Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ երէկ, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ:
Ծրագիրին հետեւող «Ապագայ լրագրողներ»-ը կատարեցին լուրերու պատրաստութեան իրենց առաջին գործնական փորձը:
Մէկ ժամուան տեւողութեամբ մասնակիցները տարբեր բնոյթի` ընկերային, քաղաքական, մարզական թէ մշակութային լուրեր պատրաստեցին` աղբիւր ունենալով հայկական լրատուական կայքերը: