Եթէ Կարապալան Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ կանգնած ծաղիկներ կը նուիրէր անցորդներուն, Լիբանանի մէջ ալ «Կարապալա»-ն հայ եւ օտար հանդիսատեսին հայ երաժշտական արուեստի հիասքանչ պատկերներ ու խանդավառ պահիկներ նուիրեց շաբաթ, 26 օգոստոս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` արժանանալով բոլորին ջերմ գնահատանքին:
Համերգը սկսաւ «Շողոտ-շաղոտ» երգով, ապա բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հրակ Գարագաշեան: Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց «Կարապալա»-ի ծնունդը եւ ըսաւ, որ «Կարապալա»-ն հիմնուած է 6 տարի առաջ Այնճարի մէջ` գեղարուեստական յայտագիրի մը մաս կազմելու նպատակով: Երեք տարի ետք ելոյթով մը հանդէս եկած է լիբանանահայ հանդիսատեսին առջեւ, իսկ այսօր` կրկին երեք տարի ետք, կը ներկայանայ հանդիսատեսին երաժշտական խումբի առաջին խտասալիկի հրապարակման առիթով: Հրակ Գարագաշեան ձեռնարկի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են խումբի յաջողութեան:
Նշենք նաեւ, որ բոլոր ներկաները ստացան «Կարապալա»-ի հրապարակած խտասալիկներէն:
«Կարապալա»-ի երաժիշտներն են` Ալին Նագգաշեան (երգ), Հրակ Գարագաշեան (կիթառ եւ երգ), Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան (ջութակ), Արամ Փափազեան (հարուածային գործիքներ), Շահան Քիլաղպեան (քոնթրպաս), Սեպուհ Այնթապլեան (ձեռնադաշնակ), Յակոբ Հարֆուշեան (սաքսոֆոն):
Երաժիշտները մօտ մէկուկէս ժամ ներկայացուցին հայկական ժողովրդական երգերու գեղեցիկ երգացանկ մը, ինչպէս` «Չեմ կրնայ խաղայ», «Կաքաւիկ», «Ոստիկան», «Ես սարէն կու գայի», «Մեր տան իտեւ», «Խօսքեր», «Կեանքում ապրել ու սիրել», «Թամամ աշխարհ Պըտուտ էկայ/ Փահրադըն միռած, Շիրինն ասաց», «Սեւ պլուզ», «Մոկաց հարսներ», «Նահնա ուալ ամար ժիրան/ շաթթի եա տընյի» եւ «Էծ» երգերը: Ուշագրաւ էին «Ճանիման», «Արի-արի/Ղափամայ», «Նուպար/ Արա վայ» եւ «Հապրպան» երգերու գեղեցիկ կատարումները, որոնք մեծապէս խանդավառեցին մթնոլորտը:
«Կարապալա»-ն մեծ վարպետութեամբ ու բարձրորակ կատարումներով յաջողեցաւ ո՛չ միայն արդիական ձեւով ներկայացնել հայկական ժողովրդական երգերը, այլեւ հարազատօրէն հրամցուց տարբեր ժամանակներու ու ազգագրական շրջաններու հայկական ժողովրդական արգասիքները գեղարուեստական ամբողջ խորութեամբ:
Ծափողջոյններ, յոտնկայս եւ երկար ծափողջոյններ, քանզի հանդիսատեսը սքանչացած էր «Կարապալա» խումբի բարձրորակ ելոյթով եւ չէր ուզեր, որ անիկա աւարտի:



