Կնոջական

Ամանորի Սովորութիւններ` Համշէնահայերուն Մօտ

Ամանորի Սովորութիւններ` Համշէնահայերուն Մօտ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Իւրաքանչիւր Նոր տարի, ինչպէս ամէնուր, այնպէս ալ համշէնահայերուն մօտ նոր յոյսի առիթ է: Ամանորի առաւօտեան հիւր երթալը ընդունուած չէր, որովհետեւ տուեալ անձը կրնար բախտաբեր կամ դժբախտութիւն բերող համարուիլ: Միայն նախապէս հրաւիրուած փոքրիկ մը կրնար զինք հրաւիրողներուն տունը այցելել: Երեխային նուէրներ կու տային, իսկ ան տան անդամներուն ժողովրդական խազիկներ կ՛արտասանէր եւ անոնց միջոցով բարեմաղթանքներ կը կատարէր: Ամանորի գիշերը...

Փորձ-Հարցարան.  Գիտէ՞ք Յարմար Նուէրներ Գնել

Փորձ-Հարցարան. Գիտէ՞ք Յարմար Նուէրներ Գնել

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Կաղանդի նախօրեակին շատերու մղձաւանջն է նուէրի ընտրութիւնը: Իսկ դո՞ւք, արդեօք դժուարութիւն կ՛ունենա՞ք նուէրի ընտրութեան ատեն, ձեզի համար ի՞նչն է առաջնահերթը` նուէրին գործնական եւ օգտակար ըլլա՞լը, դաստիարակի՞չ ըլլալը, թէ՞ ստացողին համար անսպասելի ըլլալը... Պատասխանեցէք այս փորձ-հարցարանին եւ իմացէք պատասխանը: - 1 - Լաւ Նուէր Մը Գնելու Համար` ա.- Օրուան ձեր տրամադրութենէն կախեալ է. կը ներշնչուիք ու կը գնէք:...

Տօնածառը` Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Խորհրդանիշը

Տօնածառը` Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Խորհրդանիշը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան անբաժան խորհրդանիշն է տօնածառը, որ երկար ճամբայ կտրած է մինչեւ մեզի հասնիլը: Գերմանիոյ կը վերագրենք տօնածառի զարդարման աւանդութեան սկիզբը (16-րդ դար), երբ հաւատաւոր քրիստոնեաները զարդարուած ծառեր կը բերեն իրենց տուները: Ոմանք տօնածառը կը պատրաստէին փայտէ եւ կը զարդարէին մշտադալար բոյսերով ու նաեւ` մոմերով: Աստիճանաբար տօնածառի աւանդութիւնը տարածուեցաւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ: Անգլիոյ Վիքթորիա...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Տնային Պարտականութիւններու Դժուար Պահը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Տնային Պարտականութիւններու Դժուար Պահը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Դպրոցէն տրուած տնային պարտականութիւնները յաճախ հակադրութիւն, վէճ եւ անհաճոյ կացութիւններ կը ստեղծեն ծնողներուն եւ զաւակներուն միջեւ: Մանկավարժներու կարծիքով, տնային աշխատանքներու պահը վէճի, յանդիմանութիւններու, սպառնալիքներու վիճակէն դուրս պէտք է բերուի եւ վերածուի հաճելի պահի մը, եթէ կ՛ուզենք, որ անիկա օգտակար եւ արդիւնաւէտ դառնայ: Այս նպատակով ալ մանկավարժները հետեւեալ լուծումները կ՛առաջարկեն բոլոր այն ծնողներուն, որոնք այս կացութեան մէջ կը...

Կին Դէմքեր.  Պրիժիթ Մաքրոնի Անկեղծ Խոստովանութիւնները

Կին Դէմքեր. Պրիժիթ Մաքրոնի Անկեղծ Խոստովանութիւնները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ֆրանսայի 64 տարեկան Առաջին տիկինը, որ ամուսինէն մեծ է 24 տարի, գրաւած է եւրոպացիներու սիրտերը: Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի նախկին ուսուցչուհին, հիմա արդէն կինը` Պրիժիթ Մաքրոնը ոճային է, ինքնատիպ եւ անկեղծ: «Էլ» ամսաթերթին հետ վերջերս կատարած հարցազրոյցին մէջ Առաջին տիկինը անկեղծ եւ յանդուգն խոստովանութիւններ կատարած է. ստորեւ թարգմանաբար կը մէջբերենք անոնցմէ մէկ քանին: - Եթէ ես մերժէի...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Առողջ Եւ Յաջողակ Երեխայ Մեծցնելու Համար

