Ճիշդ է, որ 2026-ի Մոնտիալին տակաւին 6 ամիսներ կան, բայց շրջան կ´ընեն շատ լուրեր, որոնց պէտք է անդրադառնալ գրեթէ ամէն օր։
ՖԻՖԱ-ն վերջերս յայտնեց, որ Մոնտիալի տիտղոսակիր խումբը պիտի ստանայ 50 միլիոն տոլար, որոնք մաս մըն են 655 միլիոն տոլարի մրցանակներէն, որոնք պիտի տրամադրուին մասնակից խումբերուն։
Վերջին մոնտիալին Արժանթին ստացած էր 42 միլիոն տոլար, մինչ 2018-ին Ֆրանսա ստացած էր 38 միլիոն տոլար, բայց այս բոլորը շատ աւելի նուազ են, քան ինչ որ շահեցաւ ակումբներու Մոնտիալի տիտղոսակիր Չելսին, որ ստացաւ 100 միլիոն ամ. տոլար։
2026-ի Մոնտիալի ընդհանուր մրցանակներու հաշիւը մօտ 6 անգամ աւելի է 110 միլիոն տոլարի մրցանակէն, որ յատկացուած էր 2023-ի աղջկանց մոնտիալին, որ տեղի ունեցած էր Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ։
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթին. 2023-ին հաստատած էր, որ պարգեւները նոյնը պիտի ըլլան տղոց թէ աղջկանց Մոնտիալներուն։
Աղջկանց յաջորդ Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ 2027-ին՝ Պրազիլ։


