Մարզական

«Ֆիուչըրզ Քափ».  Կարէն Զախարեան Երկրորդ  Յաղթանակը Արձանագրեց

«Ֆիուչըրզ Քափ». Կարէն Զախարեան Երկրորդ Յաղթանակը Արձանագրեց

Պանքոքի (Թայլանտ) մէջ տեղի ունեցող 19 տարեկանէն վար «Ֆիուչըրզ քափ» միջազգային բռնցքամարտի մրցաշարքին, հայ մարտիկ Կարէն Զախարեան (60 քկ) իր երկրորդ յաղթանակը տարաւ: 1/16-րդ աւարտականի մենամարտին Զախարեան հաստատ յաղթանակ մը տարաւ ֆինլանտացի Վեթի Վահաթիթոյի նկատմամբ: Իրաւարարները միաձայն յաղթանակ շնորհած են հայ մարզիկին, որ հասաւ 1/8-րդ հանգրուան: Կարէն Զախարեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ ուքրանացի Իվան Շուլհան: Նշենք, որ միջազգային այս մրցաշարքը զտումի...

Արթուր Աբրահամի Մարզահամալիր

Արթուր Աբրահամի Մարզահամալիր

Երեւանի Շենգաւիթ շրջանի ներքին Չարբախ թաղամասին մէջ պաշտօնապէս սկսաւ Արթուր Աբրահամի անուան մարզահամալիրի շինարարութիւնը: Նախագիծը կ՛իրականանայ Երեւանի քաղաքապետարանի եւ «Սփորթուըրլտ» հիմնադրամի սերտ համագործակցութեամբ: Անոր հովանաւորն է բռնցքամարտի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ: Ապագայի մարզական կեդրոնը պիտի դառնայ շրջանի կարեւորագոյն ենթակառուցային նախագիծերէն մէկը: Նախաձեռնողներու մտայղացումով` համալիրը ուղղուած պիտի ըլլայ ոչ միայն արհեստավարժ մարզիկներուն, այլ նաեւ մարզանքի աշխարհի առաջին քայլերը առնող պատանիներուն...

Հայաստանի Մէջ Կը Բացուի  Եուվենթուսի Ակադեմիան

Հայաստանի Մէջ Կը Բացուի Եուվենթուսի Ակադեմիան

Հայաստանի մէջ Թորինօ քաղաքի «Եուվենթուս» ֆութպոլի ակադեմիան կը բանայ իր դռները յառաջիկայ օգոստոսին: Այս մասին կը յայտնէ «Եուվենթուս ակադեմիա Հայաստան»-ի մամլոյ ծառայութիւնը: «Մինչ դուք անընդհատ կը հարցնէիք եւ կը հետաքրքրուէիք ակադեմիայի բացման մանրամասնութեամբ, մենք անդադար կ՛աշխատէինք, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ կարենանք սպասուած լուրը հաղորդել: «Եուվենթուս ակադեմիա Արեմիա»-ն պաշտօնապէս կը բանայ իր դռները օգոստոս ամսուն: Մենք երկար ու պատասխանատու ճանապարհ...

23 Մարզիկներ Կարմիր Քարտեր Ստացան…

23 Մարզիկներ Կարմիր Քարտեր Ստացան…

Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը միշտ ալ հարուստ եղած է իր փայլուն աստղերով եւ դարձած է օրինաւոր ֆութպոլի դպրոց: 1980-ականներու գեղեցիկ ֆութպոլէն սպասուած արդիւնքը չքաղելով, մարզիչները սկսան աւելի արդիւնաւէտ եւրոպական քիչ մը կարծր ֆութպոլին դիմել, առաւել թեքնիք կարողութիւններէն օգտուիլ անհատական տաղանդներով հարուստ մարզիկներով, ինչ որ համեմատաբար աւելի արդիւնք տուաւ: Սակայն Պրազիլի ֆութպոլի ներքին ախոյեանութիւնը յաճախ «տաք» վիճակ կ՛ունենայ, ազդուած` հարաւային ամերիկեան ուրուկուէյցի,...

Ֆիլիփ Լամ Կասկած Ունի Գերմանական Ֆութպոլի  Զարգացումի Մեթոտաբանութեան Վրայ

Ֆիլիփ Լամ Կասկած Ունի Գերմանական Ֆութպոլի Զարգացումի Մեթոտաբանութեան Վրայ

2000 թուականին գերմանական ֆութպոլը անկումի սկսաւ, եւ արագ ձեւով որդեգրուեցան ակադեմիաները, որոնք ժամանակի ընթացքին սկսան արդիւնք տալ մինչեւ 2014, երբ Գերմանիա շահեցաւ իր 4-րդ եւ վերջին Մոնտիալի տիտղոսը: Անշուշտ հարցը այստեղ չկեցաւ, եւ եւրոպական մեծ թիւով երկիրներ նոյն քայլը առնելով սկսան իրենց որոշումին պտուղը քաղել: Մէջտեղ եկան Սպանիան եւ Ֆրանսան, մինչ իրենց ակումբներու սխալ քայլերուն իբրեւ հետեւանք Գերմանիա եւ Իտալիա...

Ֆին Կերակուսեան Հրաւիրուեցաւ  Հայաստանի Հաւաքական

Ֆին Կերակուսեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հաւաքական

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը մարտ ամսուան ընթացքին պիտի ունենայ երկու բարեկամական փորձ-մրցումներ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (26 մարտ) եւ Պիելոռուսիոյ (29 մարտ) դէմ: Գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան ընտրեց 10 մարզիկներ, որոնք օտար երկիրներու մէջ փայլուն արդիւնքներ ձեռք կը ձգեն: Մնացեալ անդամները, որոնք կը մասնակցին Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին, պիտի յայտարարուին աւելի ուշ: Ցուցակի գլխաւոր նորութիւնն էր անգլիական Սանտերլենտ ակումբի 18 տարեկան յառաջապահ...

Ըմբշամարտ.  Այսօր Կը Սկսի Եւրոպայի  Երիտասարդներու Ախոյեանութիւնը

Ըմբշամարտ. Այսօր Կը Սկսի Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւնը

Այսօր կը սկսի Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդներու (23 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը` Սերպիոյ Զրենիանին քաղաքին մէջ: Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 37 երկիրներէ աւելի քան 400 ըմբիշներ: Մետալներ պիտի բաժնուին ազատ ոճի, աղջկանց եւ յունահռոմէական ըմբշամարտի ձեւերուն մէջ: 37 ազգային ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներէն ամէնէն մեծ կազմերով պիտի ներկայանան Հայաստանը, Թուրքիան, Ուքրանիան, Ազրպէյճանն ու Ռուսիան, որոնք բոլոր կշիռներու մրցումներուն ալ ունին ներկայացուցիչներ: Ստորեւ կը ներկայացնենք...

«Հայփ Պրազիլ».  Վաղը` Ծառուկեան – Մոքայեւ

«Հայփ Պրազիլ». Վաղը` Ծառուկեան – Մոքայեւ

Վաղը, Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ տեղի պիտի ունեայ «Հայփ Պրազիլ» մրցաշարքը, ուր հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարզիկներ Արման Ծառուկեան եւ Մոհամետ Մոքայեւ պիտի մենամարտին: Երկու մարզիկները Կրեփլինկի մենամարտ «սապմիշըն օնլի» կանոններով ելոյթ պիտի ունենան: 10 վայրկեան պիտի տեւէ մենամարտը, ուր «սապմիշըն օնլի» կանոնը կը նշանակէ մրցակիցը անշարժացնել, ցաւցնել կամ խեղդել` ստիպելով, որ մրցակիցը ազատ ձգէ եւ ընդունի...

Ռուսիոյ Հայ Տաղանդները

Ռուսիոյ Հայ Տաղանդները

Շաբաթավերջին Ռուսիոյ մէջ սկսաւ երիտասարդական ֆութպոլի լիկայի նոր տարեշրջանը: Այս մրցաշարքը հինէն դարձած է կարեւոր հարթակ` երիտասարդ հայ ֆութպոլիստներու համար: Ճիշդ այստեղ շատեր առաջին անգամ իրենք զիրենք կը փաստեն` Հայաստանի հաւաքականներէն հրաւէր ստանալէ առաջ: 2026-ի եղանակին հանդէս կու գան աւելի քան տասը հայազգի խաղցողներ: Նշենք, որ 2025-էն ի վեր ախոյեանութիւնը կը կատարուի աշուն-գարուն (երթ-դարձ) ձեւով: Ստորեւ կը ներկայացնենք տարեշրջանի գլխաւոր...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` 1/8-րդ Հանգրուանը Կը Սկսի

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` 1/8-րդ Հանգրուանը Կը Սկսի

Այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի երթի փուլը: Այսօրուան առաջին մրցումին, ժամը 19:45-ին, Անգլիոյ ախոյեան Լիփըրվուլ Թուրքիոյ մէջ պիտի մրցի Կալաթասարայի դէմ: Կալաթասարայ բաւական լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, ան դուրս ձգած էր Իտալիոյ Եուվենթուսը: Կալաթասարայ իր դէմ պիտի ունենայ Լիվըրփուլը, որ բնաւ չէ կրցած յաղթել իր նախկին 5 այցելութիւններուն` կրելով 4...

