Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յունուար 9, 2019
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 6 յունուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին զանգերը ղօղանջեցին աւետելով Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները: Այս առիթով, Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց եւ իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Պատարագին ներկայ էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, պետական պաշտօնական անձնաւորութիւններ, երեսփոխաններ, նախարարներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, այս օրերուն ժողովական աշխատանքներով Անթիլիասի մայրավանք եկած օտար հիւրեր եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Ս. պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի:

Իր պատգամին մէջ, վեհափառ հայրապետը, խօսելով Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան մասին, մէջբերեց Յակոբոս առաքեալին խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Մօտեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ Աստուած ինք պիտի մօտենայ ձեզի» (4.8): Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ մօտեցումն է մարդուն, որովհետեւ մարդը` Աստուծոյ զաւակը, հեռացած էր իր երկնաւոր Հօրմէն: Բեթղեհէմի ճամբով Աստուած ո՛չ միայն մարդուն հետ եղաւ, մարդուն մօտեցաւ, այլ նաեւ ուզեց, որ մարդը իր կեանքը ապրի Քրիստոսի ճամբով` համաձայն աստուածային ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ Բեթղեհէմի մէջ մարդեղացած Աստուծոյ Որդւոյն առաքելութիւնը մարդուն մէջ վերակերտելն է աստուածային պատկերը, որ կորսուած էր մեղքին պատճառով: Նոյն առաքեալը կոչ կ՛ուղղէ ըսելով. «Դուք ձեզ խոնարհեցուցէ՛ք Տիրոջ առջեւ, եւ ինք ձեզ պիտի բարձրացնէ» (4.10): Արամ Ա. կաթողիկոսը նշեց, որ Բեթղեհէմի պատգամը այսօր մեր բոլորին կոչ մըն է մօտենալու Բեթղեհէմի մէջ ծնած Աստուծոյ Որդւոյն, խոնարհելու Անոր առջեւ, որպէսզի Ան դառնայ մեր կեանքին նկարագիրը, իմաստն ու ուղղութիւն տուող ներկայութիւնը:

Ապա վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան: Ան ողջունեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը, քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւոր պետերը եւ լիբանանցի ժողովուրդը: Ան ըսաւ, թէ Լիբանանի իւրայատկութիւնը կը կայանայ համայնքային գոյակցութեան մէջ, որուն առանցքը փոխադարձ յարգանքն ու վստահութիւնն է: «Ճիշդ է, որ համայնքները տարբերութիւններ ունին, սակայն այդ տարբերութիւններէն անդին համայնքները միացնողը Լիբանանն է, Լիբանանի ընդհանրական ու գերագոյն շահերն են: Նոյն եւ մէկ հայրենիքին պատկանելիութեան նախանձախնդրութեամբ պէտք է ապրին բոլոր լիբանանցիները: Փոքր երկիր ըլլալով` Լիբանանը ուրիշներու ազդեցութեան ենթակայ է, սակայն, ուրիշներուն հետ Լիբանանի գործակցութիւնը պէտք չէ վերածուի ենթակայութեան` ի վնաս Լիբանանի շահերուն, անոր զարգացման, յառաջդիմութեան եւ նոյնիսկ ներքին միութեան», ըսաւ ան: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը իր ընդվզումը յայտնեց ի տես կառավարութեան բացակայութեան. «Կարելի չէ երեւակայել երկիր մը այս երկրագունդին վրայ, որ վեց ամիսներ շարունակ կառավարութիւն չունենայ: Կարծէք նախագահ ընտրելու, կառավարութիւն կազմելու կամ խորհրդարան ընտրելու քաղաքական անկարողութիւնն ու կամքը Լիբանանի մէջ վերածուած է բնական երեւոյթի: Հայրենիք մը էապէս իր ժողովուրդն է: Լիբանանի ժողովուրդը հաւաքական վճռակամութիւնը պէտք է ունենայ մերժելու նման անբնական երեւոյթ: Ժողովուրդին շահերը պէտք է վեր մնան անձնական, հատուածական, համայնքային ու ուրիշներու շահերէն: Լիբանանցի ժողովուրդը իր իրաւունքներուն ու արժանապատուութեան տէր պէտք է դառնայ եւ չհանդուրժէ նման կացութիւններու կրկնութիւնը», շեշտեց վեհափառ հայրապետը: Վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղեց կարելի փութով կազմելու կառավարութիւնը` առաջքը առնելու կառավարութեան մը բացակայութեան ժխտական հետեւանքներուն:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ ներկայ ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Պըրրիի անունով շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը:

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Շնորհաւորութիւններ

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Էջմիածինի Մէջ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?