Կիսանդրիի Քողազերծումով Եւ Յիշատակի Հանդիսութեամբ Այնճարը Մեծարեց Իր Խոնարհ Ընկերն Ու Ղեկավարը` Նահատակ Զաւէն Թաշճեանը
«Ու գալու է մի ժամանակ, Երբ որ պիտի մարդիկ նաեւ մերպէսների՛ն Երկրպագեն` Ո՛չ կուռքի պէս, ո՛չ էլ աստծու, Այլ հերոսի՜»: Կիրակի, 21 յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ համախմբուած ժողովուրդի հոծ բազմութիւնը խոր լռութեամբ ունկնդիր կը դառնար Պարոյր Սեւակի «Դարակէսի հիմնը» ոտանաւորին, որ յատուկ խորհուրդով ու յուզիչ հնչեղութեամբ կը վերակենդանանար հակադաշնակցական պայքարի նահատակ, խոնարհ ընկեր...




















