Շաբաթ, 24 հոկտեմբեր 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանին: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ Համազգայինի աշխարհատարած մասնաճիւղերու գործունէութիւնը` կրթական ու մշակութային մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները «Քորոնա» ժահրի համավարակին ստեղծած ներկայ դժուար պայմաններուն:
Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմին, անոր հետեւանքներուն եւ միասնական ճիգով Արցախը պաշտպանելու հրամայականին: