Գաղութային

Նայակարա Ջրվէժը Լուսաւորուեցաւ «Եռագոյն»-ով

Նայակարա Ջրվէժը Լուսաւորուեցաւ «Եռագոյն»-ով

Սեպտեմբեր 21-ի` երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 29-րդ տարեդարձին առիթով, Նայակարա ջրվէժը լուսաւորուեցաւ հայկական դրօշի գոյներով: Այս մտայղացումը կարելի եղաւ իրագործել շնորհիւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ «Նայակարա Փարք» կոմիտէի համատեղ ջանքերուն։

Ազգային Առաջնորդարանը Կը Ստանձնէ Հոգեբանական Բարդութիւններ Ունեցողներու Դարմանումի Հարցերը Հետապնդելու Պարտականութիւնը

Ազգային Առաջնորդարանը Կը Ստանձնէ Հոգեբանական Բարդութիւններ Ունեցողներու Դարմանումի Հարցերը Հետապնդելու Պարտականութիւնը

Նախաձեռնութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին, երկուշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2020-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` ծանօթանալու համար հոգեբանական բարդութիւններ ունեցող հայորդիներու վիճակին: Այս պարագաները առհասարակ աննկատ կը մնան մեր հաւաքականութեան համար, եւ  պատահականօրէն յանձնուելով բուժարաններու հոգատարութեան` անոնց հանդէպ մեր հաւաքականութեան ունեցած պատասխանատուութեան խնդիրը կը մնայ  բոլորովին անորոշ: Հաւաքի սկզբնաւորութեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան յայտնեց,...

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Գուժէ Ընկեր Մանաս Պուճիքեանի Մահը

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Գուժէ Ընկեր Մանաս Պուճիքեանի Մահը

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն մեծ վիշտով կը գուժէ մահը վաստակաշատ անդամ, նուիրեալ գործիչ եւ առատաձեռն բարերար ընկեր Մանաս Պուճիքեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2020ին: Ընկեր Մանաս Պուճիքեանի՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, համայնքին եւ Հայ Դատին մատուցած նպաստը եւ ներդրումները անհամար են: ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն մեծ վիշտով կը գուժէ մահը վաստակաշատ անդամ, նուիրեալ գործիչ եւ առատաձեռն բարերար...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 29-ամեակին Նուիրուած Հանրապետական Մաղթանք

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 29-ամեակին Նուիրուած Հանրապետական Մաղթանք

Կիրակի, 20 սեպտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիսապետեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ պատարագին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի յուշակոթողին առջեւ կատարուած Հանրապետական մաղթանքին: Ս. պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ դեսպանատան աշխատակազմը, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ ու...

Հարցադրում` Դոկտ. Ամատունի Վիրաբեանի Պաշտօնազրկման Առիթով

Հարցադրում` Դոկտ. Ամատունի Վիրաբեանի Պաշտօնազրկման Առիթով

Վերջերս Հայաստանի ազգային արխիւներու (ՀԱԱ) տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան հեռացուած է` Արդարադատութեան նախարարի հրամանով: Հակառակ անոր որ հարցին վերաբերող  ամբողջական տեղեկութիւնները չունինք, սակայն կը զարմանանք տրուած պատճառին ի լուր: Կը նկատենք, որ Ամատունի Վիրաբեանին չի վերագրուիր անձնական չարաշահում, եւ եթէ սխալ մը կատարուած է` դատարանին կողմէ հաստատուած չէ:  Կը նկատենք նաեւ, որ քանի մը տարի առաջ որոշ անձերու կողմէ ճիգ ի...

Մահացաւ Հայաստանի Առողջապահութեան Նախկին Նախարար Նորայր Դաւիթեանը

Մահացաւ Հայաստանի Առողջապահութեան Նախկին Նախարար Նորայր Դաւիթեանը

Մահացաւ բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի առողջապահութեան նախկին նախարար Նորայր Դաւիթեանը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին Դիմատետրի իր էջով  տեղեկացուց Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան բժշկական համալսարանի աշխատակազմի ղեկավար Շուշան Դանիէլեանը: Նորայր Դաւիթեան 2003-2007 թուականներուն եղած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար: ՀՅԴ-ի անդամ է: Ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ եւ պետական պարգեւներ: Այս առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակած է ցաւակցագիր մը,  որուն մէջ կ՛ըսուի....

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Յայտարարութիւն. «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունքին Մէջ

Երեքշաբթի, 22 սեպտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր 2020, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00, Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը կազմակերպէ «ԱՆՎՃԱՐ ՀԱԳՈՒՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀ» ծրագիրը: Յաջորդական չորս օրերու ընթացքին առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը անվճար կերպով մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ պիտի դնէ բոլորովին նոր կամ լաւ վիճակի մէջ եղող տարբեր տարիքներու հագուստեղէն, որոնք անցնող...

«Ճակատագրի Սեւ Կատուն». Սուրիահայ Գրող Յակոբ Միքայէլեան Երեւանի Մէջ Ներկայացուց Իր Նոր Գիրքը

«Ճակատագրի Սեւ Կատուն». Սուրիահայ Գրող Յակոբ Միքայէլեան Երեւանի Մէջ Ներկայացուց Իր Նոր Գիրքը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սուրիահայ գրող Յակոբ Միքայէլեան, որ արդէն իսկ Հայաստան կը բնակի, իր ընթերցողներուն դատին յանձնեց «Ճակատագրի Սեւ Կատուն» վիպակը:  Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ  Հայաստանի գրողներու միութեան մէջ։ «Ուրախ եմ, որ կարդացի այս գիրքը, որում արտայայտեւած է հեղինակի ջանքն ու տաղանդը: Գրքում ներառուած են գործեր, որոնք ինձ շատ են տպաւորել, որոնցում ներկայացուած են Սիրիայում տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ներքին անցուդարձը», նշեց...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերը Կազմակերպ Են Ու Կենսունակ` Հակառակ Ներկայ Դժուար Պայմաններուն»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերը Կազմակերպ Են Ու Կենսունակ` Հակառակ Ներկայ Դժուար Պայմաններուն»

Այս հաստատումը կատարեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն հետ ունեցած իր առցանց խորհրդակցութիւններէն ետք: Արդարեւ, վեհափառ հայրապետը իւրաքանչիւր թեմի հետ առանձնաբար աւելի քան ժամ մը առցանց խորհրդակցութիւն ունեցաւ` թեմակալ առաջնորդին ու Ազգային վարչութեան ատենապետին հետ միատեղ: Խորհրդակցութեան ընթացքին նախ թեմի պատասխանատուները զեկուցեցին կատարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, ապա վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին...

Համազգայինը` Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Հաղորդագրութիւն

Մեր օրերուն, բոլորս ամէնուր կ՛ապրինք տաժանելի կացութիւններ, յատկապէս թագաժահր համավարակի պարտադրած արգելքները, իսկ Լիբանանի պարագային,  4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ծագած աղէտն ու անոր հետեւանքները: Այս պայմաններուն մէջ, Համազգայինը չէ դադրեցուցած իր մշակութային եւ կրթական գործունէութիւնը, շնորհիւ մեր Շրջանային վարչութիւններու, Մեկուսի կազմերու, մասնաճիւղերու, գեղարուեստի դպրոցներու եւ Ճեմարաններու անդուլ եւ նուիրական ճիգերուն: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այսօր հանդէս կու գանք...

«Լիբանանահայութեան Վերակազմակերպումը Եւ Վերակենսաւորումը Համահայկական Իմաստ Ու Նշանակութիւն Ունի» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Լիբանանահայութեան Վերակազմակերպումը Եւ Վերակենսաւորումը Համահայկական Իմաստ Ու Նշանակութիւն Ունի» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Ազգային միացեալ վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ հետեւեցաւ մարմինի տարած աշխատանքին: Կաթողիկոսարանի CiliciaTV-ին ճամբով ան իր հայրական խօսքն ու թելադրութիւնը փոխանցեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք վեհափառ հայրապետին պատգամը: Ես կ՛ուզեմ այս առիթով կարեւորութեամբ հինգ կէտեր շեշտել.- 1) Կ՛ուզեմ իմ բարձր...

Յարձակում Մը Եւս Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Կեդրոնին Վրայ

Յարձակում Մը Եւս Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Կեդրոնին Վրայ

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ կեդրոնին մէջ անյայտ անձեր հրդեհ յարաջացուցած են, նիւթական մեծ վնաս պատճառելով, կը տեղեկացնէ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը։ Հայ կեդրոնին մէջ կայ «Վասպուրական» սրահը եւ եկեղեցոյ ու շրջանի կազմակերպութիւններու գրասենեակները։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը եւ համայնքի ղեկավարութիւնը, համագործակցութեամբ քաղաքի հրշէջներուն եւ օրինապահ մարմիններուն՝ կը հետապնդեն ազգային...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Անվճար Ուսման Կարելիութիւն Լիբանանահայ Ազգային Վարժարաններէ Ներս

Այս տարի, իւրայատուկ պայմաններու մէջ կը դիմաւորենք կրթական տարեմուտը եւ հետեւաբար, քաջածանօթ ըլլալով մեր ծնողներուն դիմագրաւած տեսակաւոր հարցե-րուն ու դժուարութիւններուն, Ազգ. Վարչութիւնը վճռեց 2020-2021 կրթական տարեշրջանին, Լիբանանահայ ազգային վարժարաններէն ներս անվճար ուսման կարելիութիւն ստեղծել բոլոր աշակերտներուն համար: Ուստի, այս առթիւ նախ կոչ կ՛ուղղենք հայ ծնողքին, թելադրելով, որ անպայմանօրէն իրենց զաւակներուն քայլերը ուղղեն դէպի Ազգային Վարժարան, որպէսզի Հայ դպրոցի հարազատ միջավայրին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2020-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան եւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին Լիբանան այցելութեան առնչուած հարցեր:

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Հաղորդագրութիւն` Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի 81-րդ Շրջանային Ժողովի

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի 81-րդ Շրջանային Ժողովը կայացաւ Տեսինի մէջ, 11-12-13 Սեպտեմբեր 2020-ին:   Արեւմտեան Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ եւ Ֆրանսայի տարբեր շրջաններէ ընտրուած պատգամաւորներու եւ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան երիտասարդական միաւորին` Նոր Սերունդին եւ ուղեկից միութիւններուն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, ժողովը քննարկեց Եւրոպայի տարածքին ներազգային, ընկերային, համայնքային, քաղաքական խնդիրներ, ինչպէս նաեւ ներկազմակերպական աշխատանքներու գծով կուսակցութեան որդեգրելիք ռազմավարութեան առնչուող հիմնական հարցեր:...

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց  Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը

Երեքշաբթի, 15 սեպտեմբեր 2020-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. հոգեւոր տէրը` ընկերակցութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Շահան արք. Սարգիսեանն ու Մակար եպս. Աշգարեանը: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման առանցքը դարձան Լիբանանի հայութեան վերականգնումի աշխատանքները եւ միջհամայնքային գործակցութեան կենսական կարեւորութիւնը:

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ  Համախմբման Աշխատանքներու Վերամեկնարկը

Յայտարարութիւն Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Լրագրողներու Տարածաշրջանային Երրորդ Առցանց Ժողովը – Ամերիկաներ Եւ Աւստրալիա

Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդը հիմնուելով 29 Փետրուար – 1 Մարտ Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, կը շարունակէ կազմակերպել տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ։ Առաջին հերթին 30 Յուլիս 2020-ին արդէն իսկ յաջողութեամբ կայացաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու հետ առցանց հանդիպումը։ Նոյնանման յաջողութեամբ կայացաւ նաեւ տարածաշրջանային մեր երկրորդ առցանց ժողովը՝ նուիրուած Եւրոպայի հայկական լրատուամիջոցներուն: Մեր երրորդ առցանց հանդիպումը...

Մահացաւ Դաշնակցական Գործիչ Եւ Մտաւորական Վարանդ Փափազեան

Մահացաւ Դաշնակցական Գործիչ Եւ Մտաւորական Վարանդ Փափազեան

Շաբաթ օր ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը կորսնցուց իր կուսակցական վաստակաշատ գործիչներէն, դաշնակցական գաղափարական աւանդներուն հաւատարիմ մտաւորականներէն Վարանդ Փափազեանը, որ տասնամեակներ շարունակ, դաշնակցական մեծ գործի թոհուբոհին մէջ, յայտնի դարձաւ իր սկզբունքայնութեամբ, գաղափարական համոզումներէն անշեղ մնալու տոկունութեամբ: Վարանդ Փափազեանին աւանդը անմոռանալի պիտի մնայ մասնաւորաբար իր գաղափարական կուսակցական գործիչ ըլլալու հանգամանքով: Այս հանգամանքին բերումով ալ, ան տարիներ շարունակ մաս կազմեց կուսակցական կազմաւորման եւ...

Մահազդ

Մահազդ

  Հ.Յ.Դ. Բիւրոն խոր վշտով տեղեկացնում է վաստակաշատ դաշնակցական, մտաւորական, երկարամեայ կուսակցական գործիչ ընկեր Վարանդ Փափազեանի մահը։ Ընկեր Վարանդը մտաւորականի իր բարձր մակարդակով, անխոնջ աշխատանքով, անմնացորդ նուիրուածութեամբ՝ մեծ ներդրում ունեցաւ դաշնակցական գործի յառաջընթացում։ Նա օրինակ էր և կը մնայ որպէս այդպիսին՝ դաշնակցական սերունդների համար։ Հ.Յ.Դաշնակցութեան անունից մեր ցաւակցութիւնն ենք յայտնում ընկեր Վարանդի ընտանիքին, հարազատներին և ընկերներին։ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ 12 Սեպտեմբեր,...

ԿՈՉ  Արտասահմանի Լիբանանահայերուն.  Արձանագրուեցէ՛ք Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Համար

Մահազդ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ, «Ազդակ»-ի նախկին տնօրէն, վաստակաշատ կուսակցական գործիչ ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 12 սեպտեմբեր 2020-ին:  

Page 153 of 365 1 … 152 153 154 … 365

Արխիւներ