Միջազգային մարզական մամուլը յայտնեց, որ Լիոնել Սքալոնի պիտի շարունակէ գլխաւորել Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբը:
Շատ հաւանական է, որ Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երկարաձգէ 44 տարեկան մասնագէտին պայմանագրութեան ժամկէտը, որ աւարտած է 13 դեկտեմբեր 2022-ին:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, նոր համաձայնագիրը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 30 յունիս 2026:
Նշենք, որ ան Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնեց 2018-ին:


