Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

September 19, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր օրերուն, բոլորս ամէնուր կ՛ապրինք տաժանելի կացութիւններ, յատկապէս թագաժահր համավարակի պարտադրած արգելքները, իսկ Լիբանանի պարագային,  4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ծագած աղէտն ու անոր հետեւանքները: Այս պայմաններուն մէջ, Համազգայինը չէ դադրեցուցած իր մշակութային եւ կրթական գործունէութիւնը, շնորհիւ մեր Շրջանային վարչութիւններու, Մեկուսի կազմերու, մասնաճիւղերու, գեղարուեստի դպրոցներու եւ Ճեմարաններու անդուլ եւ նուիրական ճիգերուն:

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ այսօր հանդէս կու գանք նոր նախաձեռնութեամբ մը, մէկ կողմէ մեր մշակութային երթը վառ պահելու եւ միւս կողմէ` պատուելու հայ մեծանուն գրող, բանաստեղծ եւ կրթական մշակ Մուշեղ Իշխանը, որուն մահուան 30-ամեակն է այս տարի:

Արդ, աշխարհասփիւռ հայ հանրութեան կը ներկայացնենք հայկական երգացանկին վրայ մեր յաւելումը, որ իրականացաւ Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն հայ արուեստագէտներու համախմբումով: Միասնական այս աշխատանքին արդիւնքը եղաւ Մ. Իշխանի «Հայ հոգին» բանաստեղծութեան երգի վերածումը, յօրինմամբ հայրենի երաժիշտ Արմէնուհի Կարապետեանի եւ կատարմամբ 26 հանրածանօթ երգիչներու եւ երաժիշտներու: Առանց անոնց սիրայօժար մասնակցութեան, մեր նախաձեռնութեան իրականացումը անկարելի պիտի ըլլար:

Այսօր երգն ու անոր տեսերիզը պատրաստ են,  եւ անոնց անդրանիկ հրապարակումը տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին կազմակերպած «Քեզի համար Լիբանան» առցանց երաժշտական յայտագիրէն, շաբաթ 19 սեպտեմբեր 2020-ին, Քալիֆորնիոյ ժամով երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

Մ. Իշխանի հայկական էութիւնը սահմանող բանաստեղծութեան երաժշտական տարազ տալով, վստահ ենք, որ յիշարժան բանաստեղծն ու այս նոր երգը հայ իրականութեան մէջ պիտի ապրին երկար:

Անգամ մը եւս հրապարակաւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր արուեստագէտներուն, որոնք արձագանգեցին մեր հրաւէրին եւ նուիրումով մասնակցեցան այս ծրագիրի իրականացման աշխատանքին:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերը Կազմակերպ Են Ու Կենսունակ` Հակառակ Ներկայ Դժուար Պայմաններուն»

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.