Փարիզ Սեն Ժերմեն դարձաւ պատմութեան առաջին ֆրանսական ակումբը, որ յաջողութեամբ պաշտպանեց «Եու.Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի իր տիտղոսը, աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք Անգլիոյ Արսենալը վճռական փենալթիներով (4-3):
Առաջին անգամ ըլլալով ֆրանսական եւ անգլիական ակումբներ կը մրցէին իրար դէմ աւարտական մրցումի մը, որուն ընթացքին Արսենալ 6-րդ վայրկեանէն օգտուեցաւ պզտիկ սխալէ մը, եւ գերմանացի Քայ Հավերթց նշանակեց Լոնտոնի ակումբի կոլը:
Փարիզ Սեն Ժերմեն անակնկալի եկաւ եւ ձեռնարկեց սուր յարձակումներու, որոնք սակայն վտանգաւոր չէին Արսենալի բերդին վրայ:
Բ. կիսախաղին Արսենալ շարունակեց պաշտպանուիլ, բայց զգալի էր, որ խումբի խաղաձեւին մէջ զգալի փոփոխութիւններ եղան մանաւանդ 60-րդ վայրկեանէն ետք:
Ուսման Տեմպելէ փենալթիով նշանակեց հաւասարութեան կոլը 65-րդ վայրկեանին, ապա այդ փենալթիին պատճառ դարձած Քրիսթիան Մոսքերա եւ խմբապետ Մարթին Օտեկաարտ փոխարինուեցան: Նետերլանտցի Եուրիըն Թիմպերի (աջ յետսապահ) եւ յառաջապահ Վիքթոր Եոքերեշի դաշտ ներկայանալը մասնաւոր բան չփոխեց, հակառակ անոր որ Արսենալ մանաւանդ երկարաձգման սկիզբէն դաշտ ներկայացուց սպանացի միջնապահ Մարթին Սուպիմենտին եւ Էպերեչի Էզէն:
Երկարաձգման ընթացքին Արսենալ աւելի կը յառաջանար, բայց սպասուածը չէր ֆութպոլի համակիրներուն համար, երբ ակումբ մը «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական կը հասնի եւ 120 վայրկեաններու ընթացքին 7 անգամ միայն կը հարուածէ դէպի մրցակիցի բերդը: Հետաքրքրականը այն է, որ այդ 7 հարուածներէն միայն 1-ը բերդի ուղղութեամբ էր, եւ այդ ալ Հավերթցի կոլն էր:
Ճիշդ է, որ Միքել Արթեթայի ակումբը Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ը շահեցաւ, բայց ֆութպոլի իմաստով այդ սպասուած ելոյթը չունեցաւ, եւ զգալի էր, որ իր յաջողութիւնը հիմնուած էր պաշտպանողական գիծին վրայ` մրցակիցներուն ձախող տարեշրջանէն օգտուելով:
Փարիզ Սեն Ժերմեն ինքզինք բախտաւոր պէտք է զգայ, այդքան ալ «աշխուժ» մրցակից մը չունենալուն համար, եւ ան մեծ թիւով առիթներ կորսնցնելով հանդերձ կրցաւ փենալթիներով յաղթել:
Կիսաւարտականին Պայերն Միւնիխի դէմ մարզիկները ուժաթափ եղած էին մրցումի վերջին 10-15 վայրկեաններուն, եւ Տեմպելէի, Քվարացխելիայի եւ Վիթինիայի նման փայլուն աստղեր նոյն վիճակը ունեցան եւ փոխարինուեցան մրցումի վերջին բաժինին, մինչ մարզիչ Լուիս Էնրիքէ հիմնական մարզիկներու մակարդակի պահեստի մարզիկներ չունէր:
Երբեմն բախտը շատ անգամ աւելի կարեւոր կ՛ըլլայ, երբեմն ալ իրաւարարները սխալ սուլիչներով խումբեր դուրս կը մնան աւելի կանուխ հանգրուաններէ: Ֆութպոլասէր համակիրներուն համար շատ աւելի հաճելի կրնար ըլլալ, որ Պարսելոնայի կամ Պայերն Միւնիխի նման խումբեր հասնէին Փարիզ Փեն Ժերմենի կողքին դիտելու բարձր մակարդակի յարձակողական ֆութպոլ: Բայց ինչպէս կ՛ըսեն, միշտ լաւ խաղցողը չի յաղթեր, եւ ֆութպոլը միշտ ալ արդար չէ:
Ուրեմն Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր, մինչ Արսենալ 2006-էն ետք երկրորդ անգամ ըլլալով ձախողեցաւ աւարտականին յաղթելու եւ կը մնայ առանց «Չեմփիընզ լիկ»-ի:


