Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի Նշում` Համանուն Եկեղեցւոյ Մէջ

August 20, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 16 օգոստոսին  Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը ըսաւ, որ երկրաւոր մեր կեանքի պայմաններուն մէջ Աստուծոյ հետ կարենալ խօսելու համար մենք կարիքը ունինք մեր սուրբերու բարեխօսութեան, մասնաւորաբար` Աստուածամօր, որպէսզի մեր աղօթքները հասնին Աստուծոյ եւ խաղաղի մեր հոգեկան վիճակը, եւ մենք առօրեայ կեանքի մէջ գտնենք մենք զմեզ:

Սրբազան հայրը պատմական ակնարկ մը կատարեց Քրիստոսի համբարձման ժամանակաշրջանին, թէ ինչպէ՛ս Աստուածամայրը անկէ վերջ 12 տարիներ եւս ապրեցաւ, իսկ երբ  հոգին աւանդեց, առաքելական ժամանակներէն մեզի հասած աւանդութեան համաձայն, երկնային զօրքերը եկան եւ Աստուածամայրը վերափոխեցին, այլ խօսքով` երկինք բարձրացուցին: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ այս հաւատքը կը վերաբերի դարաւոր անցեալին, սակայն մինչեւ այսօր Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ օր ըստ օրէ խաչին խրախոյսը բոլոր ժողովուրդներուն մէջ կը մեծնայ եւ կը տարածուի:

Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Վերափոխման տօնը մեզի կը փոխանցէ պատգամ մը` յիշեցնելով, որ հաւատքով եւ սրբութեամբ ապրուած կեանք մը անպայմանօրէն կ՛արժանանայ Աստուծոյ ուշադրութեան, ինչպէս նաեւ յաւիտենական կեանքի` աւելցնելով, որ Աստուածամայրը արժանացաւ իր որդւոյն եւ հայր Աստուծոյ հոգատար արժեւորման: Սրբազանը ըսաւ, որ այս առիթը նաեւ մեզի կը յիշեցնէ, թէ Աստուածամայրը իր ժամանակներուն ամէնէն համեստ, ամէնէն պարկեշտ եւ ամէնէն խոնարհ արարածն էր, բայց իր կեանքով իր շրջապատէն ներս Աստուծոյ կամքը կը յայտնէր, նաեւ իբրեւ մայր օրինակ կը հանդիսանար` շրջապատին ցոյց տալով, թէ երկրաւոր պայմաններու մէջ ինչպէ՛ս պէտք է զաւակ դաստիարակել: Սրբազանը շեշտեց, որ այս արարքը պատգամ կը փոխանցէ մեր մայրերուն` յիշեցնելով, թէ իրենց աշխատանքին արդիւնքը, իրենց հաւատքին փաստը, իրենց բարեպաշտութեան օրինակը նախ պէտք է երեւի իրենց զաւակներուն կեանքէն ներս:

Շահէ արք. Փանոսեան նկատել տուաւ, որ կ՛ապրինք բոլորովին նոր աշխարհի պայմաններու մէջ, հետեւաբար պէտք է զգուշ ըլլանք, որ մեր նկարագիրը եւ բարոյական հասկացողութիւնները չվտանգուին, որովհետեւ եթէ մեր բարոյական հասկացողութիւններուն արժէքները կորսուին` մենք բարոյապէս կը սնանկանանք եւ կը քայքայուինք:

«Այս գիտակցութեան է, որ մեզ այսօր հաւաքաբար կը հրաւիրէ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը` յիշեցնելով, որ նախորդ սերունդներուն կողմէ մեզի փոխանցուած աւանդը, այն բոլոր արժէքները, որոնց վրայ  հիմնուած էին մեր տունը, մեր կեանքը, մեր պատմութիւնը պէտք է պահենք ի խնդիր այս նոր կեանքին եւ մեր հաւաքական գոյութեան», հաստատեց սրբազան հայրը` յորդորելով ներկաները, որ հաւատքով պէտք է վարուինք այն բոլոր նուիրական սրբութեանց վերածուած աւանդութիւններուն հետ, որոնցմով կ՛ապահովուի մեր կեանքի ընթացքը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Նախորդը

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Արցախի «Սեւ Կարապը». Ինչո՞ւ Յուսախաբութիւնս Համաշխարհային Մտաւորականներէն Ուղղուեցաւ Հայաստանի Ղեկավարութեան

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.