Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Գործի փոփոխութիւն, երկիր փոխելու հարկադրանք, սիրած անձէն բաժանում… Նման փոփոխութիւններու ինչպէ՞ս կը հակազդէք: Անցեալի էջը ամբողջովին կը դարձնէ՞ք, թէ՞ անցեալը կը շարունակէ ապրիլ ձեր մէջ:
Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած փորձ-հարցարանին, ապա կարդացէք արդիւնքը:
***
– 1 –
Բարեկամ մը ձեզ կը ձանձրացնէ իր հեռաձայններով եւ յաճախ ու ամէնուրեք կը հետեւի ձեզի:
ա.- Բան չէք ըսեր, որովհետեւ կը զգուշանաք զայն վիրաւորելէ:
բ.- Կը փորձէք կարելի եղածին չափ հեռաւորութիւն պահել:
գ.- Իր սահմանները կը ճշդէք եւ կ՛ըսէք, որ ձեզ հանգիստ ձգէ:
– 2 –
Ձեր սիրած անձը կը յայտնէ, թէ կ՛ուզէ վերջ տալ ձեր միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան:
ա.- Շատ կը խնդրէք, որ վերատեսութեան ենթարկէ որոշումը:
բ.- Կը լսէք առանց հակազդելու:
գ.- Կը փորձէք մխիթարուիլ` մտածելով, որ անկեղծ բարեկամներ չեն պակսիր ձեր շուրջ:
– 3 –
Գործի բերմամբ պիտի ստիպուիք քանի մը տարիով երկիրը ձգել եւ ուրիշ երկիր հաստատուիլ:
ա.- Կը մտածէք գործը ձգել:
բ.- Կը մտածէք, որ քանի մը տարին շուտ կ՛անցնի:
գ.- Կը մտածէք, որ լաւ առիթ է միջավայր փոխելու եւ նոր մարդոց ծանօթանալու:
– 4 –
Ձեր հագուստի պահարանը կը կոկէք եւ, ահա՛, քանի մը կտոր հագուստ կայ, որոնք տարիներէ ի վեր կախուած են հոն եւ երբեք չեն հագցուած:
ա.- Կը պահէք, քանի որ անոնց հետ կապուած յիշատակներ ունիք:
բ.- Կը պահէք` սպասելով յարմար անձին, որուն կրնաք տալ զանոնք:
գ.- Զանոնք կու տաք ձեր մաքրութեան կնոջ:
– 5 –
Գիրքի մը մէջէն հին լուսանկարներ կը գտնէք:
ա.- Զանոնք անմիջապէս ալպոմի մը մէջ կը տեղաւորէք, որպէսզի չկորսուին:
բ.- Կը դիտէք եւ դարձեալ գիրքին էջերուն մէջ կը տեղաւորէք:
գ.- Կը թափէք, քանի որ ալպոմները արդէն լեցուն են, եւ այդ նկարները ձեր սրտին չեն խօսիր:
– 6 –
Ի՞նչ բան չէք հանդուրժեր:
ա.- Ապերախտութիւնը:
բ.- Կրաւորական կեցուածքը:
գ.- Անտարբերութիւնը:
– 7 –
Առաւօտ մըն ալ կ՛արթննաք եւ կը տեսնէք, որ տարիներէ ի վեր խնամած ձեր թռչնիկը վանդակէն փախուստ տուած է:
ա.- Շատ կը տխրիք եւ օրերով այդ մասին կը պատմէք բոլորին:
բ.- Կը մտածէք խեղճը ազատեցաւ:
գ.- Կ՛երթաք եւ նոր մը կը գնէք:
Արդիւնք
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, մեծ դժուարութեամբ կ՛անջատուիք անցեալէն: Իւրաքանչիւր իր, նամակ, լուսանկար յիշատակ մը կ՛արթնցնէ ձեր մէջ, հետեւաբար կը պահէք զայն եւ կը գուրգուրաք անոր վրայ: Նոյնպէս ալ դժուար կը բաժնուիք ձեզի սիրելի, հարազատ անձերէն եւ բաժանումի վէրքը երբեք չի սպիանար ձեր պարագային:
***
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, անցեալը կարեւոր նշանակութիւն ունի ձեզի համար, բայց եւ այնպէս անոր գերին չէք: Կ՛ընդունիք ձեր կեանքին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները եւ ըստ այնմ կը կազմակերպէք ձեր կեանքը եւ կը յարմարիք որոշ հարկադրանքներու:
***
– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, անցեալը շատ բան չ՛ըսեր ձեզի եւ դիւրաւ կը շրջանցէք զայն: Կ՛ապրիք օրը օրին` առաւելաբար նայելով դէպի ապագան: Այս պատճառով ալ ձեր կեանքը քիչ թէ շատ հեզասահ կ՛ընթանայ, անցեալը որեւէ ձեւով չի կաշկանդեր ձեզ:
Հետաքրքրական
Երեխաներու Ծնելու Հերթականութիւնը
Կ՛ազդէ Անոնց Բնաւորութեան Վրայ
Յաճախ կը լսենք, որ աւագ երեխաները աւելի պատասխանատու եւ ինքնուրոյն են, մինչդեռ մէկհատիկները հակուած են եսակեդրոնութեան:
Ծնելու հերթականութեան եւ երեխաներու բնաւորութեան վերաբերող գիտական հետազօտութիւններ եւս յանգած են այն համոզումին, որ ընտանիքին մէջ երեխային «քանիերորդը» ըլլալը կ՛ազդէ անոր բնաւորութեան վրայ:
Ծնելու հերթականութեան տեսութեան անդրադարձած է Ալֆրետ Ատլերը` Ֆրէօյտի ընկերն ու պաշտօնակիցը: Ան հաւատացած էր, որ` «Այն հերթականութեամբ, որ երեխան կը ծնի ընտանիքի մէջ, անքակտելիօրէն կ՛ազդէ անոր մարդ տեսակի ձեւաւորման վրայ»:
Ատլերի համաձայն`
– ԱՒԱԳ ԵՐԵԽԱՆ հակուած է դառնալու պահպանողական եւ իշխանութեան ձգտող: Ան օժտուած կ՛ըլլայ առաջնորդի յատկանիշներով:
– ՄԻՋՆԵԿ ԵՐԵԽԱՆ շարունակ կը փորձէ գերազանցել աւագը: Անոր զարգացումը աւելի արագ կ՛ընթանայ: Միջնեկ երեխան հակուած է փառասէր ըլլալու, սակայն եսասէր չէ: Ան չափէն աւելի մեծ ու անհասանելի նպատակներ կը դնէ իր առջեւ, ինչ որ դուռ կը բանայ անյաջողութիւններու դիմաց, սակայն անյաջողութիւնները դիմակայելը կը կոփէ զինք:
– ԿՐՏՍԵՐ ԵՐԵԽԱՆ չափազանց ուշադրութիւն եւ հոգածութիւն կը ստանայ թէ՛ ծնողներէն եւ թէ՛ աւագ քոյր-եղբայրներէն: Այդ պատճառով ալ ան նուազ փորձառու եւ ինքնուրոյն է: Այսուհանդերձ, ան հակուած է գերազանցելու իր աւագ քոյրը-եղբայրը: Պատմութեան մէջ ծանօթ են բազմաթիւ կրտսեր երեխաներ, որոնք դարձած են բացառիկ մարզիկներ, մեծ երաժիշտներ եւ տաղանդաւոր նկարիչներ:
– ՄԷԿՀԱՏԻԿ ԵՐԵԽԱՆ չունենալով ո՛չ քոյր, ո՛չ եղբայր` բնականաբար չունի նաեւ մրցակից: Բամպակներու մէջ մեծցած այս երեխան նոյն հոգատար եւ հիացական վերաբերմունքը կ՛ակնկալէ նաեւ անծանօթներէն: Եսակեդրոնութիւնը մէկհատիկին բնորոշ գիծերէն մէկն է: Ան դժուարութիւն ունի իրեն տարեկիցներուն հետ յարաբերելու: Մէկհատիկը նաեւ կատարելապաշտ է եւ ամէն գնով կը հասնի իր նպատակին:
***
Գերմանացի գիտնականներ տարիներու վրայ հետազօտած են ամերիկացի, բրիտանացի եւ գերմանացի շուրջ 20 հազար չափահասներ եւ յանգած են այն եզրակացութեան, որ աւագ երեխաները աւելի բարձր արդիւնքներ ցուցաբերած են IQ քննութիւններուն (ուշիմութեան քանորդ): Անոնք աւելի ազնիւ են, զգայուն, բայց` նուազ ընկերային:
Նոյն հետազօտութեան հիմամբ`
– Կրտսեր երեխան ուրախ, յարաբերող, մարդամօտ, եսակեդրոն եւ խորամանկ է:
– Մէկհատիկ երեխան զգայուն, առաջնորդ, ինքնավստահ, պատասխանատու եւ կատարելապաշտ է:
– Աւագ երեխան պատասխանատու, ինքնուրոյն, վստահելի, առաջնորդ եւ կատարելապաշտ է:
– Միջնեկ երեխան փառասէր, գործունեայ, մարդամօտ, հաշտարար եւ յարմարող է:
Այսուհանդերձ, պէտք է ընդունիլ, որ այսպիսի հետազօտութիւնները բաւական շատ բացթողումներ կ՛ունենան. նկատի չեն առնուիր ազգագրական գործօնները, ներընտանեկան փոխյարաբերութիւնները, դաստիարակութիւնը, ընտանիքի դրամական վիճակը եւ այլն…
Կ՛արժէ մտածել:
Զատկուան Յարդարանք
Քանի մը օրէն Զատիկ է, բայց դուք աշխատող մայր էք եւ տակաւին առիթը չէք ունեցած տունը յարդարելու… Ձեզի կը ներկայացնենք յարդարանքի հետաքրքրական տարբերակներ` սեղանի, անձեռոցիկի, պսակի, ծառի եւ այլն… Զանոնք իրականացնելու համար կարելի է օգտուիլ «Ուան տալըր»-ի խանութներէն, ուր յարդարանքի իրերու մեծ եւ աժան տեսականի կրնաք գտնել:
Որքան որ բազմազբաղ ըլլաք, տան պզտիկ յարդարանք մը պատրաստելու մի՛ զլանաք: Թող գարունն ու Զատիկը նոր կեանք եւ լաւատեսութիւն բերեն թէ՛ տան մթնոլորտին եւ թէ՛ անոր պատերէն ներս ապրող անձերուն:
Խոհագիր
Պուլանժեր
Ֆրանսացիները պուլանժերին բոլոր բաղադրիչները կը պատրաստէին տունը, բայց եփելու համար կ՛երթային մօտակայ հացի փուռը եւ հոն կ՛եփէին զայն: Ներկայիս պուլանժերը ամէնուրեք տունը կը պատրաստեն, բայց անունը մնացած է նոյնը:
Բաղադրիչներ
– 1 քիլօ գետնախնձոր
– 2 սոխ
– 60 կրամ կարագ
– 200 մլ. բանջարեղէնի արգանակ
– 200 մլ. կաթ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Գետնախնձորները կեղուել, լուալ, ցամքեցնել եւ շատ բարակ շերտերով կտրել (կարելի է մոնտոլին գործածել): Օղակաձեւ կտրատել նաեւ սոխը: Գետնախնձորը համեմել աղով եւ սեւ պղպեղով:
Փուռ գացող ամանին յատակն ու պատերը ծեփել կարագով, փոխնիփոխ շարել յարկ մը գետնախնձոր, յարկ մը` սոխ: Վերջին շարքը գետնախնձորի շերտերով պէտք է աւարտել եւ ուշադիր ըլլալ,որ համաչափ ու ձեւաւոր շարուած գետնախնձորը գեղեցիկ տեսք ունենայ:
Տաք կաթն ու արգանակը խառնել եւ թափել գետնախնձորին վրայ. անիկա պէտք է հասնի մինչեւ վերջին շերտ, բայց չծածկէ զայն: Նախքան փուռ փոխադրելը վերի շերտին վրայ հալած կարագ լեցնել:
Ափսէն ծածկել փայլաթիթեղով եւ նախապէս տաքցուած փուռին մէջ 40 վայրկեան եփել` 200 ջերմաստիճանով: Յետոյ հանել փայլաթիթեղը, նուազեցնել ջերմաստիճանը 180-ի եւ 40 վայրկեան եւս եփել: Պէտք է որ երեսը ոսկեգոյն դառնայ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Նայիրեան Դալար Բարտի
Նազում ես ու շորորում զմրուխտէ քո շորերում,
Շուք արած ճամբի վրայ մանկութեան կանաչ արտի,
Քո կանչը զնգում է զիլ իմ սրտի խոր ձորերում,
Իմ հեռո՜ւ, հեռո՜ւ, հեռո՜ւ Նայիրեան դալար բարտի:
Ա՜խ, ասես խարոյկ լինես` բռնկուած կանաչ բոցով,
Ես հեռուից քեզ եմ գգւում կարօտով կրակ սրտի.
Լցնում ես դաշտերն ամէն հարազատ քո խշշոցով,
Իմ հեռո՜ւ, հեռո՜ւ, հեռո՜ւ Նայիրեան դալար բարտի:
Իմ արտոյտ-մանուկն ահա խաղում է քո շուաքում,
Քո փառքին երգ է շրշում շուրթերով կոկոն վարդի,
Զով արա նրա կեանքին, հօր նման գգուիր անքուն,
Իմ հեռո՜ւ, հեռո՜ւ, հեռո՜ւ Նայիրեան դալար բարտի:
Ես երգիչ հրի, սրի, շահ չունեմ քո սիրուց զատ,
Քեզ նման կանաչ կեանքով քեզ համար ելած մարտի,
Կը մեռնեմ, միայն թէ դու դարերում ազատ խշշաս,
Իմ հեռո՜ւ, հեռո՜ւ, հեռո՜ւ Նայիրեան դալար բարտի:
Խօսք` ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ
Երաժշտութիւն` ԳՈՒՍԱՆ ՇԱՀԷՆ