2000 թուականին գերմանական ֆութպոլը անկումի սկսաւ, եւ արագ ձեւով որդեգրուեցան ակադեմիաները, որոնք ժամանակի ընթացքին սկսան արդիւնք տալ մինչեւ 2014, երբ Գերմանիա շահեցաւ իր 4-րդ եւ վերջին Մոնտիալի տիտղոսը: Անշուշտ հարցը այստեղ չկեցաւ, եւ եւրոպական մեծ թիւով երկիրներ նոյն քայլը առնելով սկսան իրենց որոշումին պտուղը քաղել: Մէջտեղ եկան Սպանիան եւ Ֆրանսան, մինչ իրենց ակումբներու սխալ քայլերուն իբրեւ հետեւանք Գերմանիա եւ Իտալիա ետ մնացին: 2014-ի խմբապետ Ֆիլիփ Լամ, որ այդ Մոնտիալէն ետք լքեց ազգային խումբը` առիթ տալու աւելի երիտասարդ մարզիկներու, վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին քննադատած էր գերմանական ֆութպոլի զարգացումի մեթոտաբանութիւնը:
Պատանի տաղանդներ բնաւ առիթ չունին խաղալու ակումբներու մէջ, մանաւանդ որ այդ ակումբները միշտ կը փորձեն պատրաստ մարզիկներ ձեռք ձգել արագ արդիւնք տալու համար:
Ըստ Լամի, ֆութպոլի յաջողութիւնը կը սկսի լաւ ձեւով պատրաստուելով փոքր տարիքէն: Այդ մէկը կը կարօտի կայուն մօտեցումի 14-էն 19 տարեկաններու նկատմամբ, որոնք սկիզբէն պէտք է սորվին հիմնական օրէնքներն ու մարզուելու ձեւերը: Պէտք է ակումբները ոչ միայն քաջալերեն այդ տաղանդաւոր մարզիկները, այլ նաեւ պէտք է դաստիարակչական կրթութիւն տալ անոնց:
Մասնագէտներ պէտք է երկու կամ երեք մարզիկներ ընտրեն ամէն տարիքային խումբէ: Դաստիարակչական աշխատանքի պահուն, մարզիչ մը պէտք է կարողութիւն ունենայ դասընթացքի պահուն միջամտելու եւ բացատրելու թեքնիք բարեկարգութիւնը` ցոյց տալով մարզիկներուն, թէ ո՛ւր կրնան սխալիլ եւ ո՛ւր կրնան ստեղծել եւ ստեղծագործել: Այլ պատճառ մըն ալ կայ այդ տաղանդներուն թիւի նուազումին, այդ ալ քիչ վայրկեաններ խաղալու պատճառն է: Շատեր մեծ քայլերով կ՛ուզեն յառաջանալ եւ շատ կանուխ, մինչ ուրիշներ մատի վրայ հաշուըուած մրցումներու կը մասնակցին ակումբներու հետ, որոնք կը նախընտրեն վեթերաններու վստահիլ, որպէսզի օգնեն պատանիներուն:
Տաղանդը արդիւնք կու տայ խաղալով: Լամ պահանջեց, որ «Պունտըսլիկա»-ի ակումբները առիթ տան իրեց ակումբի սաներուն աւելի յաճախակի ձեւով մրցումներու մասնակցելու: Արհեստավարժ խումբի մը մարզիկներուն թիւը 23-է աւելի պէտք չէ ըլլայ, 3 դիրքեր ձգելով պատանի տաղանդներու: Այս մէկը պատճառ կը դառնայ, որ այդ մարզիկը գիտնայ, թէ ան անհրաժեշտութիւն մըն է խումբին համար:
Ամէն տարի առնուազն երեք մարզիկներու առիթ պէտք է տրուի, որ իրենք զիրենք փաստեն: Եթէ ոչ, իմաստ չունի ակադեմիան:
Լամ օրինակ տուաւ իր օրերուն տարիքային խումբերը 1995-էն 2003, երբ Պայերն Միւնիխի պատանիներու խումբերէն ելան դէմքեր, որոնք ծանօթ էին ամբողջ Գերմանիոյ մէջ: Պասթիան Շվայնսթայկըր, Մարքուս Ֆիւլնըր, Օուըն Հարկրիվզ, Փիոթր Թրոչովսքի, Թոմաս Միւլըր, Միքայէլ Ռենզինկ, Անտրէաս Օթըլ, Քրիսթիան Լել, Եորկ Նիտերմայըր եւ Մաթս Հումելզ:
16 տարեկաններու խումբէն սկսեալ ակումբը (Պայերն) ներքին օրէնք դրած է քանի պատանի կամ երիտասարդ մարզիկ ձեռք ձգել Միւնիխէն կամ Պաւարիոյ շրջանէն դուրս գտնուող ակումբներէ: Այս մէկը նուազեցուց ծախսերը եւ նոյն պահուն տարիքային փոփոխութիւն մտցուց մէկ խումբէն միւսը` առիթ տալով բոլորին, որ խաղան:
Առանց բացառութեան բոլորն ալ արհեստավարժ ֆութպոլիստներ եղան, հակառակ անոր որ աներեւակայելի տաղանդաւոր մարզիկներ չկային: Պայերն այդ տարիներուն երկու անգամ շահեցաւ 17 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը եւ երեք անգամ 19-էն վար ախոյեանութիւնը:
Եթէ բան կ՛ուզեմ փոխել այժմու գերմանական ֆութպոլին մէջ, ապա մարզուելու ձեւն է եւ այդ օրերու Պայերնի ներքին օրէնքը բոլոր ակումբներուն մէջ կիրարկելը:
Ասկէ պէտք է օգտուին բոլոր պատանի եւ երիտասարդ խաղցողները:
Վստահ այս ձեւով ալ կրնանք մենք, Լիբանանի մէջ օգտագործել ճիշդ ձեւը մարզելու եւ սերունդներ պատրաստելու:
Լամի գաղափարը անշուշտ գերմանական ֆութպոլի առողջութեան համար է, որ օրինակ կրնայ դառնալ բոլորին:


