Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, իր դաշտէն դուրս 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Խուան Մաթթայի եւ Զլաթան Իպրահիմովիչի նշանակած կոլերուն շնորհիւ ապահովելով 39 կէտ, այժմ Մանչեսթըր կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 65-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Ներողութիւն որ նորէն ձեր գլուխը կարդուկեմ: Աս լուրը կարդացողը ուրկէ՞ կը հասկնայ որ Մանչերտերը որո՞ւն յաղթեր է: Կոլը մեր տղան ալ չէ ըրած, որ գրողին խանդավառութիւնը ասանկ կարեւոր կէտ մը մոռցնել տուեր է: