«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Նիքս Յաղթանակով Սկսաւ
Երէկ առաւօտեան ժամերուն սկսաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ - Նիւ Եորք Նիքս աւարտական ճակատումը: «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտականի առաջին ճակատումը Թեքսասի մէջ էր, ուր Սան Անթոնիօ հիւրընկալեց Նիքսը: Դաշտը կը գտնուէին Սան Անթոնիոյի նախկին մարզիչ Կրեկ Փոփովիչ, որ միշտ ալ ներկայ եղած է ամէն անգամ, որ Սփըրզ աւարտական հասնի, մինչ ներկաներուն կարգին էին նաեւ Սփըրզի նախկին աստղեր Տէյվիտ Ռոպինսըն, Թիմ Տանքըն,...




















