Պասքեթպոլ. Անդրանիկ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 67-98
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 98-67 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկը, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ Անթիլիաս քիչ մը դանդաղ սկսաւ մրցումը, բայց հետզհետէ մարզիկները իրենք զիրենք գտան եւ շատ աւելի լաւ շարունակեցին մրցումը: 26-18 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, ՀՄԸՄ աւելի կէտեր կրցաւ նշանակել Բ. մասին, միեւնոյն ժամանակ աւելի լաւ պաշտպանելով (30-10): Գ. մասին վիճակը նոյնն...




















