Շաբաթավերջին պրազիլցի Պրունօ Կիմարայէշ Նիւքեսըլը լքելով միացաւ Արսենալին, որ շատ զօրաւոր միջնապահ գիծ մը ունեցաւ:
Նիւքեսըլի համար ցաւալի ժամանակ մըն է, մանաւանդ որ Սանտրօ Թոնալի նախապէս միացած էր Թոթենհամին 100 միլիոն սթերլինկ փաունտի փոխարէն, եւ այժմ այլ միջնապահ մը` Կիմարայէշ, որ անցեալ տարեշրջանին խումբին լաւագոյն մարզիկն էր, միացաւ Արսենալին 75 միլիոն սթերլինիկ փաունտի փոխարէն:
Լիվըրփուլի եգիպտացի աստղ Մոհամետ Սալահ միացաւ Թուրքիոյ Տրապեզոնսփոր ակումբին: Սալահ, որ 17 միլիոն եւրօ պիտի գանձէր տարեշրջանին ընթացքին, կրնայ միանալ Լիվըրփուլի եւ նախկին խմբակից Տարուին Նունիեսին, որ միացած էր Սէուտական Արաբիոյ Հիլալին, որ համաձայնեցաւ մէկ տարուան համար աշխատավարձով Նունիեսը փոխանցել Տրապիզոնսփորին:
Նունիես իր նոյն աշխատավարձը պիտի ստանայ, որ 5 միլիոնով աւելի է քան Սալահի աշխատավարձը (22 միլիոն եւրօ): Ուրուկուէյցի Նունիես Լիվըրփուլի հետ աւելի նուազ կը ստանար, քան Սալահը, բայց Թուրքիոյ մէջ աւելի պիտի ստանայ:
Մանչեսթըր Սիթիի բերդապահ Ճէյմս Թրաֆորտ միացաւ Լիծ Եունայթըտին 45 միլիոն սթերլինկ փաունտի փոխարէն:
Սիթի, որ անցեալ տարի ձեռք ձգած էր Թրաֆորտը Պըրնլիի հետ փայլելէ ետք, 3 մրցումներ հազիւ դաշտ ներկայացուցած Փարիզ Սեն Ժերմենի Ճիանլուիճի Տոնարուման ձեռք ձգած էր եւ պահեստի աթոռներ վերադարձուցած Թրաֆորտը:
Թրաֆորտ 2023-ին, լքած էր Սիթին` մաս կազմելու խումբի մը, ուր հիմնական բերդապահ պիտի ըլլար…
Անակնկալ քայլով մը, Լիվըրփուլ ձեռք ձգեց Պարսելոնայի ուրուկուէյցի յետսապահ Ռոնալտ Արաուխոն:
Անթոնի Իրաոլա Լիվըրփուլի մարզիչ նշանակուելէ ետք իր առաջին պաշտպանողական քայլը առաւ` նկատելով լուրջ հարցեր:
Լիվըրփուլ, որ անցեալ տարեշրջանին չկրցաւ լաւապէս օգտուիլ Վերճել Վան Տայք-Ճօ Կոմես-Քոնըր Պրատլի-Ճերեմի Ժաքէ-Ճիովաննի Լէոնի հնգեակէն, քանի մը օր առաջ 4-2 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Լիծէն` 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք:
Ճիշդ է, որ փորձ-մրցումը մասնաւոր արժէք չունի, բայ Իրաոլա ըստ երեւոյթին չ՛ուզեր տարեշրջանը սկսիլ որեւէ կասկածելի դիրքով կամ մարզիկով:
Արաուխօ փոխ տրուած է Պարսելոնայէն եւ կրնայ խաղալ թէ՛ կեդրոնի յետսապահ, թէ՛ ալ ծայրի յետսապահ դիրքերուն վրայ:


