Այսօր` Մութթահետ-Սաժես

PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Թատամոն, որ «Նուհատ Նաուֆալ» համալիրին մէջ (Զուք) հիւրընկալեց Մէյրուպան, երեք կէտի տարբերութեամբ պարտութիւն մը կրեց անկէ` 104-101 արդիւնքով (29-28, 50-55, 76-74 եւ 101-104):
Պէտք է ըսել, որ մրցումը եղաւ բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատում մը, մանաւանդ որ անիկա միշտ ալ ընթացաւ համահաւասար պայքարով:
Մինչ Թատամոն կրեց իր չորրորդ պարտութիւնը (չորս յաղթանակներու կողքին), անդին Մէյրուպա, որ կրած է 5 պարտութիւն, արձանագրեց իր 3-րդ յաղթանակը:
Թատամոնէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Իրվըն Մորիս (30), իսկ Մէյրուպայի մաս կազմող Էմանուէլ Ճոնզ նշանակեց 28 կէտ:
Թէեւ Թատամոն ձեռք ձգեց 56 ռիպաունտ (Փոխան` 39-ի), բայց անոր Թըրն-օվըրները եղան 12 (Մէյրուպայինները` 7): Մէյրուպա ունեցաւ 23 էսիթ, մինչ Թատամոն` 15:
8-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, երբ Մութթահետ «Սաֆատի» համալիրին մէջ (Թրիփոլի) կը հիւրընկալէ Սաժեսը:
Անոնք երկուքն ալ արձանագրած են 3-ական յաղթանակ եւ կրած 4-ական պարտութիւն: