Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ռիատիէն Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը` 73-66 Արդիւնքով

Երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ, որ Մանարայի մէջ հիւրը եղաւ ախոյեան Ռիատի Պէյրութի, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` յաջորդական եօթը յաղթանակներէ ետք: Ռիատի Պէյրութ, որ 7-րդ հանգրուանին (ուրբաթ, 6 յունուար) կրեց պարտութիւն մը` Մութթահետի դաշտին վրայ (86-84), երէկ արձանագրեց 73-66 արդիւնքով յաղթանակ մը (23-14, 38-33, 56-50 եւ 73-66): Մրցումին...

Արթուր Ալեքսանեան` Առաջին, Միհրան Յարութիւնեան` Երկրորդ Դիրքի Վրայ

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց, յունահռոմէական ոճի ըմբիշներուն նոր դասաւորումը: Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան գրաւեց 98 քկ. դասակարգին պարագլուխի դիրքը: Իսկ Ռիօ-2016-ի փոխախոյեան` Միհրան Յարութիւնեան, 66 քկ դասակարգին մէջ, կը գրաւէ երկրորդ դիրքը` զիջելով միայն սերպ Տաւոր Շթեֆանեքէն, որ ողիմպիականի խաղերուն, աւարտականին յաղթեց հայ ըմբիշին, կողմնակալ իրաւարարութեան շնորհիւ: Եւրոպայի 2016-ի ախոյեան` Վարշամ Բորանեան 8-րդ է, 71 քկ դասակարգին...

Կարէն Ալեքսանեան Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Շիրակ Գիւմրիի միջնապահ Կարէն Ալեքսանեան նախորդ շաբաթավերջին եկաւ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: 35 տարեկան Ալեքսանեան Շիրակի հետ տիրացած է 12 մրցանակի: Ան իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ 1998-ին` Շիրակ-2-ի հետ: Փորձառու ֆութպոլիստը մաս կազմած է նաեւ` Փիւնիկի, Բանանցի, Ուլիսի, ինչպէս նաեւ մոլտովական եւ պիելոռուսական ակումբներուն: Ան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ կատարած է 25 մրցում: Շիրակի պաշտօնական կայքը...

Թենիս. Ճոքովիչ Ընդհատեց Միւրէյի Յաղթարշաւը

Նովաք Ճոքովիչ Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցած «ATP»-ի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող անգլիացի Էնտի Միւրէյ, աւարտականին, 6-3, 5-7 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց 2-րդ դիրքը գրաւող սերպ Նովաք Ճոքովիչէն: Այս մրցումը տեւեց 2 ժամ 54 վայրկեան: Նշենք, որ Միւրէյ, վերջին 28 մրցումներուն պարտութիւն չէր կրած:  

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Կազմը Յաղթական` 7-3 Արդիւնքով

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, երբ 7-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սփորթց Վիյը: Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին (Ռաուտա) մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Երուանդ Վարդգէս Մանասերեան, Նենօ Պէրպէրեան, Արեք Թասլաքեան, Ալի Սաատէ (2 կոլ), Ապպաս Սաատէ եւ Պասել Ֆաքիհ: Իր...

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ 4 Կէտի Առաւելութեամբ Առաջին

Լիոնել Մեսսի Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Կրանատան, որ կը գրաւէ նախավերջին դիրքը: Իսքօ բացաւ մրցումին հաշիւը (12-րդ), մինչ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Քարիմ Պենզեմա (21-րդ), Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (27-րդ), Իսքօ (31-րդ) եւ Քասեմիրօ (58-րդ)` աւելի քան 71 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Մրցում մը նուազ կատարած Ռէալ Մատրիտ, որ ցարդ անպարտելի...

2009-էն Ետք Առաջին Անգամն Ըլլալով. Մանչեսթըր Եունայթըտ Յաղթական` Յաջորդական 8-րդ Մրցումն Ըլլալով

Ուէյն Ռունի Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթավերջին, Մանչեսթըր Եունայթըտ 4-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ռիտինկին (Ա. դասակարգ): Մանչեսթըրի այս յաղթանակը եղաւ յաջորդական 8-րդը` տարբեր տեսակի մրցաշարքերուն ընթացքին: Վերջին անգամ 2009-ին էր, որ Մանչեսթըր արձանագրած էր ինը յաղթանակ, իր մարզիչին` Ալեքս Ֆերկըսընի հետ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ` Հենրիխ Մխիթարեան, թէեւ Մանչեսթըրի փոխարինողներուն ցանկին մէջ էր, սակայն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լուէյզի 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շաբաթ, 14 Յունուարին` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը շաբաթավերջին հրապարակեց աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի վերջին չորս հանգրուաններու մրցումներուն յայտագիրը: 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 14 յունուարին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:

Ռոնալտօ Ցուցադրեց Իր Ոսկիէ Գնդակը

Նախորդ շաբաթավերջին Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Լա լիկայի 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ռէալ Մատրիտ - Կրանատա մրցումէն առաջ, հիւրընկալ կազմին յառաջապահ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, ցուցադրեց իր ոսկիէ գնդակը, որուն տիրացած էր 12 դեկտեմբերին: Նշենք, որ 31 տարեկան Ռոնալտօ, որ վերոնշեալ մրցումին նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը (5-0), այսպիսով, 4-րդ անգամ ըլլալով էր, որ կը տիրանար այս տիտղոսին:  

