Մարզական

Արթուր Սարգիսով Հեռացաւ Մորտովայէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով հեռացաւ Սարանսքի Մորտովայէն, հաղորդեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Կը նշուի, որ երկու կողմերը համաձայն գտնուած են խզել իրարու միջեւ ստորագրուած պայմանագրութիւնը: Խումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգիսովին` անոր մաղթելով յաջողութիւն, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին շարունակման մէջ: 29 տարեկան Սարգիսով, որ նախորդ տարի միացած էր Մորտովային, Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20 մրցումի ընթացքին նշանակեց 5 կոլ:

«Էն. Պի. Էյ.»- Սելթիքս Յաղթեց Ճեզի. Թոմաս Նշանակեց 29 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Մեմֆիս Կրիզլիզը, 116-102 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Պոսթըն Սելթիքս արձանագրեց իր 21-րդ յաղթանակը` 115-104 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Եութա Ճեզը: Ի նպաստ յաղթական կազմին Իսայահ Թոմաս նշանակեց 29 կէտ: Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ - Մինեսոթա Վուլվզ 93-91 Պոսթըն Սելթիքս - Եութա Ճեզ 115-104 Ինտիանա...

Օզպիլիս Կրնայ Փոխ Տրուիլ Ատանասփորի

News.am-sport կայքը կը հաղորդէ, որ շատ հաւանաբար Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ թրքական Պեշիքթաշի միջնապահ Արազ Օզպիլիս փոխ տրուի Ատանասփորի: Այս առնչութեամբ երկու ակումբներուն միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: Իր կարգին, 26 տարեկան Օզպիլիս դէմ չէ այս գաղափարին, որովհետեւ կ՛ուզէ խաղադաշտ իջնել եւ մրցումներու մասնակցիլ: Թուրքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Ատանասփոր 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 18-րդ եւ...

Տորթմունտի 18 Տարեկան Ֆութպոլիստը Աւարտեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Պորուսիա Տորթմունտի երիտասարդ ֆութպոլիստ Տարիօ Սքուտերի, ծանր վնասուածքի պատճառով աւարտեց իր արհեստավարժ ասպարէզը: Գերմանական ակումբին 18 տարեկան իտալացի յետսապահը, Տորթմունտի երիտասարդական խումբին հետ ծանր վնասուածք ստացած էր, երբ վիրաւորած էր իր ծունկը: Թէեւ 10 օրուան ընթացքին բժիշկները կատարեցին 8 վիրաբուժութիւններ, սակայն Սքուտերի ստիպուած եղաւ հրաժեշտ տալ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:  

Եուվենթուս Կը Մերժէ Պարսելոնայի Առաջարկը

Իտալական մամուլը կը հաղորդէ, որ Եուվենթուս մերժեց Պարսելոնայի մէկ առաջարկը, որով վերջինս կ՛ուզէր ձեռք ձգել Եուվէի յառաջապահը` Փաուլօ Տիպալան: Կը նշուի, որ Պարսելոնա կ՛ուզէ անոր փոխանցման արժէքը աւելցնել, մինչ Եուվենթուս կ՛ուզէ նոր պայմանագիր մը կնքել իր արժանթինցի ֆութպոլիստին հետ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – ՀՄԸՄ

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը մրցի Հուփսի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 17:30-ին: Ցարդ յաջորդական յաղթանակներով պսակուած իր վեց մրցումներով ՀՄԸՄ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Իսկ Հուփս, որ ցարդ իր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ պարտուած է եւ յաղթանակի համը...

Ֆութսալ.  Այսօր` Դրամատուներու Աւարտական Մրցումը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Կազմը Զոհ` Իրաւարարներու Անարդար Սուլիչին

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, շաբաթ, 31 դեկտեմբերին կատարեց 2016 տարուան իր վերջին մրցումը, երբ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Տըքուանէ, Մար Ռուքոզ) ճակատեցաւ Ֆըրզոլի դէմ: ՀՄԸՄ-ի կազմը, 2-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք իր մրցակիցը, Ա. կիսախաղը աւարտեց 2-2 հաւասարութեամբ: Սակայն պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի նշանակած...

Արթուր Ալեքսանեան` 2016 Տարուան Լաւագոյն Մարզիկ

Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու ախոյեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան ճանչցուեցաւ իբրեւ 2016 տարուան Հայաստանի լաւագոյն մարզիկը, News.am-Sport կայքին կողմէ կազմակերպուած լաւագոյն մարզիկի քուէարկութեան ընթացքին: Ան ապահովեց հարցախոյզին մասնակցողներու ձայներուն 46 առ հարիւրը: 2-րդ դիրքը գրաւեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան (43 առ հարիւր): Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ռիոյի խաղերու փոխախոյեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ...

Անգլիական Ֆութպոլ. Մխիթարեանի Կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտը` Յաղթական

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, իր դաշտէն դուրս 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Խուան Մաթթայի եւ Զլաթան Իպրահիմովիչի նշանակած կոլերուն շնորհիւ ապահովելով 39 կէտ, այժմ Մանչեսթըր կը գրաւէ 6-րդ դիրքը: Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 65-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով...

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան Նահանջեց 9-րդ Դիրք

Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, ՖԻՏԷ-ի կողմէ հրապարակուած յունուար ամսուան միջազգային նոր դասաւորման մէջ երկու դիրք նահանջելով գրաւեց 9-րդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն: Ստորեւ` առաջին տասնեակին նոր դասաւորումը.   ԿԷՏ 1.- Մակնիւս Քարլսըն (Նորվեկիա) 2840 2.- Ֆապիանօ Քարուանա (Միացեալ Նահանգներ) 2827 3.- Վլատիմիր Քրամնիք (Ռուսիա) 2811 4.- Ուեսլի Մօ (Միացեալ Նահանգներ) 2808 5.-...

«Էն. Պի. Էյ.».  Պուլզ Յաղթեց. Պաթլըր Նշանակեց 52 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.». Պուլզ Յաղթեց. Պաթլըր Նշանակեց 52 Կէտ

Ճիմի Պաթլըր «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճիմի Պաթլըր (52 կէտ), երբ անոր կազմը` Շիքակօ Պուլզ, արձանագրեց իր 17-րդ յաղթանակը` 118-111 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Շարլոթ Հոռնեթցը: Վերջինիս մաս կազմող Քեմպա Ուոքըր նշանակեց 34 կէտ: Երէկուան մրցումներուն մեծագոյն յաղթականը եղաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ 127-119 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Տենվըր Նակեթցին: Քլէյ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Թատամոն-ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 34-114

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ կատարեց տարեշրջանի իր երկրորդ մրցումը (խումբը Ա. հանգրուանին մրցում չկատարեց), արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ (Զուք) 114-34 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թատամոնը (39-5, 22-11, 36-8 եւ 17-10): Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Այտա Պախոս (23 կէտ),...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լուէյզի Յաղթեց Սաժեսին` 79-74 Արդիւնքով

Երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի եւ 2016 տարուան վերջին ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, երբ Սանթրալի դաշտին վրայ Լուէյզի հիւրընկալեց Սաժեսը: Ռիատի Պէյրութի, Պիպլոսի եւ Թատամոնի նման Լուէյզի արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը, մինչ Սաժես կրեց իր չորրորդ պարտութիւնը` Շանվիլի, Մութթահետի եւ Մէյրուպայի նման: Լուէյզի երէկուան իր այս յաղթանակը արձանագրեց 79-74 արդիւնքով (21-14, 39-39, 60-55 եւ...

Թեւեզ Դարձաւ Աշխարհի Ամէնէն Աւելի Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլիստը

Չինական Շանկհայ Շենհուա ֆութպոլի ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր կազմին միացուց արժանթինեան Պոքա Ժունիորզի յառաջապահ Քարլոս Թեւեզը: Թէեւ անոր փոխանցման մանրամասնութիւնները ցարդ այդքան ալ յստակ չեն, սակայն կը նշուի, որ 32 տարեկան արժանթինցին իր նոր ակումբէն պիտի գանձէ տարեկան 40 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Այսպիսով, ան կը դառնայ աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը: Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Շանկհայ Չինաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան...

Խաշմանեան Ստացաւ Տարուան Լաւագոյն Մարզիչի Իր Մրցանակը

«Արմինիըն Մետիա ֆութպոլ Ըուորտզ» մրցանակին տիրացած Աբրահամ Խաշմանեան երէկ ստացաւ զայն: Նշենք, որ նպատակ կայ լրագրողներուն կողմէ տարուան լաւագոյն մարզիչի տիտղոսին համար քուէարկութիւնը, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ, ամէն տարի կատարելու: Այստեղ տեղին է յիշատակել, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած քուէարկութեան ընթացքին Խաշմանեանը առաջին դասեցին 18 լրատուամիջոցներու 17 ներկայացուցիչները:    

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». 2016 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւն` Բոլոր Տեսակի Մարզաձեւերուն

PROFOTO «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» ակումբին կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, կազմակերպիչ ակումբը կատարեց 2016 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` բոլոր տեսակի մարզաձեւերուն մէջ, որոնց ընթացքին մրցանակներու տիրացած են անոր երկսեռ մարզիկները: Այս մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին ակումբի նախագահ Ֆուատ Խազեն, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներ, մարզիկներուն ծնողները եւ մարզական լրագրողներ: Մրցանակաբաշխութենէն ետք խօսք առնող պատասխանատուները յաջողութիւն մաղթեցին մրցանակակիրներուն եւ...

Սերենա Ուիլիըմզ Նշանուեցաւ Հայազգի Ալեքսիս Օհանեանի Հետ

Թենիսի աղջկանց աշխարհի միջազգային դասաւորման նախկին պարագլուխի դիրքը գրաւած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ ամուսնութեան առաջարկ մը ստացած է ամերիկաբնակ հայ գործարար Ալեքսիս Օհանեանէն, որ «Ռետտիթ» կայքի հիմնադիրներէն մէկն է: Օհանեան-Ուիլիըմզ զոյգը, որ 2015-էն ի վեր կը տեսակցի իրարու հետ, նշանուած է: Նշենք, որ Օհանեանի կարողութիւնը կը գնահատուի շուրջ 6 միլիոն ամերիկեան տոլարով:

Ալլեկրի Կրնայ Փոխարինել Վենկերը

Եուվենթուսի մարզիչ Մասի-Միլիանօ Ալլեկրի շատ հաւանաբար այս տարեշրջանի աւարտէն ետք տեղափոխուի Անգլիա, յայտնեց «Տը Սան» թերթը: Անգլիական մամուլին համաձայն, լոնտոնեան Արսենալը սկսած է նոր մարզիչի մը փնտռտուքի աշխատանքին` նկատի ունենալով, որ եթէ ֆրանսացի մարզիչ Արսէն Վենկերի պայմանագրութիւնը չնորոգուի, խումբը պիտի դիմէ Ալլեկրիի: Նշենք, որ Իտալիոյ ախոյեանին հետ Ալլեկրիի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ին:

Յաջորդաբար 6-րդ Տարին Ըլլալով` Լեւանտովսքի` Լեհաստանի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Ռոպերթ Լեվանտովսքի Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ` Ռոպերթ Լեւանտովսքի յաջորդաբար 6-րդ տարին ըլլալով ընտրուեցաւ Լեհաստանի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, կը յայտնէ Goal.com կայքը: Ան ապահովեց 69 կէտ, մինչ անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` 19 կէտ: Նշենք, որ ան այս տարի շրջանին իր ակումբին հետ 24 մրցումի ընթացքին նշանակեց 20 կոլ եւ կատարեց 4 կոլի փոխանցում:    

3 Տարուան Ընթացքին. Շումախըրի Բուժման Համար Ծախսուած Է 16 Միլիոն Եւրօ

«Ֆորմիւլա 1»-ի եօթնակի ախոյեան, գերմանացի Միքայէլ Շումախըրի բուժման համար անոր ընտանիքը 3 տարուան ընթացքին ծախսած է 16 միլիոն եւրօ կը յայտնէ անգլիական «Միրըր» թերթը: Դեկտեմբեր 2013-ին ֆրանսական Ալպեան լեռներուն վրայ դահուկարշաւի ընթացքին ուղեղէն ծանր վնասուածք ստացած եւ ցարդ մահաքունի մէջ եղող Շումախըրի վերականգնումի աշխատանքները կը շարունակուին եւ անոր համար շաբաթական կը ծախսուի 191 հազար եւրօ: Կը նշուի, որ Շումախըրի անձնական...

Page 1027 of 1277 1 … 1,026 1,027 1,028 … 1,277

Արխիւներ