Փարիզի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի ջրային խաղերու ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանի հաւաքականը:
Աղջկանց անհատական սուզուելու մրցումներուն, Ալեքսանտրա Պիպիքինա ութերորդ դիրքը գրաւեց մէկ մեթր հարթակէն ցատկելու մրցումներուն:
Աւարտականին Պիպիքինա 236 կէտ ձեռք ձգեց, մինչ առաջին դիրքը գրաւեց իտալացի Քիարա Փելաչանի` 298,90 կէտ ձեռք ձգելով:
Բ. դիրքը գրաւեց զուիցերիացի Միշէլ Լուիզա Հայմպերկ 258,80 կէտով, մինչ բրիտանացի Տեշարնէ Պենթ-Ալմէյլ 254,35 կէտ հաւաքելով գրաւեց 3-րդ դիրքը:
Պիպիքինա երեք մեթր բարձրութենէ ցատկելու մրցումներուն ալ պիտի մասնակցի:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականին մաս կը կազմեն նաեւ Մարատ Գրիգորեան, որ խմբային խառն մրցումներուն գրաւեց 9-րդ դիրքը` իրեն հետ ունենալով Զաքարեանը, Արման Ենոքեանը, ինչպէս նաեւ Պիպիքինան:


