Գաղութային

ՀՅԴ Հանրային Կապերու Գրասենեակը  Կը Դատապարտէ Լիբանանեան Բանակին Դէմ  Կատարուած Ոճիրը

ՀՅԴ Հանրային Կապերու Գրասենեակը Կը Դատապարտէ Լիբանանեան Բանակին Դէմ Կատարուած Ոճիրը

ՀՅԴ Լիբանանի Հանրային կապերու գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն նախայարձակումը, որ թիրախաւորեց լիբանանեան բանակին պատկանող մեքենայ մը եւ պատճառ դարձաւ հազարապետ զօրավարի մը, սպայի մը եւ զինուորի մը նահատակութեան` հայրենիքին ծառայելու եւ անոր զաւակները պաշտպանելու իրենց պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին: «Ազգային գերիշխանութեան եւ պետութեան միասնականութեան խորհրդանիշը եղող լիբանանեան զինուորական հաստատութեան թիրախաւորումը աղաղակող ոտնձգութիւն է միջազգային օրէնքին դէմ, ինչպէս...

Բագրատունի. «Կը Պահանջուի Միջազգային  Վճռական Կեցուածք»

Բագրատունի. «Կը Պահանջուի Միջազգային Վճռական Կեցուածք»

Լիբանանեան բանակին վրայ կատարուած իսրայէլեան ոճրային յարձակումին առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերու վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Կը դատապարտենք իսրայէլեան ոճրային արարքը, որ թիրախ դարձուց լիբանանեան բանակի մեքենայ մը եւ պատճառ դարձաւ երկու սպաներու ու մէկ զինուորի նահատակութեան` իրենց հայրենասիրական պարտականութեան կատարման ճամբուն վրայ: Անգամ մը եւս օր ցերեկով...

Արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեանի Գործերէն Մէկը Նուիրուեցաւ «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ին

Արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեանի Գործերէն Մէկը Նուիրուեցաւ «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ին

29 մայիս 2026-ին, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ հանգուցեալ արուեստագէտ Զոհրապ Քէշիշեանի մէկ կտաւին, որ նուիրուած էր իր եղբօր դստեր` Թալին Գանլէճեանի կողմէ: Արարողութիւնը սկսաւ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի աղօթքով: Անկէ ետք արտասանած իր խօսքին մէջ տէր հայրը բարձր գնահատեց Թ. Գանլէճեանի առատաձեռնութիւնը` Զոհրապ Քէշիշեանի ժառանգութիւնը անմահացնելու համար անոր արուեստի գործերը հայկական հաստատութիւններուն նուիրաբերելով: «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէն...

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Արարատի Հաւատարիմ Սերունդ»-ի Իր Իններորդ Հունձքը

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Տուաւ «Արարատի Հաւատարիմ Սերունդ»-ի Իր Իններորդ Հունձքը

Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Հանդիսութեան սկիզբը աւարտական դասարանի 12 շրջանաւարտները ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի  քայլերգները: Քայլերգներէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանի դաստիարակ եւ...

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի Բացառիկ Թիւ՝ 125 Աշակերտներու Մասնակցութեամբ

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի Բացառիկ Թիւ՝ 125 Աշակերտներու Մասնակցութեամբ

Մանուկներու միջազգային օրուան առիթով, հովանաւորութեամբ «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին, «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան «Պզտիկ Մզտիկ»-ի բացառիկ թիւ մը լոյս տեսաւ՝ գունաւոր, 16 էջ։ Այս թիւին մէջ գրութիւններ եւ գծագրութիւններ ունին լիբանանահայ հայկական վարժարաններ յաճախող 3-րդ-6-րդ դասարանի  125 աշակերտներ։ «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի հրատարակչական ծրագիրները կը սկսին «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի այս բացառիկ թիւով։ Շնորհակալութիւն «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրութեան հետ այս հրատարակութիւնը իրականացնելու համար գործակցած հայկական վարժարաններու տնօրէններուն   եւ ուսուցիչներուն։

Այնճարէն Պատուիրակութիւն Մը Շնորհաւորական  Այցելութիւն Տուաւ Զահլէի Եւ Պեքայի Միւֆթիին

Այնճարէն Պատուիրակութիւն Մը Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Զահլէի Եւ Պեքայի Միւֆթիին

Չորեքշաբթի, 3 յունիս 2026-ին Այնճարէն պատուիրակութիւն մը շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Զահլէի եւ Պեքայի միւֆթի շէյխ Ալի Ղազզաուիի` Ատհայի տօնին առիթով: Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Եզեկիէլ վրդ. Սելումեանէ, Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանէ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէ եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութիւն Զէյթլեանէ:

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Արտակարգ Առցանց Նիստ Կայացաւ

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Արտակարգ Առցանց Նիստ Կայացաւ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի արտակարգ առցանց նիստ կայացաւ կիրակի, 31 մայիս 2026- ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Նիստի օրակարգն էր վեհափառին Վատիկան պաշտօնական այցելութիւնը եւ Լեւոն ԺԴ. պապին հետ տեսակցութիւնը: Նիստին զեկուցելու հրաւիրուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու Նարեկ արք. Ալեէմէզեան: Սրբազան հայրը մանրամասնօրէն զեկուցեց Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորած պատուիրակութեան Վատիկան այցելութեան...

Յարգանք` Լիբանանի Մէջ Ննջող Մայիսեան Յաղթանակի Կերտողներուն

Յարգանք` Լիբանանի Մէջ Ննջող Մայիսեան Յաղթանակի Կերտողներուն

Շաբաթ, 30 մայիս 2026-ին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այցելեց Պուրճ Համուտի եւ Ֆրըն Շըպպեքի գերեզմանատուները, ուր կը ննջեն 108-ամեայ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրներն ու նախարարները: Ծաղկեպսակ զետեղելով ՀՅԴ պանթէոնին, ինչպէս նաեւ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Արամ Սահակեանի, Արշակ Յովհաննէսեանի, Հրաչ Փափազեանի, Վարդան Շահպազի եւ խմբապետ Մուշեղի շիրիմներուն վրայ, վարչութիւնը իր յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրքը մատուցեց անոնց յիշատակին:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց «Վանայ Ձայն»

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց «Վանայ Ձայն»

Չորեքշաբթի, 13 մայիսին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այցելեց «Վանայ Ձայն» եւ տեսակցեցաւ ռատիոկայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին հետ: Հանդիպումի ընթացքին Շրջանային վարչութիւնը իր ծրագիրը ներկայացնելով` անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի զանազան աշխատանքները «Վանայ Ձայն»-ի միջոցով ներկայացնելու կարեւորութեան: Իր կարգին, Վիգէն Աւագեան բարձր գնահատեց Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին գործունէութիւնը: Հանդիպումի աւարտին շեշտուեցաւ քարոզչական աշխատանքներու համագործակցութեան կարեւորութիւնը` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի նորօրեայ գործունէութիւնը աւելի մօտէն ներկայացնելու հանրութեան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Փոխըմբռնման Յուշագիր Ստորագրեց  Արաբական Բաց Համալսարանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Փոխըմբռնման Յուշագիր Ստորագրեց Արաբական Բաց Համալսարանին Հետ

Երեքշաբթի, 2 յունիս 2026-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, յանձինս Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Աւետիս Կիտանեանի, Արամ Սոմունճեանի եւ Եղիա Թաշճեանի, ընդունեց Արաբական բաց համալսարանի (Arab Open University) պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին համալսարանի ուսումնական հարցերու փոխնախագահ դոկտ. Տանի Աուն, ընդունելութեան բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Ղատի Մոքալլետ եւ հաստատութիւններու հետ յարաբերութիւններու համակարգող Ուալիտ Սէյֆ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն համալսարանի ներկայացուցիչներուն հետ ստորագրեց փոխըմբռնման յուշագիր...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Փոխըմբռնման Յուշագիր Ստորագրեց Արաբական Բաց Համալսարանին Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Փոխըմբռնման Յուշագիր Ստորագրեց Արաբական Բաց Համալսարանին Հետ

Երեքշաբթի, 2 յունիս 2026-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, յանձինս Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Աւետիս Կիտանեանի, Արամ Սոմունճեանի եւ Եղիա Թաշճեանի, ընդունեց Արաբական բաց համալսարանի (Arab Open University) պատուիրակութիւնը։ Պատուիրակութեան մաս կազմեցին համալսարանի ուսումնական հարցերու փոխնախագահ դոկտ. Տանի Աուն, ընդունելութեան բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Ղատի Մոքալլետ եւ հաստատութիւններու հետ յարաբերութիւններու համակարգող Ուալիտ Սէյֆ։ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն համալսարանի ներկայացուցիչներուն հետ ստորագրեց փոխըմբռնման յուշագիր...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի

Չորեքշաբթի, 27 մայիս 2026-ին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Լիբանանի խորհրդարանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին: Շրջանային վարչութիւնը ներկայացուց յառաջիկայ աշխատանքներու գործունէութեան ծրագիրը: Քննարկուեցան Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն պատճառով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Իր կարգին, Բագրատունի գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի նախաձեռնութիւնները, որուն մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն ունի նոր սերունդներուն մօտ հայապահպանումը եւ...

Ս. Հռիփսիմեանց Տօնին Առիթով.  Աղօթքի Շաբաթ Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ

Ս. Հռիփսիմեանց Տօնին Առիթով. Աղօթքի Շաբաթ Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, 25 մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին,  Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնի նախօրեակին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակի բացօթեայ խորանին դիմաց կատարուեցաւ աղօթքի շաբթուան բացում եւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ թեմի կեանքէն ներս հաստատուած տարիներու գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, հաւաքուած ենք Սրբոց Հռիփսիմեանց յիշատակին առիթով, որ...

«Արեգ» Թատերական Դպրոց.  «Հէյ Ջան, Ղափամա» Թատերախաղի Երեք Ներկայացումները Արժանացան Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

«Արեգ» Թատերական Դպրոց. «Հէյ Ջան, Ղափամա» Թատերախաղի Երեք Ներկայացումները Արժանացան Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

Միամեայ կրթական ծրագիրը ամբողջացնելէ եւ հետեւողական փորձեր կատարելէ ետք, չորեքշաբթի, 27 մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոցի «Հէյ ջան, ղափամա» թատերախաղը: «Հէյ ջան, ղափամա»-ն կը ներկայացնէ հայ ընտանիք մը, որ առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ խնամիները: Տարբեր երկիրներէ ազգականները ժամանած են, սակայն ոչ ոք օգտակար կը դառնայ...

Պետիկ Ինճէեանի Նահատակութեան 50-Ամեակի Նշում Այնճարի Մէջ

Պետիկ Ինճէեանի Նահատակութեան 50-Ամեակի Նշում Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 24 մայիս 2026-ին Այնճարի մէջ նշուեցաւ զինեալ պայքարի առաջին նահատակ Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան 50-ամեակը: Առաւօտեան, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նահատակ ընկերոջ յիշատակին: Ապա ներկաները ուղղուեցան դէպի Այնճարի գերեզմանատուն, ուր այցելութիւն տրուեցաւ Պետիկ Ինճէեանի շիրիմին: Եզեկիէլ վրդ. Սելլումեանի աղօթքէն եւ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ նահատակ...

Զմմառու Ուխտի Օր

Զմմառու Ուխտի Օր

Կիրակի, 31 մայիս 2026-ի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Զմմառու Ս. Աստուածածնայ մայրավանքի մայր մուտքին տեղադրուած` Ս. Գէորգի սրբապատկերին մօտ համախմբուած` Լիբանանի հայ կաթողիկէ կղերաց դասը, մշակութային, հայրենակցական, բարեսիրական, կրթական եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներն ու ուխտաւորներու հոծ բազմութիւնը վարդարանի ջերմեռանդութեամբ ընթացան դէպի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած ամփիթատրոն: Ժամը 10:30-ին մայրավանքի վեհարանէն փառաշուք թափօրը աղօթքներու մրմունջով եւ անուշաբոյր խունկերու ծխանիով ուղղուեցաւ դէպի ամփիթատրոն,...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը  Նշեց Մայիսեան Յաղթանակը

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Փառատօնին ՀՄԸՄ-ականները Վերանորոգեցին Ուխտը` Շարունակելու Մայիս 28-ով Սկսած Երթը

Կիրակի, 31 մայիս 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտը կրկին ժամադրավայրն էր լիբանանահայութեան, որ եկած էր ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին հետ աւանդական ու տպաւորիչ փառատօնով նշելու Հայաստանի անկախութիւնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին բարձր հովանաւորութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութիւնը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի նախագահութիւնը վայելող եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած...

ՀՅԴ Լիբանանի Ընտանիքը Յարգեց  Հայաստանի Անկախութեան Կերտիչներուն  Յիշատակը

ՀՅԴ Լիբանանի Ընտանիքը Յարգեց Հայաստանի Անկախութեան Կերտիչներուն Յիշատակը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 108-ամեակին առիթով, կիրակի, 31 մայիս կէսօրուան ժամը 1:00-ին Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան կերտիչներուն եւ այդ ճամբուն վրայ իրենց կեանքը ընծայաբերած հերոսներուն յիշատակի հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ յարգանքի տուրք: Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ եւս ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ...

Գոհաբանական Մաղթանք  Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն`  Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Գոհաբանական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Մայիսեան անկախութեան 108-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 31 մայիսին Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յընթացս սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ կատարուեցաւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Առ այդ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին սրբազան հայրը օրհնեց Եռագոյն դրօշը եւ կատարեց գոհաբանական մաղթանք, որմէ ետք դպրաց դասը երգեց...

Մայիս 28-ի Ոգին Վերակենդանացաւ Մըզհերի Մէջ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Հանդիսաւոր Ձեռնարկով

Մայիս 28-ի Ոգին Վերակենդանացաւ Մըզհերի Մէջ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Հանդիսաւոր Ձեռնարկով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 28 մայիս 2026-ի երեկոյեան, Մըզհեր-Ծաղկաձորի «Մայիս 28» փողոցին վրայ գտնուող Հայաստանի անկախութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ մայիսեան ձեռնարկ մը` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 108-ամեակին: Ձեռնարկին մասնակցեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղն ու «Նիկոլ Աղբալեան» պատանեկան միութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի շեփորախումբը, ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղը եւ Համազգայինի «Տամիտոմ» տհոլահարներու համոյթը: Ձեռնարկին ներկայ էին...

Page 10 of 364 1 … 9 10 11 … 364

Արխիւներ