Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, վերոնշեալ ակումբին մէջ տեղի ունեցան վազքի տարբեր տեսակի եւ տարիքի մրցումներ:
Ժամհուր ակումբին մաս կազմող Իսքանտար Սիուֆի փոքրերու դասակարգին մէջ 300 մեթր վազքի մրցումներուն նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ արձանագրեց 39”57 արդիւնք մը: