Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«December» Գիրքի Գինեձօն Այնճարի Մէջ

August 27, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 14 օգոստոս 2026-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի  «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղին, «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ գիւղի զաւակներէն Անժելինա Աշգարեանին անգլերէն լեզուով հրատարակած  առաջին գիրքին «December»-ի գինեձօնը:

Լիբանանի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի վարչութեան անդամ Թերեզ Սարգիսեան, որ ընթերցասէր ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց հաւաքի նպատակին վրայ` ամփոփ կէտերով ներկայացնելով պարմանուհիին կենսագրական հիմնական գիծերը: Ան անդրադարձաւ անհրաժեշտութիւնը մարդու կեանքին մէջ:

Հայերէն ու արաբերէն լեզուներով խօսք առաւ Անժելինա Աշգարեանին մայրը` Մէյ Աշգարեան, որ յուզումնախառն կերպով արտայայտուեցաւ իր աղջկան հեղինակած գիրքի ծննդոցին մասին` ներկաները հրաւիրելով պահ մը անջատուելու առօրեայէն ու ծանօթանալու գեղարուեստական ճաշակով ներկայացուած երիտասարդուհիի մը նրբակերտ աշխարհին:

Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին օրհնութեամբ կատարուեցաւ գիրքին գինեձօնը, որմէ ետք խօսք առաւ հեղինակը` Անժելինա Աշգարեան, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իր ընտանիքին, հարազատներուն, վարժարանին ու գիւղին, որոնք հանդիսացած են իր ներշնչանքի աղբիւրը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցած են գիրքի հրատարակութեան մէջ:

Նորափթիթ հեղինակին ուսուցչուհիներէն Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան իր կարգին խօսք առնելով ներկաներուն փոխանցեց գիրքի գործօն դերակատարութիւնը մարդու մտային զարգացման մէջ, ապա առանձնայատուկ կերպով նկարագրեց Անժելինային ունեցած ջանասիրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը գրականութեան նկատմամբ: Սալբի Թաշճեան շնորհաւորեց Անժելինա Աշգարեանը` իր «December» գիրքին համար եւ զայն նկատեց  առաջին քայլ դէպի գրական աշխարհ: Յաջողութեան զուգահեռ  Ս. Քիւրքճեան-Թաշճեան մաղթեց, որ իր աշակերտուհիին գործը թարգմանուի նախ հայերէնի, ապա այլ լեզուներու:

Աւարտին հեղինակին մակագրութեամբ կատարուեցաւ գիրքի վաճառք:

Նախորդը

Սփիւռքի Հետ Կապերը` Պետական Ծրագիրին Մէջ

Յաջորդը

Հայ Դպրոցին Լոյսը` Մեր Վաղուան Յոյսը

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Եւ Բժշկական Առաքելութեան Ղեկավարը Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Եւ Բժշկական Առաքելութեան Ղեկավարը Անթիլիասի Մէջ

October 12, 2026
Հաղորդագրութիւն.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հրաւիրեց Նաւասարդեան Խաղերու Բացման Հանդիսութեան
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հրաւիրեց Նաւասարդեան Խաղերու Բացման Հանդիսութեան

October 12, 2026
Պերճ Աբգարեան Տեսակցեցաւ ԼՕԽ-ի Պատասխանատուներուն Հետ
Գաղութային

Պերճ Աբգարեան Տեսակցեցաւ ԼՕԽ-ի Պատասխանատուներուն Հետ

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.