Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Սան Անթոնիօ Սփըրզ Յաղթեց Օքլահոմայի Մէջ Եւ Դարձաւ Արեւմտեան Շրջանի Ախոյեան

June 1, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամերուն Արեւմտեան շրջանի աւարտական մրցումի 7-րդ եւ վճռական ճակատումին, Սան Անթոնիօ Սփըրզ կրցաւ վերջին մասին յաղթել անցեալ տարուան ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին 111-103 արդիւնքով, դառնալ շրջանի ախոյեան եւ հասնիլ աւարտական մրցումին:

«Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ Արեւմտեան շրջանի ախոյեան Սփըրզը եւ Արեւելեան շրջանի ախոյեան Նիւ Եորք Նիքսը` 1999-ի աւարտականին կրկնութեամբ:

1999-ին Սան Անթոնիօ Սփըրզ պատմական մարզիկ Թիմ Տանքընի հետ կրցած էր յաղթել 4-1 արդիւնքով` ձեռք ձգելով իր պատմութեան առաջին տիտղոսը, աւելի ուշ ախոյեանութիւնը շահելով նաեւ 2003-ին, 2005-ին, 2007-ին եւ 2014-ին:

Նիւ Եորք Նիքս, որ աւելի հռչակաւոր անուն ունի, միայն 2 անգամ կրցած է ախոյեան դառնալ, այդ ալ` 1970-ին եւ 1973-ին:

Անցեալ տարի Նիւ Եորք կրցած էր շահիլ «Էն. Պի. Էյ. Քափ» մրցաշարքը: Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումին, Սան Անթոնիօ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ 7 կէտեր առաւելութիւն ունեցաւ առաջին մասին, բայց Օքլահոմա, շնորհիւ Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտրի, մօտեցաւ` նշանակելով 35 կէտեր եւ 9 էսիսթներ:

Պէտք է ըսել, որ ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամա շատ մեծ դեր ունեցաւ այս ճակատումներուն եւ հակառակ տակաւին 22 տարեկան ըլլալուն եղաւ խումբին հիմնական ղեկավարը` շնորհիւ իր 224 սմ հասակին եւ ճկունութեան: Ան 22 կէտ նշանակեց այս մրցումին, բայց 191 կէտ կրցաւ նշանակել Օքլահոմայի դէմ կատարուած 7 ճակատումներուն, որոնց ընթացքին ձեռք ձգեց նաեւ 76 ռիպաունտներ:

Ճուլիըն Շամփենյի 20 կէտեր աւելցուց ի նպաստ Սփըրզի, շնորհիւ իր 6 3 կէտնոց կողովներուն, մինչ Սթեֆըն Քեսըլ 16 կէտեր աւելցուց վերջին մասին` առիթ չտալով Օքլահոմային, որ մօտենայ:

Պէտք է ըսել, որ անցեալ տարուան «Էն. Պի. Էյ. Քափ»-ի աւարտականին Նիւ Եորք Նիքս կրցած էր 124-113 արդիւնքով յաղթել նոյնինքն Սփըրզին, որ այս տարի աւելի «հասուն» պասքեթպոլ կը ցուցաբերէ:

Աւարտականի (Արեւմտեան) լաւագոյն մարզիկ («Էմ. Վի. Փի.») ընտրուեցաւ «Ուեմպի», որ առիթ ունի դառնալու «Էն. Պի. Էյ.»-ի տիտղոսակիր` Նիւ Եորք Նիքսի դէմ:

Աւարտական մրցումներուն ճակատումները կը սկսին հինգշաբթի առաւօտեան ժամերուն, երբ Սփըրզ պիտի հիւրընկալէ առաջին երկու մրցումները` բնական տարեշրջանին աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրած ըլլալուն պատճառով:

Ուրեմն աւարտական մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ մէկ կողմէ Ուեմպին, Շամփենյին, Տեւըն Վեսըլը, Սթեֆըն Քեսըլը եւ Տէ՛Անտրէ Ֆոքսը, իսկ միւս կողմէ` Նիւ Եորք Նիքսի հնգեակը` Ճէյլըն Պրանսընը, Միքալ Պրիճզը, Քարլ-Անթոնի Թաունզը, Օճի Անունոպին եւ Ճոշ Հարթը: Նիւ Եորքի մարզիկները աւելի 30 տարեկանի մօտ եւ փորձառու մարզիկներ են, բայց Սփըրզի երիտասարդները շատ աւելի արդիւնաւէտ կրնան ըլլալ:

Նախորդը

Թենիս. Ռոլան Կարոսի Առաջին Շաբաթը` Մեծ Անակնկալներով

Յաջորդը

Չեմփիընզ Լիկ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Պահեց Իր Ախոյեանի Տիտղոսը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.