Հայաստանի մէջ Թորինօ քաղաքի «Եուվենթուս» ֆութպոլի ակադեմիան կը բանայ իր դռները յառաջիկայ օգոստոսին: Այս մասին կը յայտնէ «Եուվենթուս ակադեմիա Հայաստան»-ի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Մինչ դուք անընդհատ կը հարցնէիք եւ կը հետաքրքրուէիք ակադեմիայի բացման մանրամասնութեամբ, մենք անդադար կ՛աշխատէինք, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ կարենանք սպասուած լուրը հաղորդել: «Եուվենթուս ակադեմիա Արեմիա»-ն պաշտօնապէս կը բանայ իր դռները օգոստոս ամսուն: Մենք երկար ու պատասխանատու ճանապարհ անցանք, ստեղծելու համար միջավայր մը, որ կը համապատասխանէ միջազգային բարձր չափանիշերուն եւ կը դառնայ իրական կարելիութիւն` ստանալու բարձրակարգ ֆութպոլի կրթութիւն:
Մօտիկ ապագային տեղի կ՛ունենայ նաեւ մամլոյ ասուլիս, ուր կը տրուին ձեր բոլոր հարցումներուն պատասխանները, նշուեցաւ կառոյցի տարածած յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ ակադեմիան պիտի ունենայ երկու կեդրոն, մէկը` Աւան, Աճառին 20/4 հասցէով, իսկ միւսը Ծիծեռնակաբերդի խճուղի 2/3 հասցէով, «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ: Աւելի կանուխ հաղորդուած էր նաեւ, որ պիտի կառուցուի բարձրակարգ պանդոկ` իր ֆութպոլի ենթակառուցային դրութեամբ, որ պիտի ըլլայ առաջինը` Երեւանի մէջ:


