Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը միշտ ալ հարուստ եղած է իր փայլուն աստղերով եւ դարձած է օրինաւոր ֆութպոլի դպրոց: 1980-ականներու գեղեցիկ ֆութպոլէն սպասուած արդիւնքը չքաղելով, մարզիչները սկսան աւելի արդիւնաւէտ եւրոպական քիչ մը կարծր ֆութպոլին դիմել, առաւել թեքնիք կարողութիւններէն օգտուիլ անհատական տաղանդներով հարուստ մարզիկներով, ինչ որ համեմատաբար աւելի արդիւնք տուաւ:
Սակայն Պրազիլի ֆութպոլի ներքին ախոյեանութիւնը յաճախ «տաք» վիճակ կ՛ունենայ, ազդուած` հարաւային ամերիկեան ուրուկուէյցի, չիլիցի եւ արժանթինցի ֆութպոլիստներու խաղարկութենէն:
Անցեալ շաբաթավերջվին, Մինէյրօ շրջանի ախոյեանութեան աւարտական մրցումին, իրար դէմ կը մրցէին Քրուզէյրոն եւ Աթլեթիքօ Մինէյրոն:
60-րդ վայրկեանին Եուվենթուսի նախկին յառաջապահ Քայօ Ժորժ նշանակեց մրցումին միակ կոլը, եւ Քրուզէյրօ յաղթանակի կ՛ուղղուէր: Շատ կորսուած վայրկեաններ անցընելէ ետք, Աթլեթիքօ Մինէյրոյի վեթերան բերդապահ Էվերսոն գնդակը երկու անգամով զսպեց, բայց Քրիսթիան, որ երկրորդին կը փորձէր հասնիլ գնդակին, հարուածեց բերդապահին: Բերդապահը արդէն արդիւնքէն դժգոհ եղաւ ծունկով վիրաւորեց Քրիսթիանը, բայց… վրայ հասան պահեստի մարզիկները եւ սկսան հարուածել բերդապահին: Սկսաւ զանգուածային ծեծկռտուք: Մօտ 10 վայրկեան ետք իրաւարարը 12 մարզիկներ Քրուզէյրոյէն եւ 11 մարզիկներ Աթլեթիքօ Մինէյրոյէն վտարեց:
Հետաքրքրականը այն է, որ հանդարտելէ ետք ամէն ինչ, Քրուզէյրօ ստացաւ այս շրջանի բաժակը եւ տօնեց բնական ձեւով:


