Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յատուկ Վարժանիստ` Ազգային Վարժարաններու Մարզանքի Ուսուցիչներուն Եւ Մարզիչներուն Համար

January 14, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան ուսումնական  խորհուրդին շաբաթ, 12 յունուար 2019-ին, առաւօտեան  ժամը 10:00-էն մինչեւ  յետմիջօրէի ժամը 2:00, Ազգային միացեալ  վարժարանին մէջ տեղի  ունեցաւ մարզանքի ուսուցիչներու եւ մարզիչներու վարժանիստ, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչները եւ մարզիչները:

Օրուան բանախօսն էր 8 անգամ Լիբանանի աղեղնաձգութեան ախոյեանութեան տիրացած «Այ. Սի.» դպրոցի մարզանքի ուսուցիչ Ժիհատ Թուքան: Վարժանիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբի խմբապետ Սեւակ Քէթէնճեան:

Ժիհատ Թուքան «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուցած իր նիւթին մէջ բացատրեց մարզանքի դասապահին եւ մարզանքի ուսուցիչներուն ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը աշակերտներու մտային, ֆիզիքական եւ ուսումնական զարգացման հոլովոյթին մէջ` աւելցնելով, որ մարզանքը գիտութիւն է: Ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է մարզանքի ուսուցիչ մը պատրաստէ իր մարզանքի դասապահերը, պատրաստէ իր ծրագիրը եւ ի՛նչ չափանիշներու վրայ գնահատէ իր աշակերտներուն  աշխատանքը: Թուքան անդրադարձաւ նաեւ մարզական դաստիարակութեան կարեւորութեան` շեշտելով, թէ ինչպէ՛ս մարզանքի շնորհիւ աշակերտները հեռու կը մնան ծխախոտէն, ոգելից ըմպելիէն եւ թմրեցուցիչի գործածութենէն` հաստատելով, որ կարգ մը սերտողութիւններ ցոյց տուած են, թէ մարզանքի շնորհիւ աշակերտները աւելի բարձր նիշեր կ՛ապահովեն դպրոցին մէջ:

Իր կարգին, Սեւակ Քէթէնճեան հաստատեց, որ ներկայ աշխարհին մէջ շատ կարեւոր է աշակերտին համար մտային առողջութիւնը, որուն առաջին պատասխանատուն մարզանքի  ուսուցիչն է: Ան ըսաւ, թէ պէտք է մարզանքի  ուսուցիչները զարգացնել, որ պատրաստ ըլլան աշակերտին կողմէ որեւէ մարտահրաւէրի եւ դիմագրաւեն զայն` շեշտելով, որ մարզանքի ուսուցիչը պէտք է լաւ զարգացած ըլլայ իր մարզին մէջ, բաւարար ուսում ունենայ, ինքնավստահ ըլլայ, ինքզինք միշտ բարելաւէ, որպէսզի օգտակար դառնայ աշակերտին, երբ ան իր ուսուցիչին պէտք ունենայ:

Կարճ դադարէ մը ետք վարժարանի փակ դաշտին մէջ Թուքան տարբեր տեսակի գործունէութիւններ եւ խաղեր կազմակերպեց ուսուցիչներուն համար, իսկ Սեւակ Քէթէնճեան բացատրութիւններ տուաւ, թէ ինչպիսի՛ գործունէութիւններ կարելի է ընել մարզանքի եւ պասքեթպոլի մէջ: Ան նաեւ քաջալերեց եւ ոգեւորեց ուսուցիչները, որպէսզի գիտակցին իրենց դասաւանդած նիւթին կարեւորութեան:

Յայտնենք, որ ուսուցիչները շատ գոհ մնացին այս վարժանիստէն եւ յոյս յայտնեցին, որ կրկնուին նման նախաձեռնութիւններ:

Նախորդը

Յաջորդը

Մինչեւ Հինգշաբթի Օր Լիբանան Պիտի Մնայ Ցուրտի Ալիքներու Ազդեցութեան Տակ

RelatedPosts

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»
Գաղութային

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

October 7, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.