«Ֆորպս» քանի մը օր առաջ ներկայացուց 2017-ին ամէնէն շատ եկամուտ ունեցած մարզիկներուն ցանկը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի ամերիկացի կռփամարտիկ Ֆլոյտ Մէյվեզըր, որ իրլանտացի Քանըր Մաքկրեկորի դէմ իր կատարած մենամարտին եւ յաղթանակին համար ստացած էր 275 միլիոն ամերիկեան տոլար: Անոր եկամուտն է 285 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Երկրորդ դիրքին վրայ է Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի (111 միլիոն), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (108 միլիոն):