Փոխանցումներու Աշխարհէն. Կիմարայէշ Եւ Սալահ Շաբաթավերջին Միացան Նոր Ակումբներու
Շաբաթավերջին պրազիլցի Պրունօ Կիմարայէշ Նիւքեսըլը լքելով միացաւ Արսենալին, որ շատ զօրաւոր միջնապահ գիծ մը ունեցաւ: Նիւքեսըլի համար ցաւալի ժամանակ մըն է, մանաւանդ որ Սանտրօ Թոնալի նախապէս միացած էր Թոթենհամին 100 միլիոն սթերլինկ փաունտի փոխարէն, եւ այժմ այլ միջնապահ մը` Կիմարայէշ, որ անցեալ տարեշրջանին խումբին լաւագոյն մարզիկն էր, միացաւ Արսենալին 75 միլիոն սթերլինիկ փաունտի փոխարէն: Լիվըրփուլի եգիպտացի աստղ Մոհամետ Սալահ միացաւ...




















