Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչի 12-րդ Թրիփըլ Տապըլը. Այսօր` Սան Անթոնիօ – Նիւ Եորք Նիքս

December 17, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ. Քափ» մրցաշարքի աւարտական մրցումը նկատի չ՛առնուիր բնական մրցումներու հաշիւներուն մէջ, բայց այսօր առաւօտ Վեկասի մէջ տեղի պիտի ունենայ երրորդ «Էն. Պի. Էյ. Քափ»-ի աւարտականը` Նիւ Եորք Նիքսի եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզի միջեւ:

Նիւ Եորք 132-120 արդիւնքով դուրս ձգած էր Օրլանտօ Մեճիքը, իսկ Սան Անթոնիօ Սփըրզ 111-109 արդիւնքով անակնկալի բերած էր Օքլահոմա Սիթի Թանտըրը:

Ախոյեան խումբի իւրաքանչիւր մարզիկ պիտի ստանայ 530.933 ամ. տոլար:

«Քու արդիւնքներուդ մէջ ոչ մէկ բան պիտի շահիս, եթէ յաղթես այս մրցումը, բայց մրցակցութիւնը այլ բան է: Դուն կը խաղաս ոչ միայն քեզի համար, այլ քու խումբիդ, քու միութեանդ եւ քու քաղաքիդ համար: Արդիւնքներէն աւելի կարեւոր բան կայ: Պիտի իջնես դաշտ պայքարելու, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները», ըսաւ Նիքսի աստղ Ճէյլըն Պրանսըն:

Սփըրզի աստղ Տ՛Արոն Ֆոքս ըսաւ. «Մարդիկ դրամ կը սիրեն: Այս է վիճակը: Կեանքը այս է»:

4 նախկին աւարտական հասնող խումբերը` Լէյքըրզ, Փէյսըրզ, ինչպէս նաեւ Թանտըր եւ Պաքս, բոլորը փլէյ օֆ հասան, ուր Փէյսըրզ 2024-ին Արեւելեան շրջանի աւարտական հասաւ, մինչ Թանտըր անցեալ տարեշրջանին դարձաւ ախոյեան:

Վիքթոր Ուեմպանեամա հաւանաբար չկրնայ ամբողջ մրցումին մասնակցիլ, բայց շատ կարեւոր տարրերէն մէկն է Սփըրզի խումբէն:

«Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական ախոյեանութեան մրցումներուն Տենվըր Նակեթցի մարզիկ Նիքոլա Եոքիչ, տարեշրջանի իր 12-րդ թրիփըլ տապըլը ձեռք ձգեց` նշանակելով 39 կէտ, 15 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ` Հիուսթըն Ռոքեթցի դէմ:

Հիուսթընի թուրք սենթըր Ալփերեն Շենկիւն իր կարգին թրիփըլ տապըլ ձեռք ձգեց (33 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ), բայց երկարաձգման տեղի տուաւ Տենվըրի դիմաց 3 կէտերու տարբերութեամբ (128-125):

Քեւըն Տիւրենթ 25 կէտ եւ 7 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Հիուսթընի, մինչ Ճամալ Մարէյ 35 կէտ նշանակեց ի նպաստ 2023-ի ախոյեան Նակեթցի:

Քուփըր Ֆլակ 42 կէտ նշանակեց` դառնալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ 40 կէտի սահմանը կ՛անցնի: Հակառակ Ֆլակի այս յաջողութեան, Տալաս Մեւրիքս 140-133 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Եութա Ճեզէն: Լաուրի Մարքանեն 33 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Եութայի հաշուոյն:

Նախորդը

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Առիթ Մը Եւս Կորսնցուց 4-րդ Դիրք Բարձրանալու

Յաջորդը

Լաւրով. «ԵԱՀԿ-ին Առնչուող Լաւատեսութեան Պատճառներ Չկան, Սակայն Կայ Ատոր Փլուզումէն Խուսափելու Կարելիութիւն»

RelatedPosts

«Փրեմիեր Լիկ».  Մանչեսթըր Եունայթըտ Առիթ Մը Եւս Կորսնցուց 4-րդ Դիրք Բարձրանալու
Մարզական

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Առիթ Մը Եւս Կորսնցուց 4-րդ Դիրք Բարձրանալու

December 17, 2025
Պարսելոնան Կրնայ  Նոր Սեփականատէր Ունենալ
Մարզական

Պարսելոնան Կրնայ Նոր Սեփականատէր Ունենալ

December 17, 2025
Արժանթինի Ազգային Խումբը Կրնայ  Հեռացուիլ 2026-ի Մոնտիալէն…
Մարզական

Արժանթինի Ազգային Խումբը Կրնայ Հեռացուիլ 2026-ի Մոնտիալէն…

December 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.