Գաղութային

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով.  Առաջնորդ Սրբազանը  Ընդունեց Շնորհաւորութիւններ

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Շնորհաւորութիւններ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագէն ետք, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին, ապա Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ ընդունեց շնորհաւորութիւններ: Նարեկ արքեպիսկոպոսին այցելեցին եւ շնորհաւորեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Թուէյնի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ,...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց  Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքը

Երեքշաբթի, 8 յունուար 2019-ին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը: Հոգեւոր տիրոջ կ՛ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Մանուէլ եպս. Պաթագեան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:...

Խորհրդաժողով. «Կրօնին Դերը Մետաքսեայ  Ճամբուն Վերահաստատման Մէջ

Խորհրդաժողով. «Կրօնին Դերը Մետաքսեայ Ճամբուն Վերահաստատման Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կիլիկիոյ Մէջ Հայ Եկեղեցին Կամուրջ Դարձաւ Արեւելքին Ու Արեւմուտքին Միջեւ» Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, երկուշաբթի, 7 յունուար 2019-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մետաքսեայ ճամբուն նուիրուած խորհրդակցական հանդիպում մը` «Կրօնին դերը մետաքսեայ ճամբուն վերահաստատման մէջ» խորագիրով: Այս խորհրդաժողովը առաջին հանդիպումն է Չինաստանի Մինզու համալսարանի եւ Զուիցերիոյ «ԱԿԱԲԷ» հիմնարկին նախաձեռնած ուսումնասիրութեան: Ծրագիրը առաջարկուած է Չինաստանի կառավարութեան կողմէ...

Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կիրակի, 6 յունուար 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ, նաեւ կատարուեցաւ ջրօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ ան յայտնեց, որ Ս. Ծննդեան տօնը երջանկութեան տօն է ամբողջ մարդկութեան համար, որովհետեւ Աստուած երկինքէն երկիր կը խոնարհի եւ մեզի նման մարդ կը դառնայ,...

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Մէջ Ներառական  Եւ Զգացական Կրթութեան  Ու Դարմանումի Բաժանմունքի Սարքաւորում

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Մէջ Ներառական Եւ Զգացական Կրթութեան Ու Դարմանումի Բաժանմունքի Սարքաւորում

«Ուալիտ պըն Թալալ» մարդասիրական եւ բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ այցելեց Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան «Զուարթնոց» կեդրոնը, ուր բացումը կատարեց «Զուարթնոց» կեդրոն յաճախող յատուկ կարիքներ ունեցող անհատներու ներառական եւ զգացական կրթութեան ու դարմանումի յատուկ բաժանմունքի սարքաւորման: «Զուարթնոց» կեդրոնի վերոնշեալ բաժանմունքին բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական...

«Շնորհալի» Երգչախումբը Լիբանանցի  Երաժշտասէր Հանրութիւնը  Հմայեց Ս. Ծննդեան Համերգով

«Շնորհալի» Երգչախումբը Լիբանանցի Երաժշտասէր Հանրութիւնը Հմայեց Ս. Ծննդեան Համերգով

Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուրբաթ, 4 յունուար 2019-ին, կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը Մոնոյի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ  հանդէս եկաւ Ս. Ծննդեան համերգով` ձօնուած իր հիմնադրութեան 45-ամեակին: Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի խմբավարութեամբ շուրջ 50 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը եկեղեցւոյ մէջ նախ հնչեցուց «Տէրունական աղօթք»-ը` Մակար Եկմալեանի մշակումով, որմէ ետք երգչախումբը ներկայացուց փունջ մը Ս. Ծննդեան շարականներ: Առ այդ, երգչախումբի դաշնակահար Մարիա Փալազեան-Բարսեղեանին միացաւ...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2018 թուականի դեկտեմբերի 18-ի թիւ 525-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողների Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումները մերժուել են. 21056, 21057, 20864, 19486, 21003, 21002, 20863, 19864, 20974, 19655, 21015, 19863, 20816, 20814, 20769, 20977, 20985, 20986, 20602, 21035, 20784, 20854, 19710, 19510, 19511 (շարունակելի) Լրացուցիչ մանրամասնութիւնների համար խնդրում ենք դիմել...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2018 թուականի հոկտեմբերի 29-ի թիւ 472-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն. 19878, 20827, 20872, 20917, 20896, 19967, 19966, 17152, 20722, 20048, 20897, 19720, 20699, 20588, 19688, 19586, 20355, 20743, 20862, 20758, 20895, 18027, 20733, 20802, 20592, 19506, 20902, 20855, 20767, 20811, 20687, 20901, 20867, 20790,...

Առաջնորդ Սրբազանը` Ընկերակցութեամբ  Երեսփոխան Բագրատունիի,  Այցելեց Հիւսիսային Լիբանան

Առաջնորդ Սրբազանը` Ընկերակցութեամբ Երեսփոխան Բագրատունիի, Այցելեց Հիւսիսային Լիբանան

Հիւսիսային Լիբանանի ղեկավարներուն կատարած իր այցելութեան շրջագիծին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային առաջնորդարանի տնօրէն Պարոյր Տէր Ղուկասեանի եւ Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեանի, երէկ այցելեց Պնաշյի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Ֆրենժիէի հետ տեսակցութիւնը ծանօթացման հանդիպում էր,...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 145.  «Ազդակ»-ի 2019-ի Բացառիկի Ներկայացում  Եւ Ապագայ Լրագրողներուն  Հաստատագիրներու Տուչութիւն

Մամլոյ Լսարան Թիւ 145. «Ազդակ»-ի 2019-ի Բացառիկի Ներկայացում Եւ Ապագայ Լրագրողներուն Հաստատագիրներու Տուչութիւն

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, երէկ` ուրբաթ, 4 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարուան բացառիկի ներկայացումը, ինչպէս նաեւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու վարժողական ծրագիրին հետեւած երիտասարդներուն հաստատագիրներու տուչութիւն: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ-բացառիկ»-ի խմբագիր եւ «Ապագայ լրագրողներու» վարժողական ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան, որ աւանդական բնոյթ ստացած հաւաքը առիթ նկատեց մէկզմէկու շնորհաւորելու, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու բոլոր անոնց,...

«Շնորհալի» Երգչախումբի  Ս. Ծննդեան Համերգը

«Շնորհալի» Երգչախումբի Ս. Ծննդեան Համերգը

Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, «Շնորհալի» երգչախումբի 45-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 4 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սեն Ժոզեֆ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ` կատարողութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին: Համերգի մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Աւետարանական  Համայնքին Պետն Ու Երեսփոխանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Աւետարանական Համայնքին Պետն Ու Երեսփոխանը

Հինգշաբթի, 3 յունուար 2019-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց աւետարանական համայնքի պետ վեր. Հապիպ Պատրը` ընկերակցութեամբ նոյն համայնքի պետական երեսփոխան դոկտ. Էտկար Թրապուլսիի: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ տեսակէտներ փոխանակելու ընդհանրապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու առնչուած հարցերու մասին: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու անյետաձգելի հրամայականը: Վեհափառ հայրապետը  յատկապէս...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները  Խանդավառութեամբ Կը Սկսին Նոր Տարին

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Խանդավառութեամբ Կը Սկսին Նոր Տարին

Զոյգ Խրախճանքներ` Կրտսեր Եւ Երէց Պատանեկան Միութիւններուն Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՅԴ Լիբանանի պատանիները միասնաբար դիմաւորեցին Նոր տարին` ընկերային հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտը սփռելով պատանեկան միութիւններուն, ընկերներուն եւ ընտանիքներուն մօտ: Պատանեկան միութիւններու Ամանորի առանձին խրախճանքներուն թէ անոնց համար կոմիտէութիւններուն կազմակերպած խրախճանքներուն զուգահեռ, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային յանձնախումբին կազմակերպած ընդհանուր խրախճանքներն ու տօնական առիթներու ձեռնարկները...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Տօնական օրերուն առիթով` հինգշաբթի, 3 յունուար 2019-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան անդամները, ընկերակցութեամբ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեանին, շնորհաւորական այցելութիւն տուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին: Շրջանային վարչութիւնը վեհափառ հայրապետին հետ արծարծեց ԼՕԽ-ի յառաջիկայ եւ ընթացիկ բարեսիրական ծրագիրները, լիբանանահայ գաղութի ընկերային կեանքը յուզող տագնապները եւ առկայ իրավիճակի...

Տօնական Մթնոլորտի Մէջ.  Աւելի Քան 400 Մանուկներ  Եւ Պատանիներ Տօնեցին «Սպիտակ Ծնունդը»

Տօնական Մթնոլորտի Մէջ. Աւելի Քան 400 Մանուկներ Եւ Պատանիներ Տօնեցին «Սպիտակ Ծնունդը»

Երէկ` հինգշաբթի, 3 յունուար 2019-ին, տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Արդարեւ, աւելի քան 400 մանուկներ եւ պատանիներ, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն, եկած էին տօնելու «Սպիտակ ծնունդը»` «Քազատու» խումբին եւ Ռիմին հետ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին հովանաւորութիւնը վայելող եւ Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս աննախընթաց ձեռնարկը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ` ուրախ եւ...

Նոր Տարուան Աղօթք

Նոր Տարուան Աղօթք

Սիրելի՛ հայորդիներ, Կը յորդորենք ձեզ, որ 31 դեկտեմբեր 2018-ի կէս գիշերին, երբ 1 յունուար 2019-ով սկսող Նոր տարին պիտի դիմաւորէք, ձեր խրախճանքին կարճ դադար մը տաք եւ հաւաքաբար այս աղօթքով Աստուծոյ գոհութիւն յայտնէք անցեալ տարուան համար ու նոր ակնկալիքներով բացուիք գալիք տարուան. Օրհնեալ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս: Ամէն: Հայր մեր, որ յերկինս ես, սո՜ւրբ եղիցի անուն քո: Եկեսցէ արքայութիւն քո....

Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Մէջ.  Սեւակ Քհնյ. Վասիլեան Աւագութեան Աստիճան Ստացաւ

Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Մէջ. Սեւակ Քհնյ. Վասիլեան Աւագութեան Աստիճան Ստացաւ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, երէկ` կիրակի, 30 դեկտեմբեր 2018-ին, Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան մէջ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ եւ ՀՄԸՄ Ռաուտայի սկաուտներուն ընկերակցութեամբ, ՀՅԴ «Շուշի» ակումբի կողքին, տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն սրբազան հօր` ներկայութեամբ շրջանի մարմիններուն, թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբին եւ ժողովրդային բազմութեան: Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան մէջ պատարագեց եւ քարոզեց ծուխի հովիւ Սեւակ քհնյ. Վասիլեան:...

13 Վարժարաններէ 38 Մրցանակակիրներ Ստացան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ Գրենք» Մրցանքին Մրցանակները

13 Վարժարաններէ 38 Մրցանակակիրներ Ստացան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Անսխալ Գրենք» Մրցանքին Մրցանակները

Ահաւասիկ 15-րդ տարին է, որ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ը կը կազմակերպէ «Անսխալ գրենք» մրցումը: 28 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը հաւաքուած էին  մրցումին մրցանակակիր աշակերտները իրենց ծնողներուն հետ: Բարի գալուստի բացման խօսքով Սրբուկ Ճենանեան նախ բարձր գնահատեց մրցումին մասնակից աշակերտներուն ճիգն ու յարատեւութիւնը. ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ ի մասնաւորի փոքրիկ մրցանակակիրներուն,...

«Թզուկներու Փնտռտուք» Խորագրեալ  Կաղանդի Հանդիսութիւն` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ»  Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

«Թզուկներու Փնտռտուք» Խորագրեալ Կաղանդի Հանդիսութիւն` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, գործակցութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 28 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը ողողուած էր մանուկներով եւ պատանիներով, որոնք ժամադրուած էին Կաղանդ պապուկին հետ, որ հասաւ այդ առիթով պատրաստուած Կաղանդի գեղարուեստական յատուկ տօնակատարութեան աւարտին: Բեմադրութեամբ Հրայր Գալեմքէրեանի, կատարողութեամբ «Արեգ» թատերական դպրոցին, մասնակցութեամբ «Գայեանէ» պարախումբին...

Page 207 of 365 1 … 206 207 208 … 365

Արխիւներ