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Առողջ Եւ Յաջողակ Երեխայ Մեծցնելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երեխայի դաստիարակութիւնը բարդ եւ պատասխանատու աշխատանք է. ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն փորձառու մանկավարժներ եւ հոգեբաններ` յաջողակ երեխայ մեծցնել փափաքող ծնողներուն: Երեխային Աճն Ու Զարգացումը Մրցոյթ Չէ Շատ մը ծնողներու նման` կ՛ուզէք, որ ձեր երեխան արագ մեծնայ, սակայն նկատի չէք առներ, որ կեանքը շատ յաճախ կը նմանի պտուղի հասունացման: Որպէսզի պտուղը քաղցր ու հասուն դառնայ, ծառը պէտք...

Կին Դէմքեր.  Երբ Գեղեցիկ Կիներ Կը Բացայայտեն Իրենց Գեղեցկութեան Գաղտնիքը

Կին Դէմքեր. Երբ Գեղեցիկ Կիներ Կը Բացայայտեն Իրենց Գեղեցկութեան Գաղտնիքը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մոնիքա Պելլուչի Իտալացի դերասանուհի Մոնիքա Պելլուչին (54 տարեկան) կը համարուի աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ կիներէն մէկը: «Ինքզինքիս հետ լաւ եւ յարմարաւէտ կը զգամ ոչ այն պատճառով, որ գեղեցիկ եմ: Ես շատ գեղեցիկ մարդիկ կը ճանչնամ, որոնց կեանքը սարսափելի է: Ներքին յարմարաւէտութիւն զգալը այն չէ, թէ արտաքնապէս ինչ տեսք ունիս այլ այն, թէ ներքուստ որքանով հաշտ ես քու անձիդ...

Իրանահայ Թալին Մանսուրեանը` Պատասխանատու Պաշտօնի Վրայ

Իրանահայ Թալին Մանսուրեանը` Պատասխանատու Պաշտօնի Վրայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Իրանեան «Իրնա» գործակալութեան համաձայն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Քարիւղի ազգային գործակալութեան տնօրէնութիւնը յայտարարած է, որ հայուհի Թալին Մանսուրեանը նշանակուած է եկամուտներու եւ ներդրումներու յանձնաժողովի նոր տնօրէն: Ըստ աղբիւրին, այդ յանձնաժողովին պատասխանատու դառնալը շատ կարեւոր եւ բարձր պաշտօն կը համարուի, տրուած ըլլալով, որ Իրանը տնտեսական բարդ իրավիճակ կը դիմագրաւէ: Մեր Զաւակները Եւ Մենք 6 Բան, Որ Պէտք Չէ Ընէք...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինչպէ՞ս Ընթերցանութեան Հանդէպ Սէր Սերմանել

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Ընթերցանութեան Հանդէպ Սէր Սերմանել

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Կ՛ուզէք, որ ձեր զաւակը ընթերցասէ՞ր դառնայ, օրինակ ծառայեցէք անոր. թող տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս դուք հաճոյքով կը կարդաք, մէջբերումներ կ՛ընէք, կը խնդաք, կը յուզուիք... - Ցոյց տուէք, որ դուք կը գնահատէք ընթերցանութիւնը. գիրքեր գնեցէք, գիրքեր նուիրեցէք, գիրքը տունէն թող անպակաս ըլլայ: - Ձեր զաւկին հետ գրախանութ գացէք, թող ան իր ճաշակին գիրք ընտրէ: Սկիզբը թերեւս ամսաթերթ մը աւելի...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ի՞նչ Բաներ Կարելի Չէ Ընել Երեխայի Ներկայութեան

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ի՞նչ Բաներ Կարելի Չէ Ընել Երեխայի Ներկայութեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Եկէք` համաձայնինք, եթէ կ՛ուզենք ճիշդ երեխայ դաստիարակել, նախ եւ առաջ մենք մեզ դաստիարակենք: Մեր առօրեայ ընթացքով օրինակ ծառայենք անոր եւ չընենք ու չըսենք այն, ինչ որ կ՛արգիլենք անոր: Ստորեւ` կենդանի օրինակներ: Անընդհատ Զբաղիլ Բջիջայինով, Համակարգիչով «Համակարգիչը կը վնասէ տեսողութեանդ, դասերուդ, քունիդ...», այս խօսքով կ՛ուզէք զգուշացնել ձեր երեխան եւ անոր վարժեցնել բջիջայինի եւ համակարգիչի «չափաւոր» գործածութեան, բայց անդին`...

Կին Դէմքեր.  Մոնսերրաթ Քապալիէ` «Խաղաղութեան Եւ Սիրոյ Կղզի Է Հայաստանը»

Կին Դէմքեր. Մոնսերրաթ Քապալիէ` «Խաղաղութեան Եւ Սիրոյ Կղզի Է Հայաստանը»

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անցեալ շաբաթավերջին Պարսելոնայի մէջ մահացաւ միջազգային ճանաչում վայելող 85-ամեայ սպանացի օփերային երգչուհի Մոնսերրաթ Քապալիէն: Ան կը համարուի 20-րդ դարու լաւագոյն սոփրանոներէն մէկը: 1974-ին Քապալիէն կը նշանակուի ՄԱԿ-ի պատուաւոր դեսպան, 1991-ին` խաղաղութեան դեսպան: Ան նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան էր 1994 թուականէն  սկսեալ: «Հայաստանը  Խաղաղութեան Եւ Սիրոյ Կղզի Է» 2013-ի ամրան եւ 2014-ի աշնան երգչուհին երկու անգամ այցելած...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինչո՞ւ Երեխան Կու Լայ

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչո՞ւ Երեխան Կու Լայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ոմանց կը թուի, որ իրենց երեխան կու լայ, մինչդեռ ուրիշներունը` ոչ... Բոլոր երեխաներն ալ կու լան, քանի որ անոնց համար լացը միակ միջոցն է բան մը հասկցնելու: Ծնողներուն կը մնայ վերծանել երեխային լացին պատճառը: Երեխաները կու լան, Եթէ Անօթի Են Անօթի երեխային լացը կրնայ հասնիլ մինչեւ գոռոցի: Ան որքան շատ անօթի զգայ, այնքան աւելի կը սաստկանայ գոռոցը:...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Երբ Երեխան Մահէն Կը Վախնայ

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երբ Երեխան Մահէն Կը Վախնայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Շատ մը երեխաներ կը վախնան մահէն: Այս վախը բնական եւ անցողակի է յաճախ եւ ի յայտ կու գայ 6-7 տարեկանին: Այս երեւոյթը կրնայ կապ ունենալ հարազատի մը մահուան կամ սիրելի անասունի մը կորուստին հետ: Ինչպէ՞ս կրնաք օգնել ձեր զաւակին, որպէսզի ան ձերբազատի մահուան վախէն` թանաթոֆոպիայէն, որ ամենատարածուած վախերէն մէկն է: - Երեխային վախը լուրջի առէք: Խօսեցէք անոր...

Փորձ-Հարցարան.  Ինչպիսի՞ն Է Ծնողք-Զաւակ Ձեր Կապը

Փորձ-Հարցարան. Ինչպիսի՞ն Է Ծնողք-Զաւակ Ձեր Կապը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ընտրեցէք երեք հաւանական պատասխաններէն յարմարագոյնը եւ վերջաւորութեան իմացէք, թէ ինչպիսի՛ են ձեր եւ ձեր զաւկին միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները: 1 Յաճախ ձեր զաւակները ձեզ կը մեղադրեն, որ` ա.- Անտեղի կը մտահոգուիք իրենց համար: բ.- Շատ հարցում կը հարցնէք իրենց մասին: գ.- Խստապահանջ էք: 2 Երբ ձեր զաւակը լուրջ դժուարութիւն մը ունենայ, ա.- Անմիջապէս ձեզի կը դիմէ, քանի...

Կին Դէմքեր.  Օփրա Ուինֆրի

Կին Դէմքեր. Օփրա Ուինֆրի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Վերջերս Օփրա Ուինֆրին դարձաւ 64 տարեկան: Ան իր ասպարէզը սկսած է որպէս հաղորդավարուհի եւ գլխապտոյտ պատճառող յաջողութիւններ ձեռք բերած է այս ասպարէզին: Ան ունի իր ամսաթերթը` «Տի Օփրա Մակազին»-ը, Oprah.com կայքը, ձայնասփիւռի կայանը, «Տի Օփրա Ուինֆրի նեթուորք» պատկերասփիւռի կայանը եւ անձնական սթիւտիոն: Ան պատմութեան մէջ միակ սեւամորթ կին միլիառատէրն է: Ստորեւ կը ներկայացնենք այս հզօր կնոջ հետաքրքրական...

Կին Դէմքեր.  Անկելա Մերքել

Կին Դէմքեր. Անկելա Մերքել

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անցեալ շաբաթ կարճատեւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը: Ան Ծիծեռնակաբերդ այցելեց եւ ծաղիկներ զետեղեց անմար կրակին մօտ: Առանց «Ցեղասպանութիւն» բառը յիշելու` ան անդրադարձաւ «Հայ ժողովուրդի նկատմամբ տեղի ունեցած 1915 թուականի սարսափելի իրադարձութեան, որ պէտք չէ մոռցուի»: Կարճատեւ կեցութեան ընթացքին Գերմանիոյ վարչապետը նախագահ Սարգսեանին եւ վարչապետ Փաշինեանին հետ Հիւսիսային Պողոտայ այցելեց, ուր արժանացաւ անցորդներու ջերմ...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Խորհուրդներ` Երեխային Մտաւոր Կարողութիւնները Զարգացնելու Համար

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Խորհուրդներ` Երեխային Մտաւոր Կարողութիւնները Զարգացնելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ երեխաները, բացի խաղալիքներէ, ուրիշ բաներու ալ կարիքը ունին: Մտաւոր, յուզական եւ ֆիզիքական բնականոն զարգացման համար անոնք ունին խօսքերու կարիքը (երգեր, գիրքեր, օրօրոցայիններ, պատմութիւններ, կամ պարզապէս` զրոյց): Զրոյցները կը զարգացնեն ոչ միայն երեխային խօսքը, այլեւ` անոր ընդհանուր մտային կարողութիւնները: - Երեխային հարկաւոր է ծնած օրէն իսկ շրջապատել գիրքերով: Գիրքերը պէտք է ըլլան մահճակալին...

Վաղը Գարեջուրի Համաշխարհային Օրն Է

Վաղը Գարեջուրի Համաշխարհային Օրն Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 2008-ին չորս քալիֆորնիացիներ գաղափարը յղացան Գարեջուրի համաշխարհային օր ստեղծելու: Այդ օրէն աշխարհը կը նշէ Գարեջուրի միջազգային օրը` օգոստոս ամսուան առաջին ուրբաթը: Գարեջուրը կը համարուի աշխարհի ամէնէն հին եւ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող խմիչքներէն մէկը: Երկրագունդի երեսին ամէնէն շատ գարեջուր սպառող երկիրներու եռեակը կը գլխաւորէ Գերմանիան, որուն կը յաջորդեն Չեխիան եւ Իրլանտան: Սննդական մեծ արժէք ներկայացնող գարեջուրը, շնորհիւ...

Կին Դէմքեր.  Քոլինտա Կրապար-Կիթարովիչ

Կին Դէմքեր. Քոլինտա Կրապար-Կիթարովիչ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 2018-ի ֆութպոլի Մոնտիալը աւարտեցաւ Ֆրանսայի յաղթանակով: Եզրափակիչ խաղին ներկայ էին` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ Խրուաթիոյ նախագահ Քոլինտա Կրապար-Կիթարովիչը: Վերջինս բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց իր շատ անմիջական եւ հաղորդական վարմունքով, լայն ժպիտով եւ բարձր մարզական ոգիով: Եկէք` աւելի մօտէն ծանօթանանք այս կին անձնաւորութեան: Քոլինտա Կրապար-Կիթարովիչը 50 տարեկան է: Ան 2015-ին դարձաւ Խրուաթիոյ առաջին կին...

Կին Դէմքեր.  Լուսիկ Ագուլեցի

Կին Դէմքեր. Լուսիկ Ագուլեցի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Վերջերս (յուլիս 13) Երեւանի մէջ մահացաւ նկարչուհի եւ ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցին: 72 տարեկան նկարչուհին, որ քանդակագործ Եուրի Սամուէլեանի կինն է, ծնած էր Նախիջեւանի Գողթան գաւառի Ագուլիս քաղաքը եւ 1953-ին ընտանեօք տեղափոխուած էր Երեւան: Նկարչուհին անդամ էր Հայաստանի Նկարիչների Միութեան, Հայաստանի, Արցախի եւ Յունաստանի մէջ ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ, նաեւ մասնակցած է խմբային ցուցահանդէսներու` Փարիզի, Մոսկուայի, Թոքիոյի եւ...

Page 17 of 25 1 … 16 17 18 … 25

Արխիւներ