Երեք անգամ «Ոսկի գնդակ»-ի դափնեկիր Մարքօ Վան Պասթըն բացատրած է, թէ ինչո՛ւ պատմական մարզիկ արժանթինցի Տիեկօ Մարատոնան աւելի լաւ ֆութպոլիստ էր, քան Լիոնել Մեսսին։
«Լիոնել Մեսսին հիանալի ֆութպոլիստ է, բայց Տիեկօ Մարատոնան միշտ եղած է խումբին համար մեծ անձնաւորութիւն։ Մեսսին այն ֆութպոլիստը չէ, որ առաջ կþերթայ խումբը իր ետեւէն տանելով։ Մարատոնան այդ առաւելութիւնը ունէր», ըսաւ Վան Պասթըն՝ «Կիվ մի սփորթ»-ի հետ զրոյցի մը պահուն։
Մարատոնա Նափոլիին միացած էր՝ խումբը առաջնորդելով դէպի «Սերի Ա.»-ի տիտղոս 1987-ին եւ 1990-ին, ինչպէս նաեւ շահած «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակը 1989-ին, երբ Նափոլի ոչ այնքան որակաւոր խումբ մըն էր Եուվենթուսի, Ա. Սէ. Միլանի, Ռոմայի եւ Ինթեր Միլանի լաւ օրերուն։
Նոյն ձեւով, ան 1986-ին կրցած էր Մոնտիալը շահիլ շատ պարզ խումբի մը հետ, ուր խմբակիցներէն միայն մի քանին միջազգային ծանօթութիւն ունէին։
Այլ պատմական ֆութպոլիստ մը՝ գերմանացի միջնապահ Լոթար Մաթէուս յիշած է Տիեկօ Մարատոնայի հետ իր մրցակցութիւնը՝ զայն համեմատելով Մեսսի-Ռոնալտօ մրցակցութեան հետ։
«Տիեկոն իմ սերունդի լաւագոյն ֆութպոլիստն էր։ Ի հարկէ ինձմէ ետք (ծիծաղելով)։ Այդ օրերուն մենք նման էինք Մեսսիին եւ Ռոնալտոյին։ Բնականաբար մրցակցութիւնն է, որ իրենց կը դարձնէ մեծ խաղացողներ։ Դաշտին վրայ մրցակիցներ էինք, կը պայքարէինք մեր ակումբներուն եւ երկիրներուն համար։ Բայց նաեւ ֆութպոլային ընկերութիւն ունէինք։ Տիեկոն ինծի աւելի զօրաւոր դարձուց, եւ կը կարծեմ, որ ես ալ իրեն։ Մենք իրար կþօգնէինք աւելի լաւ դառնալու»։