Ռինքոն Միացաւ Եուվենթուսի

Իր պաշտօնական կայքին ճամբով Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուս, յայտնեց, որ իր կազմին միացուց Ճենովայի միջնապահ Թոմաս Ռինքոնը: 28 տարեկան միջնապահին համար Եուվէ վճարեց 8 միլիոն եւրօ: Ռինքոն, որ 3,5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ, այսպիսով կը դառնայ առաջին վենեզուելացին, որ կը միանայ Եուվէի:

Տրեքսլըր Մինչեւ 2021` Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Գերմանացի միջնապահ Ժիւլիեն Տրեքսլըր, իր ակումբը` Վոլֆսպուրկը լքելով, միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին, մինչեւ 30 յունիս 2021 պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ: Փարիզեան ակումբին հետ, գերմանացին հանդէս պիտի գայ թիւ 23 մարզաշապիկով:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Կիրակի, 8 Յունուարին` Ահլի Նապաթիէ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 8 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի հարաւ, ուր Քֆարժոզի դաշտին վրայ հիւրը կ՛ըլլայ Ահլի Նապաթիէի: ՀՄԸՄ, որ երթի իր մրցումները աւարտեց 8-րդ դիրքին վրայ` ապահովելով 14 կէտ, իր ամէն կարելին պիտի ընէ դարձի մրցումներուն ամէն գնով առաւելագոյն կէտերը խլելու իր մրցակիցներէն`...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Կատարելիք Դարձի Մրցումներուն Յայտագիրը

Ինչպէս ծանօթ է, այս շաբաթավերջին կը սկսին Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումները` շուրջ երեք շաբթուան արձակուրդէ ետք: Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց դարձի մրցումներուն յայտագիրը: Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին կատարելիք դարձի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը. 12-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԿԻՐԱԿԻ, 8 ՅՈՒՆՈՒԱՐ. ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ահլի Նապաթիէ - ՀՄԸՄ 14:15 Քֆարժոզ 13-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԿԻՐԱԿԻ, 15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ.     ՀՄԸՄ -...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Կիրակի, 8 Յունուարին` Ռիատի – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 8 յունուար 2017-ին, ՀՄԸՄ-ի կազմը հիւրը պիտի ըլլայ Ռիատիի: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանարայի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 17:00-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն ճիգ ի գործ դնել` արձանագրելու համար իրենց 8-րդ յաջորդական յաղթանակը:  

Իպրահիմովիչ` «Փրեմիեր-Լիկ»-ի Դեկտեմբեր Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Անգլիացի համակիրներուն կողմէ Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ ընտրուեցաւ «Փրեմիեր-լիկ»-ի դեկտեմբեր ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Ան 6 մրցումի ընթացքին նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց կոլի երեք փոխանցում: Երկրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Ճորտըն Փիքֆորթ (Սանտըրլենտ), իսկ երրորդ` Սեզար Ասփիլիքուեթա (Չելսի):  

Չինական Ակումբը 150 Միլիոն Եւրօ Կ՛առաջարկէ Օպամեյանկի Համար

Իտալական gazzetta.it կայքին համաձայն, չինական Շանկհայ Սիփկ 150 միլիոն եւրօ կ՛առաջարկէ Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկի համար: Չինական ակումբը կապոնցի ֆութպոլիստին համար կը խոստանայ տարեկան 41 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, ինչ որ անոր ներկայիս ստացած գումարէն տասը անգամ աւելին է: Նախքան այս առաջարկը, Օպամեյանկ բազմաթիւ առիթներով ըսաւ, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը կ՛ուզէ շարունակել Ռէալ Մատրիտի հետ:

Ճատրակ. Թոփալով Հանդէս Պիտի Չգայ ՖԻՏԷ-ի Մրցաշարքերուն

Ըստ chess-news.ru կայքին, պուլկարացի անուանի ճատրակ խաղացող Վեսելին Թոփալով հանդէս պիտի չգայ ՖԻՏԷ-ի հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք ճատրակի մրցաշարքերուն: Կրանտմասթըր Թոփալովի այս որոշումը կապուած է ՖԻՏԷ-ի ղեկավարութեան հետ, որ չէ ընդունուած Թոփալովի կողմէ: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ներկայիս, յանցաւորներուն հեռանալէն ետք միայն Թոփալով պիտի վերադառնայ: Թոփալով 2005-ին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր:

Էվրա Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Մանչեսթըր Եունայթըտ

Եուվենթուսի յետսապահ Փաթրիք Էվրա շատ հաւանաբար վերադառնայ «Փրեմիեր-լիկ», սակայն ոչ Ուեսթ Համ, ինչպէս կը նշուէր աւելի առաջ, այլ` իր նախկին ակումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտ: Lequipe.fr-ի համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ ամէն գնով կը փափաքի անոր ներկայութիւնը իր կազմին մէջ:  

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը: Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ. ՈՒՐԲԱԹ, 6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Թրիփոլի - Նըժմէ 15:00 Զղարթա ՇԱԲԱԹ, 7 ՅՈՒՆՈՒԱՐ     Շապապ Սահել - Անսար 15:00 Սայտա ԿԻՐԱԿԻ, 8 ՅՈՒՆՈՒԱՐ     Սաֆա - Ռասինկ 13:30 Ահտ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր 7-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ, որ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ հիւրը եղաւ Հուփսի, շարունակելով իր յաղթանակներու շարքը, արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը` 91-70 արդիւնքով (15-24, 35-45, 51-65 եւ 70-91): Մինչ ՀՄԸՄ արձանագրեց իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը, անդին Հուփս կրեց իր 7-րդ յաջորդական պարտութիւնը: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը...

Page 1026 of 1277 1 … 1,025 1,026 1,027 … 1,277

Արխիւներ