մրցումներ:
Կարապի լիճը լեցուած էր քանի մը տասնեակ ձմերուկներով:
***
Ջաւախքի Գանձա գիւղին մէջ անցեալ շաբաթ օր տեղի ունեցաւ բանաստեղծ Վահան Տէրեանին նուիրուած ձեռնարկ:
Գիւղին Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ պատարագ, որմէ ետք ներկաները այցելեցին բանաստեղծին տուն-թանգարանը:
Ձեռնարկին հնչեցին Տէրեանի ստեղծագործութիւնները. գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց հայկական եւ վրացական երգեր ու պարեր:
Խոհագիր
Խորոված Սմբուկ`
Մածունով Եւ Նուռով
Բաղադրութիւն 2 անձի համար
2 միջակ չափի սմբուկ
500 կրամ մածուն
1 պճեղ սխտոր
Առատ նուռի հատիկ
Օրիկանօ
Ձէթ
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Սմբուկները երկայնքին կտրել, ափսէի մէջ շարել, ձէթով ծեփել եւ փուռին մէջ 15-20 վայրկեան խորովել:
Մինչ այդ սխտորը ճզմել եւ աւելցնել մածունին, ապա աւելցնել մնացեալ համեմները` աղ, պղպեղ, օրիկանօ, ինչպէս նաեւ քանի մը կաթիլ ձէթ:
Եփած սմբուկները շարել ամանի մը մէջ, աղել, ապա երեսը մածուն աւելցնել, զարդարել նուռի հատիկներով եւ փոշի օրիկանոյով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
«Երկինքն էր սառել ու չկար Աստուած…
Բայց ահա, ահա` հեքեա՞թ թէ հրաշք,
Ծառացաւ մի մարդ,
Հրաշքից փախած ու հրաշք մի մարդ.
Կանգնեց նա դաշտում մեր Արարատեան,
Դիակների մէջ եւ ագռաւների,
Եւ հաւատքն արած պողպատեայ վահան,
Եւ սէրն հայրենեաց մի շեփոր ռազմի`
Սոված, սարսափած մարդկանցից վհատ
Դարբնեց մի բանակ,
Եւ որպէս ոխից շիկացած երկաթ`
Խփեց ոսոխի ճակատին անարգ…
Յիշո՞ւմ ես, Աբով, թէ ո՞նց ապրեցան
Հայոց աշխարհի զարմերը վերջին,
Երբ չկար Աստուած, երկինքն էր դաժան,
Յիշո՞ւմ ես կրկին,
Ահեղ Բէլի դէմ ծառացող Հայկին
Եւ նրա թոռան.
Թո՞ռն էր նա Հայկի, զա՞րմը Վարդանի,
Դաւի՞թն էր մանուկ,
Հայոց լեռներում յայտնուած ոգի՞…
Յիշո՞ւմ ես նրա ճակատը պայծառ,
Անունն անթառամ-
Մանուկեան Արամ…»
«Կարող են մարդիկ խախտել լեռներին
Ու բազկի ուժով սանձել գետերին.-
Բայց ո՞վ է կարող
Ժամանակների վճիռը եղծել,
Եւ դիւցազնութեան կապոյտ երկնքում
Շողացող աստղին վարագոյր քաշել…»:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