Էմ. Էմ. Էյ.  Ագիթ Համադեան Կարեւոր  Յաղթանակ Արձանագրեց

Էմ. Էմ. Էյ. Ագիթ Համադեան Կարեւոր Յաղթանակ Արձանագրեց

«Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարտիկ Ագիթ Համադեան կարեւոր յաղթանակ տարաւ «Հեքզակոն Էմ. Էմ. Էյ. 41» մրցաշարքին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ: Թեթեւ կշիռի մրցումներու գծով Համադեան մրցում ունեցաւ նախապէս անյաղթ սերպ մարտիկ Սթեֆան Զուփարիչի դէմ: Մենամարտը եղաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Համադեանի ի նպաստ, ան իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթեց: Երեք ռաունտերէ ետք իրաւարարները Համադեանին շնորհեցին 29-28, 30-27 եւ 30-27 արդիւնք:...

Բռնցքամարտ.  Տիգրան Մաթեւոսեան 2 Մրցում Յաղթեց Եւ Դարձաւ Ախոյեան

Բռնցքամարտ. Տիգրան Մաթեւոսեան 2 Մրցում Յաղթեց Եւ Դարձաւ Ախոյեան

Տիգրան Մաթեւոսեան, որ «Պրուքլին» անունով ծանօթ է, դարձաւ «Ֆորս Էֆ. Սի.» ընդդէմ «Փրայմ Էֆ. Սի.» մրցաշարքի կրան-փրիի ախոյեան, նոյն երեկոյի ընթացքին երկու մենամարտ եւ երկու յաղթանակ արձանագրելով առանց ձեռնոցներու մրցումներուն: Կիսաւարտականին Մաթեւոսեան պարտութեան մատնելէ ետք Եաքով Պուքինը` իրաւարարներու միաձայն որոշումով, քանի մը ժամ ետք վերադարձաւ ռինկ եւ այս անգամ մրցեցաւ Մուսթաֆա Շարիֆովի դէմ: Մաթեւոսեան 29-28 երեք իրաւարարներու արդիւնքով կրցաւ յաղթել...

Բռնցքամարտ.  Պատերազմը Խափանեց Հայաստանի Ազգային Խումբի Ծրագիրները

Բռնցքամարտ. Պատերազմը Խափանեց Հայաստանի Ազգային Խումբի Ծրագիրները

Հայաստանի բռնցքամարտի երիտասարդներու ազգային խումբը, գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի ղեկավարութեամբ, հասաւ Թայլենտի մայրաքաղաք Պանքոք, ուր պիտի մասնակցի «Ֆիուչըրզ Քափ» 19-էն վար միջազգային մրցաշարքին: Այս մրցաշարքը զտումի մրցաշարք է եւ պարտադիր փուլ` 2026-ի պատանիներու Ողիմպիական խաղերու մրցաշարքին ընդառաջ: Սկզբունքով Հայաստան պիտի մասնակցէր հինգ Ողիմպիական կշիռի կարգերուն` շատ աւելի մասնակցութիւն բերելու նպատակով, բայց Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին պատճառով խումբը փոխադրուելու...

Ռաֆ Յայտարարեց.  Ծառուկեան – Փուլաս Վրէժի Մրցում

Ռաֆ Յայտարարեց. Ծառուկեան – Փուլաս Վրէժի Մրցում

ՌԱՖ լիկան պաշտօնապէս յայտարարեց Արման Ծառուկեանի եւ Ճիորճիօ Փուլասի միջեւ վրէժի մենամարտի մասին: Մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 28 մարտին Ֆլորիտայի ՌԱՖ 07 մրցաշարքի ընթացքին եւ պիտի կատարուի ազատ ոճի ըմբշամարտի կանոններով: Սակայն այս մրցակցութեան շուրջ իրավիճակը բաւական աղմկոտ է: Մինչեւ օրս «վրէժի մրցում»-ը պաշտօնապէս յայտարարուած է երկու տարբեր լիկաներու մէջ տարբեր կանոններով: Հայփ Պրազիլ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ յայտարարած էր...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»  Ռէալ Մատրիտ Կախակայուած

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Ռէալ Մատրիտ Կախակայուած

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» կարգապահական որոշում կայացուցած է «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին գծով Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Ռէալ Մատրիտ - Պենֆիքա (2-1) հանդիպումին վերաբերեալ: Մատրիտեան ակումբը մեղաւոր նկատուած է համակիրներու ցեղապաշտական եւ խտրական կանչերուն համար: Կարգապահական մարմինին կայացուցած որոշումին համաձայն, մատրիտեան ակումբը 15 հազար եւրոյի տուգանքի ենթարկուեցաւ, իսկ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հովանիին տակ յաջորդ հանդիպումին համար Ռէալի...

Արսենալ Կրնայ Ստիպուիլ 5 Մարզիկներ «Ղրկել» Այս Ամրան

Արսենալ Կրնայ Ստիպուիլ 5 Մարզիկներ «Ղրկել» Այս Ամրան

Յառաջիկայ ամրան Լոնտոնի Արսենալ ակումբը ստիպուած պիտի ըլլայ իր կազմէն մարզիկներու թիւը նուազեցնել` Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի նիւթական կանոնները չխախտելու նպատակով: Ըստ «Տը Թելեկրաֆ»-ի հիմնական թեկնածուներէն մէկն է խմբապետ Մարթին Օտըկարտ: Բացի նորվեկիացի միջնապահէն, ակումբին երկու սաները` Իթըն Նուաների եւ Մայլզ Լուիս-Սքելի կրնան իրենց կարգին հեռանալ: «Տը Թելեկրաֆ» կ՛աւելցնէ, որ մեծ հաւանականութեամբ ակումբը կրնան լքել նաեւ ծայրի յառաջապահ Կապրիել Մարթինելի եւ...

Ֆորմիւլա 1.  Ռասըլ Շահեցաւ Աւստրալիոյ Կրան-Փրին

Ֆորմիւլա 1. Ռասըլ Շահեցաւ Աւստրալիոյ Կրան-Փրին

Երէկ առաւօտ Աւստրալիոյ մէջ սկսաւ 2026-ի կրան-փրիի մրցաշարքը, որուն ընթացքին «Մերսետես» իր գերակայութիւնը փաստեց` գրաւելով առաջին երկու դիրքերը, շնորհիւ Ճորճ Ռասըլի եւ Քիմի Անթոնելլիի, որ գրաւեց երկրորդ դիրքը: Մրցումին սկիզբը մղուած սուր պայքարէ ետք «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լըքլերի հետ, Ռասըլ գրաւեց առաջին դիրքը եւ մնաց առաջին` յաղթելով թէ՛ մրցումը, թէ՛ ալ «Ֆեռարի»-ի 1 անիւ փոխելու ռազմավարութիւնը: Անցեալ տարուան ախոյեան «Մաքլարեն»...

Նայիր Թիքնիզեանի Սքանչելի Կոլը

Նայիր Թիքնիզեանի Սքանչելի Կոլը

Կարմիր Աստղ Պելկրատ Սերպիոյ բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն գծով 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նովի Փազար խումբը եւ հասաւ կիսաւարտական: Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Նայիր Թիքնիզեան 38-րդ վայրկեանին քառակուսիին դուրսէն ստացաւ գնդակը եւ ձախ ոտքի ուժգին հարուածով նշանակեց Նովի Փազարի բերդի վերի անկիւնէն: Մրցակից բերդապահը ոչ մէկ առիթ ունէր զսպելու այս սքանչելի կոլը: Մրցումը 28-րդ վայրկեանին կարճ ժամանակով ընդհատուած էր,...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լըպրոն Ճէյմս Բարելաւեց Քարիմ  Ապտուլ Ժապպարի Մրցանիշը

«Էն. Պի. Էյ.» Լըպրոն Ճէյմս Բարելաւեց Քարիմ Ապտուլ Ժապպարի Մրցանիշը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի իր 23-րդ տարեշրջանին Լըպրոն Ճէյմս երէկ մրցանիշ մը եւս բարելաւեց, երբ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմական մարզիկներէն Քարիմ Ապտուլ Ժապպարի մրցանիշը կոտրեց: Քարիմ Ապտուլ Ժապպար 15.837 կողովներ նշանակած էր (առանց ազատ հարուածներու), բայց Լըպրոն անցաւ այդ սահմանը, երբ Տենվըր Նակեթցի դէմ երէկուան մրցումին նշանակեց կողով մը առաջին մասի վերջին վայրկեաններուն: Ապտուլ Ժապպար իր վերջին կողովը նշանակած էր իր...

Արպելոայի Զարմանալի  Խօսքերը Եւ Ալլեկրի…

Արպելոայի Զարմանալի Խօսքերը Եւ Ալլեկրի…

Ռէալ Մատրիտ ակումբը լուրջ տագնապի մէջ կը գտնուի: Տարեշրջանի սկիզբէն անկայուն մակարդակ, մարզիչի փոխարինում, ոչ մէկ փոփոխութիւն արդիւնքի իմաստով: Վիրաւորներ կը շատնան, մինչ լուրջ հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ, 2023-էն ի վեր մեծ թիւով մարզիկներ լուրջ ձեւով կը վիրաւորուին: Ճնշումը կը բարձրանայ, եւ նոյնիսկ նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի հրաժարականը կը պահանջէին Ռէալ Մատրիտի համակիրները: Վերջերս, Ռոտրիկոյի վիրաւորուելէն ետք մարզիչ Ալվարօ Արպելոա զրոյցի մը...

Page 54 of 1275 1 … 53 54 55 … 1,275

Արխիւներ