
Ուրբաթ, 11 յունուար 2019-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան զինուորականներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:
Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Լիբանանի հայ համայնքը Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խորհրդակցելու առաւելաբար ապահովական եւ բանակի դերակատարութեան առնչուած հարցերու շուրջ:
Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակի դերը` զայն նկատելով Լիբանանի միութեան, գերիշխանութեան եւ արժանապատուութեան պաշտպան:


