Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաթվիա Եւ Հայաստան Լրջօրէն Կը Հետեւին Ալպերթ Ալեքսանեանին

December 31, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ «Տը Մեչ Մինիթ» կայքի տեղեկութիւններուն, Հայաստանի եւ Լաթվիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնները ուշադրութեամբ կը հետեւին 19 տարեկան յառաջապահ Ալպերթ Ալեքսանեանի յառաջդիմութեան: Ալեքսանեան, որ հիանալի ելոյթներ կ՛ունենայ Նորվեկիոյ ախոյեանութեան մէջ, իր վրայ կեդրոնացուցած է բոլորին ուշադրութիւնը:

Նորվեկիոյ Գ. դասակարգի Ուլենսաքեր/Քիսա խումբին հետ հայ յառաջապահը արագ ձեւով դարձած է արտակարգ մարզիկ եւ Գ. դասակարգի աստղերէն:

Ան ծնած է Լաթվիա եւ մանկութենէն կը բնակի Նորվեկիա` ունենալով լաթվիական եւ նորվեկեան քաղաքացիութիւն, ինչպէս նաեւ իրաւունք` մաս կազմելու Հայաստանի հաւաքականին, իր ծագումին պատճառով:

Սակայն մինչ այս օրս ան ոչ մէկ պատանեկան կամ երիտասարդական հաւաքականի հետ ելոյթ ունեցած է:

Հակառակ իր բարձրահասակ (1,93 մեթր) ըլլալուն, ան շատ արագ է եւ ունի լաւ թեքնիք ու տաղանդ: Անոր հիմնական ուժը ձախ ծայրի յառաջապահ դիրքն է, բայց անշուշտ աջ ծայր ալ կրնայ խաղալ: Վերջին ախոյեանութեան ան խումբին 2-րդ լաւագոյն կոլ-սքորըրն էր, մինչ ակումբը գրաւած էր 5-րդ դիրքը:

2025-ին ան 10 կոլ նշանակած էր իր ակումբին հետ, 4 կոլ` ակումբի երկրորդ խումբին հետ (Դ. դասակարգ), իսկ 2 կոլ 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան: Բաժակի մրցաշարքին ալ կոլ մը նշանակած Ալեքսանեան 6 էսիսթ կատարած է:

Լաթվիոյ ֆետերասիոնը մօտէն կը հետեւի Ալեքսանեանի ելոյթներուն` մտահոգելով Հայաստանի ֆետերասիոնը, որ կանուխ քայլ մը պէտք է առնէ ձեռք ձգելու զայն անոր ազգային խումբէն: Այս յաջող տարեշրջանէն ետք Ալեքսանեանի տեղափոխութիւնը աւելի զօրաւոր ախոյեանութիւն սպասելի բան մըն է, եւ անոր միջազգային ասպարէզի ապագան կրնայ որոշուիլ մօտ ժամանակէն:

 

 

Նախորդը

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեան` Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

Յաջորդը

Ադամեանի Եւ Ռանոսի Վիճակը` Գերմանիոյ Մէջ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.