Սեպտեմբեր 21-ի` երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 29-րդ տարեդարձին առիթով, Նայակարա ջրվէժը լուսաւորուեցաւ հայկական դրօշի գոյներով: Այս մտայղացումը կարելի եղաւ իրագործել շնորհիւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ «Նայակարա Փարք» կոմիտէի համատեղ ջանքերուն։