«Փրեմիեր Լիկ». Տաումենի Նոր Մրցանիշը Եւ Արսենալի Առաւելութիւնը…
Շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 30-րդ հանգրուանի մրցումները: Առաջին դիրքը գրաւող Արսենալ, որ շատ լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ, իր 31-րդ մրցումը կատարեց եւ շատ «թանկագին» յաղթանակ մը արձանագրելով 9 կէտերով հեռացաւ Բ. դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթիէն: Առաջին կիսախաղին մրցակից Էվըրթըն աւելի վտանգաւոր առիթներ ունէր, բայց 89-րդ վայրկեանը կը մօտենար երբ արդիւնքը տակաւին 0-0 է: Էքուատորցի յետսապահ Փիեռօ Հինքափի փոխանցումէն օգտուելով...




















