Թայլանտի Եալա ակումբի ֆութպոլիստ Սոֆուան Աուայէ (24 տարեկան) ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին կայծակի հարուած մը ստանալով մահացաւ:
Ակումբը հաստատեց, որ իր նորեկ մարզիկներէն Սոֆուան, Թայլանտի բաժակի մրցումի մը ընթացքին ծանրօրէն վնասուած է կայծակէն եւ աւելի ուշ մահացած է հիւանդանոցին մէջ: Անոր կողքին 2 այլ մարզիկներ վիրաւորուած էին:
Եալա ակումբը ցաւակցութիւն յայտնած է Աուայէի ընտանիքին` ողբերգական արկածին առիթով:
Նշենք, որ Եալա ակումբը մաս կը կազմէ Թայլանտի Գ. դասակարգի խումբերուն եւ ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանէն ետք կը գրաւէ երրորդ դիրքը:


