Ռամոս Վերադարձաւ Ընդհանուր Խումբ
Ռէալ Մատրիտի սպանացի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս` ապաքինած ըլլալով իր ստացած վնասուածքէն, վերադարձաւ ընդհանուր խումբ եւ վերսկսաւ իր փորձերուն: Ան վիրաւորուած էր նախորդ դեկտեմբերին, Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան աւարտականին եւ այդ իսկ պատճառով բացակայած Ռէալի կատարած երկու մրցումէն: Արքայական ակումբին պաշտօնական կայքը կը յայտնէ, որ խումբի մարզիչ Զինետտին Զիտան շատ հաւանաբար չվտանգէ իր մարզիկը եւ վաղը Սեւիլլայի...
