Կիրակի, 15 մարտ 2026-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հակադաշնակցական պայքարի զոհ եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի նախկին ներկայացուցիչ Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան 40-րդ տարելիցին առիթով: Ապա ժողովուրդը ուղղուեցաւ «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի «Զաւէն Թաշճեան» սրահ, ուր կատարուեցաւ յիշատակի հաւաք:
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անունով խօսք առաւ Յակոբ Այնթապլեան, որ նախ անդրադառնալէ ետք ընկեր Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան 40-րդ տարելիցին առիթով նախատեսուած ձեռնարկի յետաձգման պայմաններուն, ըսաւ, որ նահատակ ընկերոջ հոգեհանգստեան արարողութեան նշումը ազգին ու հայրենիքին ծառայելու մեր ուխտին վերանորոգումն է:
Ան շեշտեց. «Նահատակ ընկերոջ շունչն ու ոգին յաւերժ ներկայ են այս սրահէն ներս եւ թոյլ չեն տար, որ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ»-ի ընկերները մեր ժողովուրդի ծառայութեան ի խնդիր անարդար որոշումներ կայացնեն… Այլապէս ալ ընկեր Զաւէն Թաշճեան մեր երկնակամարին վրայ կը մնայ իբրեւ փայլուն աստղ ու օրինակ` աննկուն կամքով ու նախանձախնդրութեամբ նուիրուելու ու անշահախնդրօրէն ծառայելու մեր ազգին ու հայրենիքին…»:
Սրտի խօսքեր արտասանեցին նաեւ ընկերներ Վարդգէս Խօշեան եւ Զաքար Քէշիշեան:



