Իր գումարած հերթական ժողովին ընթացքին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ նկատի ունենալով, որ 2017-2018 տարեշրջանը աւարտեցաւ, սակայն կը գտնուին բազմաթիւ կախակայուած մարզիկներ, թէեւ անոնց ստացած կախակայման պատիժները կը ջնջուին, սակայն անոնց ակումբներուն նկատմամբ կը սահմանուին տուգանքներ, որոնք պէտք է վճարուին ֆետերասիոնին:
Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին 2018-2019 տարեշրջանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 31 օգոստոսին` 26 օգոստոսի փոխարէն:
Ֆետերասիոնին կողմէ 2018-2019 տարեշրջանին գծով պիտի կատարուին մարզիչներու (ֆութպոլ եւ ֆութսալ) յատուկ նոր դասընթացքներ, որոնց աւարտին անոնք պիտի ստանան տարբեր տեսակի իրենց համապատասխան վկայագիրները:
Լիբանանի տղոց ֆութպոլի ազգային խումբը պիտի կատարէ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներ` յաջորդաբար Յորդանանի (6 սեպտեմբեր) եւ Օմանի (9 սեպտեմբեր) դէմ:


