Հայաստանցի մարտիկ Սպարտակ Միքայէլեան դարձաւ միջազգային խառն մարտերու ֆետերասիոնի («Այ. Էմ. Էմ. Էֆ.») հեղինակաւոր մրցանակի դափնեկիր` ընտրուելով 2025-ի լաւագոյն ոչ արհեստավարժ մարզիկ:
Քուէարկութեան ընթացքին 21 տարեկան մարզիկը գերազանցեց Կաճի Կաճիեւը (Պահրէյն), Վենսան Վերլին (Զուիցերիա) եւ Կիմպաթ Մակոմետովը (Պահրէյն):
2025 տարին իրապէս պատմական էր Միքայէլեանի համար: Ան նուաճեց 2025-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը` Հայաստանի համար ապահովելով առաջին յաղթանակը ոչ արհեստավարժներու ախոյեանութեան: Այս յաջողութիւնը անշուշտ անոր միջազգային ասպարէզի արագ յառաջդիմութեան տրամաբանական յոյս տուաւ` դառնալու արհեստավարժ մարզիկ:
Աւելի կանուխ Սպարտակ Միքայէլեան դարձած էր նաեւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան: Ան զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 2026-ին կը ծրագրէ սկսիլ իր ելոյթները` իբրեւ արհեստավարժ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարզիկ, նոր էջ մը բանալով իր ասպարէզին մէջ:


