Մարզական

Մոնտիալէն 100 Օրեր Առաջ.  Ուալիտ Ռեկրակի Լքեց Իր Պաշտօնը

Մոնտիալէն 100 Օրեր Առաջ. Ուալիտ Ռեկրակի Լքեց Իր Պաշտօնը

Մարոքի ազգային խումբի մարզիչ Ուալիտ Ռեկրակի իր հրաժարականը յայտարարեց հինգշաբթի գիշեր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: 2026-ի Մոնտիալէն մօտ 100 օրեր առաջ անակնկալ որոշում մըն էր ասիկա: Ռեկրակի, իրեն հետ ունենալով Մարոքի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆաուզի Լեքժաան, ներկայացաւ մամլոյ ասուլիսին: «Խումբը թարմ դէմքի կարիք ունի, տարբեր ուժ, նոր հեռանկարով` նոր մարզիչ: Կը կարծեմ, որ խումբը նոր մղիչ ուժի կարիք ունի Մոնտիալէն...

«Ֆորմիւլա 1».  Վաղը Կը Սկսի Տարեշրջանը` Բազմաթիւ Հարցականներով

«Ֆորմիւլա 1». Վաղը Կը Սկսի Տարեշրջանը` Բազմաթիւ Հարցականներով

Երէկ Մելպուռնի «Ալպերթ Փարք» շրջավազքին վրայ տեղի ունեցան վաղուան «Ֆորմիւլա 1»-ի տարեշրջանի բացման մրցումի առաջին փորձերը` բազմաթիւ հարցականներով: Առաջին եւ ամէնէն մտահոգիչ հարցականը այն էր, թէ 12 եւ 19 ապրիլին Պահրէյնի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունենալիք կրան փրիները պիտի յետաձգուի՞ն, թէ՞ ջնջուին: Անշուշտ ասիկա` Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին պատճառով, Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ, ինչ որ ճամբորդութեան...

Եւրոպական Ֆութպոլէն Կարճ Լուրեր.  Եունայթըտ Պարտուեցաւ, Մարսէյ  Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Եւրոպական Ֆութպոլէն Կարճ Լուրեր. Եունայթըտ Պարտուեցաւ, Մարսէյ Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 29-րդ հանգրուանի վերջին մրցումներուն, Մանչեսթըր Եունայթըտ Մայքըլ Քարիքի հետ իր առաջին պարտութիւնը կրեց 8-րդ մրցումին, երբ Նիւքեսըլի Սենթ Ճէյմս Փարքին մէջ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ: Նիւքեսըլ առաջին կիսախաղի վերջին վայրկեաններէն 10 մարզիկներով շարունակեց, երբ միջնապահ Ճէյքոպ Ռեմսի կարմիր քարտ մը ստացաւ: Անթոնի Կորտըն փենալթիով նշանակեց Նիւքեսըլի առաջին կոլը, բայց Քասեմիրօ անմիջապէս հաւասարեցուց արդիւնքը կիսախաղի սուլիչէն առաջ: 90-րդ վայրկեանին...

Սփերձեան Լաւագոյն 25-ին Մէջ…

Սփերձեան Լաւագոյն 25-ին Մէջ…

Հայաստանի ազգային խումբի խմբապետ եւ Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարդ Սփերձեան 365 օրերու ընթացքին ամէնէն արդիւնաւէտ գործողութիւնները կատարած ֆութպոլիստներու լաւագոյն մարզիկներուն մէջ ընդգրկուեցաւ: «Սի. Այ. Ի. Էս. ֆութպոլի Օպզըրվաթըրի»-ն ուսումնասիրած է աշխարհի 67 լիկաներու ֆութպոլիստներու վիճակագրութիւնը վերջին 12 ամիսներուն` պարզելու համար, թէ որոնք են լաւագոյնները կոլերու առիթներ ստեղծելու մէջ: Հայ միջնապահը գրաւեց 24-րդ դիրքը 30 արդիւանաւէտ գործողութիւններով` նշանակելով 14 կոլ եւ կատարելով...

Հրաձգութիւն.  Հայաստանի Տղոց Խումբը Պրոնզ Մետալ Նուաճեց Վերջին Օրուան Մրցումներուն

Հրաձգութիւն. Հայաստանի Տղոց Խումբը Պրոնզ Մետալ Նուաճեց Վերջին Օրուան Մրցումներուն

Կարէն Դմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած հրաձգութեան Եւրոպայի ախոյեանութեան վերջին օրուան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի օդամղիչ ատրճանակի տղոց խումբը պրոնզէ մետալին համար մրցում ունեցաւ Պուլկարիոյ դէմ: Հայաստանի հաւաքականը, որուն մաս կը կազմէին Զաւէն Իգիթեան, Բենիկ Խլղաթեան եւ Գէորգ Մելքոնեան, ընդհանուր արդիւնքով 17-9 արդիւնքով գերազանցեց Պուլկարիոյ հաւաքականը եւ դարձաւ պրոնզէ մետալակիր: 4 ոսկի, 8 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալներով Հայաստան...

Արթուր Միրանեան Հասաւ Երեւան

Արթուր Միրանեան Հասաւ Երեւան

Հայաստանի ազգային խումբի եւ Իսրայէլի Պնէյ Սախնին ակումբի յառաջապահ Արթուր Միրանեան պատերազմական իրավիճակին սրման պատճառով լքեց Իսրայէլը եւ արդէն ապահով ձեւով հասած է Երեւան: Միրանեան կարճ զրոյցի մը ընթացքին «Սփորթմիտիա» կայքին յայտնած է, որ օտար մարզիկները քանի մը օր երկրէն դուրս բերած են: Ֆութպոլիստները ինքնաշարժներով հասած են Եգիպտոսի սահման, ուրկէ անցած են սահմանը եւ ժամանակաւոր ձեւով մնացած հոն: 6-7 ժամ...

«Ֆորմիւլա 1».  Այս Շաբաթավերջին Մելպուռնի Մէջ  Կը Սկսի Տարեշրջանը

«Ֆորմիւլա 1». Այս Շաբաթավերջին Մելպուռնի Մէջ Կը Սկսի Տարեշրջանը

Կիրակի առաւօտեան ժամը 6:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը սկսի այս տարուան «Ֆորմիւլա 1»-ի տարեշրջանը, որ պիտի բացուի Մելպուռնի (Աւստրալիա) մէջ եւ աւարտի Ապու Տապիի մէջ 6 դեկտեմբերին: Ինչպէս նշեցինք, այս տարի անակնկալ տարի մը կրնայ ըլլալ, ուր «Էֆ. Այ. Էյ.»-ի նոր օրէնքներուն հիման վրայ ինքնաշարժները ամբողջովին փոփոխութիւններ կրած են, եւ մեքենաներուն ուժը 50 տոկոս վառելանիւթի, իսկ միւս 50 տոկոսը բարդերու պիտի...

Հրաձգութիւն.  Յղի Էլմիրա Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

Հրաձգութիւն. Յղի Էլմիրա Կարապետեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

Ողիմպիական խաղերու մասնակցած հայ մարզիկ Էլմիրա Կարապետեան, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած 2026-ի Եւրոպայի հրաձգութեան ախոյեանութեան արծաթ մետալ նուաճեց 8 ամսու յղի վիճակին մէջ: Ան ցուցադրեց բարձր պատրաստուածութիւն, տոկունութիւն եւ վարպետութիւն` բարձրանալով պատուոյ հարթակ: Էլմիրա Կարապետեան 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակի աղջկանց փոխախոյեան դարձաւ, մինչ ոսկի մետալ շահեցաւ հունգարացի Վերոնիքա Մայոր: Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած շարժող թիրախ բնական...

«Հայփ Էֆ. Սի.»  Ծառուկեան – Փուլաս Վրէժի Մրցումը… Կրնայ Յետաձգուիլ

«Հայփ Էֆ. Սի.» Ծառուկեան – Փուլաս Վրէժի Մրցումը… Կրնայ Յետաձգուիլ

«Եու. Էֆ. Սի.» թեթեւ կշիռի կարգի յառաջատար մարտիկ Արման Ծառուկեան Կրեփլինկի կանոններով վրէժի մենամարտ պիտի ունենար Ճիորճիօ Փուլասի դէմ: Անցեալ շաբաթավերջին «ՌԱՖ 06» մրցաշարքին երկու մարտիկները մրցած էին իրար դէմ, եւ Ծառուկեան 5-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք հարուածած էր իր մրցակիցը, միջադէպ մը, որ աւելի ուշ վերածուած էր զանգուածային քաշքշուքի եւ ծեծկռտուքի: Մենամարտը տեղի պիտի ունենար 11 մարտին Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի...

Մարմնամարզութիւն.  Համլեթ Մանուկեան Հասաւ Աւարտական

Մարմնամարզութիւն. Համլեթ Մանուկեան 2025-ի Լաւագոյն Մարմնամարզիկ

Եւրոպայի ախոյեան, Ունիվերսիատայի յաղթող եւ Աշխարհի բաժակի մրցանակակիր, 18 տարեկան Համլեթ Մանուկեան ընտրուեցաւ 2025-ի լաւագոյն մարմնամարզիկ` համակիրներու քուէարկութեան արդիւնքներով: Մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքին մէջ տեղի ունեցած էր քուէարկութիւնը: Արդիւնքներուն համաձայն, Մանուկեան ստացած է ձայներուն 51 տոկոսը` աւելի քան մէկ միլիոն 30 հազար ձայն: Տարուան լաւագոյն մարմնամարզիկի կոչման համար Համլեթ Մանուկեան գերազանցած էր Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ, Թրամփիլինով ցատկելու Եւրոպայի ախոյեան Թոֆիք...

Ֆութսալ.  Հայաստանի Ազգային Խումբը` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 9-րդ Դիրքին Վրայ

Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Խումբը` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 9-րդ Դիրքին Վրայ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հրապարակեց ֆութսալի ազգային խումբերու դասաւորումը, ուր Հայաստանի ազգային խումբը գրաւեց 9-րդ դիրքը` 1951,975 կէտ հաւաքելով: Լաւագոյն տասնեակը կը գլխաւորէ Եւրոպայի փոխախոյեան Փորթուգալը, մինչ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա կը գրաւէ երկրորդ դիրքը: Ռուսիա կը գրաւէ երրորդ դիրքը, մինչ Ղազախստան Ուքրանիոյ դիրքը գրաւեց` 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը փոխանակելով: Վրաստան, որ 8-րդ դիրքը կը գրաւէր, դուրս մնաց լաւագոյն 10-էն: Լաւագոյն...

Մարզական Աշխարհէն.  Պատերազմը Հարուած Կը Հասցնէ Մարզական Կեանքին`  Կասկածի Տակ Դնելով Մեսսիի «Ֆինալիսիմա»-ն,  Ռոնալտոյի Մրցումները Եւ «Ֆորմիւլա 1»-ի Օրացոյցը

Մարզական Աշխարհէն. Պատերազմը Հարուած Կը Հասցնէ Մարզական Կեանքին` Կասկածի Տակ Դնելով Մեսսիի «Ֆինալիսիմա»-ն, Ռոնալտոյի Մրցումները Եւ «Ֆորմիւլա 1»-ի Օրացոյցը

Միջին Արեւելքի մէջ սկսած պատերազմը կասկածի տակ կը դնէ Լիոնել Մեսսիի, Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի եւ Լուիս Համիլթընի ելոյթները, որոնց օրացոյցին վրայ կային այցելութիւններ այդ երկիրները: Այժմէն իսկ ջնջուեցան ճամբորդական օդանաւներու փոխադրութիւններ` ազդելով բազմաթիւ ելոյթներու վրայ, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ կատարուած յարձակումներէն ետք Իրանի վրայ, շաբաթ օր առաւօտեան ժամերէն ի վեր: «Ֆորմիւլա 1»-ի կազմակերպիչներ, ինչպէս նաեւ ֆութպոլի գլխաւոր մրցումներու պատասխանատուներ արագ...

Պասքեթպոլ.  Հայաստան – Պուլկարիա 80-100

Պասքեթպոլ. Հայաստան – Պուլկարիա 80-100

Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը պարտութիւն կրեց Պուլկարիոյ հաւաքականէն, եւրոպասքեթի 2029-ի զտումի մրցումներուն: Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մրցումին Պուլկարիա 80-100 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ: Այս մրցումը եղաւ երկու ազգային խումբերու երկրորդ ճակատումը` նկատի ունենալով, որ Հայաստան Սոֆիայի մէջ ալ պարտութիւն կրած էր (98-88): Ճիշդ է, որ մրցումը աւարտեցաւ 20 կէտերու տարբերութեամբ, բայց պէտք է ըսել, որ մրցումին պատկերը գրեթէ հաւասար...

Ռուսիոյ Երիտասարդներու  Ըմբշամարտի Ախոյեանութիւն.  6 Հայ Մարզիկներ Բարձրացած Են  Պատուոյ Հարթակ

Ռուսիոյ Երիտասարդներու Ըմբշամարտի Ախոյեանութիւն. 6 Հայ Մարզիկներ Բարձրացած Են Պատուոյ Հարթակ

Ռուսիոյ Թարքօ-Սալէ քաղաքին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ 20 տարեկանէն վար Ռուսիոյ յունահռոմէական ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը: Այս մրցաշարքը զտումի մրցումներու ձեւ ունէր, այս մրցումներէն ետք հարթակ բարձրացող մարզիկները պիտի ներկայացնեն Ռուսիոյ հաւաքականը` Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցելու: Մրցումներու արդիւնքներուն հիմամբ հայկական ծագում ունեցող վեց ըմբիշներ բարձրացան պատուոյ հարթակ, երկուքը շահելով ոսկի մետալներ, իսկ 4-ը այլ մետալներ` հետեւեալ ձեւով. Ռուսիոյ ախոյեան դարձան Մանուէլ  Յարութիւնեան (87...

Հրաձգութիւն.  Լիլիթ Մկրտչեան Զոյգը  Ոսկի Մետալակիրներ

Հրաձգութիւն. Լիլիթ Մկրտչեան Զոյգը Ոսկի Մետալակիրներ

Երեւանի մէջ սկսաւ հրաձգութեան Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Առաջին օրը տեղի ունեցան 10 մեթր հեռաւորութենէն հրաձգութեան մրցումները: Հայաստանի հաւաքականը յաջող ձեւով սկսաւ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը` նուաճելով 4 մետալներ, որոնց երկուքը` ոսկի: Օրուան գլխաւոր հերոսներն էին նոյն անունը կրող երկու մարզիկներ` Լիլիթ Մկրտչեան զոյգը: 29 տարեկան Լիլիթ, որ 5 անգամ Եւրոպայի ախոյեան դարձած է, յաղթեց շարժող թիրախի 10 մեթր մրցումներուն: Իսկ երիտասարդ Լիլիթ Մկրտչեան...

Ռէալ Մատրիտ Առանց Էմպափէի Կը Պարտուի

Ռէալ Մատրիտ Առանց Էմպափէի Կը Պարտուի

Սպանիոյ եւ Եւրոպայի «հսկայ» ակումբներէն Ռէալ Մատրիտ երկուշաբթի գիշեր մեծ թիւով առիթներ կորսնցնելէ ետք անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Խեթաֆէէն (0-1) եւ այժմ 4 կէտերով ետ կը մնայ Պարսելոնայէն` 26 մրցումներէ ետք: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Խեթաֆէի ուրուկուէյցի յառաջապահ Մարթին Սաթրիանօ 39-րդ վայրկեանին: Բ. կիսախաղին վերջին մասին Ռոտրիկօ առիթ ունէր նշանակելու առնուազն հաւասարութեան կոլը, բայց անոր հարուածը բարձր անցաւ: Աւելի՛ն, Արժանթինցի...

Եամալի Նոր Մրցանիշները…

Եամալի Նոր Մրցանիշները…

Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 2025-2026 տարեշրջանի 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնայի 18 տարեկան աստղ Լամին Եամալ նոր մրցանիշեր շարունակեց կոտրել: Արդարեւ, ան Վիարէալի դէմ (4-1) մրցումին պատմական նուաճում ձեռք ձգեց` դառնալով 21-րդ դարու առաջին ֆութպոլիստը, որ լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններուն նախքան 19 տարեկան դառնալը անցած է 25 կոլերու սահմանը: Ան հեթ-թրիք իրագործեց իր կոլերու հաշիւը հասցնելով 27-ի` 95 ելոյթներու ընթացքին: Այս տարեշրջանին Եամալ...

«Ֆինալիսիմա»-ի Վայրը Կրնայ Փոխուիլ

«Ֆինալիսիմա»-ի Վայրը Կրնայ Փոխուիլ

Սպանիոյ եւ Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնները բանակցութիւններ կը վարեն «Ֆինալիսիմա-2026»-ի մրցումին վայրը փոխելու շուրջ: Հանդիպումը 27 մարտին Քաթարի մէջ տեղի պիտի ունենար, բայց Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակին պատճառով երկու երկիրներու ֆութպոլի ֆետերասիոնները հանդիպումը այլ մարզադաշտ տեղափոխելու նպատակայարմարութիւնը կ՛ուսումնասիրեն: Թէեւ պաշտօնական յայտարարութիւն առայժմ հրապարակուած չէ, բայց երկու կողմերը լրջօրէն կը մտածեն նախնական վայրի հարցը վերանայման ենթարկել: Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ,...

Մանչեսթըր Սիթի Կը Հետեւի Վինիսիուսին

Մանչեսթըր Սիթի Կը Հետեւի Վինիսիուսին

Մանչեսթըր Սիթի ուշադիր ձեւով կը հետեւի Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Վինիսիուս Ժունիորի պայմանագիրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին: Անգլիական ակումբը մտադիր է համոզել պրազիլցի ֆութպոլիստը` միանալու իրենց, ինչպէս կը յայտնէ Սպանիոյ «Մարքա» պարբերականը: Ըստ աղբիւրին, անգլիական ակումբը պատրաստ է Վինիսիուսին առաջարկել այնպիսի նիւթական պայմաններ, որոնք մատրիտեան ակումբը չի կրնար ապահովել աշխատավարձերու սահմանաչափին պատճառով: Կը նշուի, որ «Սիթիզընզ» կը փորձեն համոզել պրազիլցի ֆութպոլիստը չերկարաձգելու...

Իզաք Տրոկպա Միացաւ Հայքին

Իզաք Տրոկպա Միացաւ Հայքին

Երկու օրեր յետաձգուելէ ետք կլիմայական վատ պայմաններուն պատճառներով, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը շարունակուեցաւ երկուշաբթի օր: Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցան երեք մրցումներ: «Հայք» ֆութպոլի ակումբը 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պենթունիթ խումբը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Արմէն Մանուչարեան: Սակայն բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր «Հայք»-ի յայտացուցակին վրայ գտնուող Իզաք Տրոկպայի անունին վրայ: Իզաք պատմական յառաջապահ Տիտիէ...

Page 55 of 1275 1 … 54 55 56 … 1,275

Արխիւներ