Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցադրում` Դոկտ. Ամատունի Վիրաբեանի Պաշտօնազրկման Առիթով

Սեպտեմբեր 21, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս Հայաստանի ազգային արխիւներու (ՀԱԱ) տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան հեռացուած է` Արդարադատութեան նախարարի հրամանով: Հակառակ անոր որ հարցին վերաբերող  ամբողջական տեղեկութիւնները չունինք, սակայն կը զարմանանք տրուած պատճառին ի լուր: Կը նկատենք, որ Ամատունի Վիրաբեանին չի վերագրուիր անձնական չարաշահում, եւ եթէ սխալ մը կատարուած է` դատարանին կողմէ հաստատուած չէ:  Կը նկատենք նաեւ, որ քանի մը տարի առաջ որոշ անձերու կողմէ ճիգ ի գործ դրուեցաւ զայն պաշտօնէն հեռացնելու, եւ երկար քննութիւններէ ետք ամբաստանութիւնները անհիմն նկատուեցան: Ա. Վիրաբեանը գող-աւազակի նման արագօրէն գործէն դուրս դրուիլը` նախարարութեան որոշումով,  զարմանալի կը գտնենք, մանաւանդ որ անոր` թոշակի անցնելուն մնացած էր քանի մը ամիս:

Մենք` Հայաստանի Հայոց ցեղասպանութեան նախագահական մրցանակի յանձնաժողովի անդամներս, տասը տարիէ ի վեր կ՛աշխատինք Ամատունի Վիրաբեանին հետ. առիթ ունեցած ենք չափելու եւ վայելելու մարդկային իր յատկութիւնները` ազնուութիւնը եւ պարկեշտութիւնը: Իբրեւ պատմաբան կամ արեւելագէտ առիթ ունեցած ենք նկատելու նաեւ, թէ ինչպէ՛ս Ամատունի Վիրաբեան սրտանց եւ անձա՛մբ սատարած է իր հաստատութեան զարգացման, հակառակ բազմապիսի եւ բաւական դժուար պայմաններու. անդրադարձած ենք, թէ որքա՛ն դիւրացուցած է հետազօտողներուն գործը, օգնած է ուսանողներու` ըլլան անոնք Հայաստանէն թէ արտասահմանէն: Մէկ անգամուան համար իսկ նոյնիսկ դժգոհութեան շշուկ չենք լսած անոր մասին:

Մեզի համար անընդունելի է տեսնել այսպիսի կոշտ եւ անյարգալից վերաբերում  տասնեակ տարիներ ծառայած անձի մը նկատմամբ:  Կ՛ուզենք հաւատալ, որ անցեալի շրջանակներու աշխատելակերպի փոփոխութեան ձգտող նոր իշխանութիւնները ի վիճակի են զանազանելու ցորենը որոմէն եւ ատակ են պէտք եղած յարգանքը մատուցանելու Ամատունի Վիրաբեանի նման արժանաւոր մարդոց:

ԴՈԿՏ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
(Քալիֆորնիոյ Պըրքլի համալսարանի հայկական ծրագիրի տնօրէն )

ԴՈԿՏ. ՌԷՅՄՈՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
(Հետազօտութեան պատուաւոր տնօրէն` աշխարհաքաղաքականութեան
ֆրանսական կաճառին մէջ)

ՏՈՔԹ. ՓԻԵԹՐՕ ՔԻՒՉԻՒՔԵԱՆ
(Գրող եւ հրապարակախօս, Միլանօ)

 

Նախորդը

Հայու Միակ Հայրենիք՝ Անկախութիւնդ Շնորհաւոր

Յաջորդը

Անկախութիւնը` Առաքելութիւն Մը, Որուն Համար Արժէ Ապրիլ

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?