Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մէկ Սիրտ Ի Քրիստոս». Wayd 2026. Համահայկական-Եկեղեցական Երիտասարդական Հաւաքը Լիբանանի Մէջ Դարձաւ Յոյսի Եւ Միութեան Փարոս

August 8, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տագնապներու եւ  մարտահրաւէրներու դիմագրաւման այս փուլին, Լիբանանը անգամ մը եւս կը հաստատէ իր պատմական առաքելութիւնը` իբրեւ հաւատքի, հանդիպման, երկխօսութեան եւ եղբայրութեան կեդրոն: Այս ծիրին մէջ, 29 յուլիսէն 3 օգոստոս 2026-ին, Այնճար գիւղաւանի եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոն հանդիսացող Զմմառու Տիրամօր մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Մէկ սիրտ ի Քրիստոս» (WAYD 2026 – World Armenian Youth Day)  համահայկական-եկեղեցական երիտասարդական հաւաքը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ երիտասարդաց միութեան:

Իրադարձութիւնը համախմբեց աւելի քան 250 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ` աշխարհի 6 տարբեր երկիրներէ, վերածուելով տարուան կարեւորագոյն հոգեւոր, մշակութային, համայնքային եւ մարդասիրական ձեռնարկներէն մէկուն:

Հաւաքի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 30 յուլիսին, Այնճարի Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագով, որուն նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան կաթողիկոս-պատրիարքը`  մասնակցութեամբ եկեղեցական բարձրաստիճան դասին եւ հիւրերու: Իր պատգամին մէջ հոգեւոր տէրը ընդգծեց, որ երիտասարդները Եկեղեցւոյ բաբախուն սիրտն են ու անոր նորոգուող հոգեւոր յոյսը` հրաւիրելով զիրենք ըլլալու Աւետարանի ճշմարիտ վկաները: Միաժամանակ, Լիբանանի հայ կաթողիկէ երիտասարդութեան հոգեւոր վարիչ եւ հաւաքի ընդհանուր համակարգող Արամ վրդ. Աբրահամեան հաստատեց, որ ծրագիրը պատրաստուած է մեծ խնամքով` միացնելով հոգեւոր դաստիարակութիւնը, մարդկային աճումը եւ համայնքային ծառայութիւնը` իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Լիբանանի Հայ կաթողիկէ երիտասարդաց միութեան, կազմակերպիչ յանձնախումբերուն եւ  կամաւորներուն:

Հաւաքի խտացեալ օրակարգը սկիզբ առաւ 29 յուլիսին Այնճարի մէջ, արտասահմանէն եւ Լիբանանի տարբեր շրջաններէ ժամանած պատուիրակութիւններու ջերմ ընդունելութեամբ եւ բացման հանդիսութեամբ:

Յաջորդող օրերուն մասնակիցները հետեւեցան երեք հիմնական առանցքներու շուրջ դասախօսութիւններու եւ աշխատանոցներու: 30 յուլիսին քոյր Ռիթա Զիատէ ներկայացուց «Աստուծոյ մէջ արմատացած սիրտ» թեման, 31 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Դիմացինին բաց սիրտ» աշխատանոցը, որուն զուգահեռ մասնակիցները լծուեցան համայնքային ծառայութեան աշխատանքներու, իսկ 1 օգոստոսին իրականացուեցաւ «Ինքնիրեն հետ հաշտ սիրտ» աշխատանոցը` մրցումներով եւ Այնճարի պատմական ժառանգութեան ծանօթացմամբ: Այս բոլորին կողքին, երիտասարդները մասնակցեցան գեղարուեստական ու աւանդական երեկոներու, որոնք արտացոլացուցին հայկական ինքնութեան հարստութիւնը եւ ամրապնդեցին անոնց պատկանելիութեան գիտակցութիւնը:

Հոգեւոր ուխտագնացութեան ծիրին մէջ 2 օգոստոսին մասնակիցները այցելեցին Հարիսայի  Տիրամօր սրբավայրը, ունեցան լռութեան պահեր, ապա Զմմառու մայրավանքին մէջ կատարեցին «Լոյսի ճանապարհ» աղօթքի քայլարշաւը` քալելով Սուրբ Նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանի հետքերով, անոր սրբադասումէն մէկ տարի ետք: Հաւաքի ծրագիրը իր լրումին հասաւ 3 օգոստոսին` դէպի Աննայայի  վանքն ու Սուրբ Շարպելի դամբարանը կատարուած այցելութեամբ, որմէ ետք մասնակիցները բացայայտեցին պատմական Պիպլոս (Ճիպէյլ) քաղաքի քաղաքակրթական հարուստ ժառանգութիւնը:

Համահայկական-եկեղեցական երիտասարդական հաւաք 2026-ը գագաթնակէտը հանդիսացաւ կիրակի, 2 օգոստոսին, Զմմառու Տիրամօր մայրավանքին մէջ մատուցուած փակման հանդիսաւոր սուրբ պատարագով` նախագահութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին, մասնակցութեամբ եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւորներու, ինչպէս նաեւ պաշտօնական ու լրատուական դէմքերու: Իր քարոզին մէջ պատրիարքը շեշտեց, որ, հակառակ տարբեր երկիրներէ, մշակոյթներէ եւ փորձառութիւններէ եկած ըլլալնուն, մասնակիցները համախմբուեցան Քրիստոսի ընդհանրական ինքնութեան շուրջ` իրենց եկեղեցիներուն տանելով յոյսի պատգամ մը այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Մերձաւոր Արեւելքը կը տառապի տագնապներու ծանրութեան տակ: Ան պատգամեց, որ վերջին խօսքը ցաւին կամ պառակտումին չի պատկանիր, այլ` յոյսին, սիրոյ եւ եղբայրութեան: Դիմելով երիտասարդներուն` հոգեւոր տէրը ըսաւ. «Դուք միայն Եկեղեցւոյ ապագան չէք, այլ նաեւ անոր ներկան… Կրկին դարձէ՛ք ձեր թեմերը, ծուխերն ու համայնքները եւ եղէ՛ք նախաձեռնող. եղէ՛ք այն խօսքը, որ կը միացնէ, երբ ուրիշներ կը պառակտեն, այն ձեռքը, որ կը հասնի օգնութեան, երբ ուրիշներ կը նահանջեն, եւ այն յոյսը, երբ յուսահատութիւնը կը սպրդի սրտերէն ներս»:

Այսպիսով, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ երիտասարդաց միութեան կոչին համահունչ, այս հաւաքը փաստեց, որ Լիբանանը, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կը մնայ առաքելութեան հայրենիք, երկխօսութեան փարոս եւ յոյսի ու կեանքի երկիր:

 

Նախորդը

Բանականութեան, Զգացումի Եւ Իրապաշտութեան Ներդաշնակութիւնը

Յաջորդը

«… Սփիւռքը Պէտք Է Վերադառնայ Իր Կազմակերպական Կառոյցները Հզօրացնելու Ու Հայութիւնը Քաղաքականացնելու Վարքագիծին»

RelatedPosts

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս

September 25, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

September 25, 2026
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Տոհմիկ Երեկոն Մուսա Լերան Խրոխտ Ու Հարազատ Մթնոլորտը Կենդանացուց Այնճարի Մէջ
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Տոհմիկ Երեկոն Մուսա Լերան Խրոխտ Ու Հարազատ Մթնոլորտը Կենդանացուց Այնճարի Մէջ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.