Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Պէյրութ Ֆըրսթ` 83-37
Շաբաթ օր, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը 83-37 արդիւնքով շատ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ եւ վաղը պիտի ըլլայ հիւրը ախոյեան Ռիատիի` վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Պատերազմական գործողութիւններու դադարէն ետք, երբ խումբերը սկսան առանց օտարներու խաղալ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ Ռիատիի գերակայութիւնը շատ յստակ էր: Նոյնիսկ առանց 2 օտարներու ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը կը խաղար 8-9 մարզիներով, որոնք...




















