Չորեքշաբթի, 13 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն Պաապտայի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ այն մարզիկներուն անունները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Միջերկրականեան 18-րդ խաղերուն:
Այս խաղերը տեղի պիտի ունենան 22 յունիսէն 2 յուլիս, Սպանիոյ Թարակունա քաղաքին մէջ:


